Ներսէս Շնորհալիի պատասխանը Յոյներու Տէր Միքայէլ Պատրիարքին
Ս. Ներսէս Շնորահալի Կաթողիկոս 1170 Հոկտեմբեր ամսին կայսերական բանագնացներու՝ Թէոռիանոս մագիստրոսի եւ Յովհաննէս Ութմանի միջոցով պաշտօնական պատասխան կ՚ուղարկէ յոյներու Կիռ Մանուէլի կայսրին, արտայայտելով իր տրամադրութիւնը եւ միաժամանակ անձնական նամակով մը յայտնելով իր խոր համոզումը եւ նուիրումը եկեղեցիներու միութեան գործին։ Այսպիսի անկեղծ տրամադրութենէն քաջալերուած կայսրը երկու տարի ետք կը պատասխանէ կցելով նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարք Տէր Միքայէլի նամակը, որ յոյն հոգեւորականներու ժողովին կողմէ ինը պայմաններ կը ներկայացնէր ցանկալի միութեան իրականացման համար։ 1173ի Փետրուար 20ին Հռոմկլայի մէջ Շնորհալի Հայրապետը կ՚ընդունի կայսերական պատուիրակութիւնը՝ եւ իր շուրջ համախմբած եպիսկոպոսներով կը քննարկէ առաջարկները։ Մինչեւ Մարտ 11 կը տեւեն բանավէճերը, որոնց ընթացքին յոյն դեսպանները կը գաղտնազերծեն Կաթողիկոսի կայսրին ուղարկած անձնական նամակի մասին, ինչ որ ժողովական եպիսկոպոսներուն մօտ մեծ շփոթմունք եւ վարանում կ՚առաջացնէ։ Շնորհալի շատ կը տխրի, որովհետեւ եկեղեցւոյ միութեան գործընթացը հեշտացնելու լաւագոյն դիտաւորութեամբ կատարած արարքը՝ շատերու միտքը պղտորելու պատճառ դարձած էր։
Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքին պատասխան նամակը շատ պաշտօնական բնոյթ ունի։ Հասցէատիրոջ ողջունելու բանաձեւէն ետք Հայրապետը երկու մասով կը վերլուծէ հարցը եւ ապա եզրափակելով իր նամակը կը ողջունէ սոյն հակիրճ բանաձեւով՝ «Ողջ լեր»։
Առաջին մասին մէջ եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանի աստուածապարգեւ խաղաղութիւնը կը նկարագրէ, երբ «բոլորին մէջ ի վերուստ մէկ Հոգի հեղուած էր... եւ բոլորը Քրիստոսին էին»։ Կը յայտնէ որ «մանկութենէս սիրելի էր ինծի այս խաղաղութիւնը, որուն կը բաղձայի հասնիլ», ու կը նկարագրէ թէ ինչպէս ականատես եղած էր, շատ հաւանաբար Սեաւ լերան վանականներու, իմաստուն վարդապետներու հանդիպման, «որոնց պէտք էր միայն կատարելութեան զօդը՝ սէրը, խաղաղութեան մայրը եւ ոչ թէ, Առաքեալի ըսածին պէս, Քրիստոսի խաչին ունայնացուցիչ՝ խօսքի ճարտարութիւնը... որովհետեւ բարութիւններէն ոչինչ զուգահաւասար է ճշմարիտ խաղաղութեան»։
Երկրորդ մասին մէջ Շնորհալի կ՚արտայայտէ թէ բնական կը գտնէ որ յոյներու Պատրիարքը հետամուտ ըլլար եկեղեցւոյ միութեան, իրեն նման Աստուծմէ ստացած ըլլալով տնտեսվարելու, դաստիարակելու, բժշկելու եւ յատկապէս հայրական խնամքով գուրգուրալու պարտականութիւնը։
Եզրափակելով կը շեշտէ թէ միայն երկուստեք եկեղեցկան համագումար ժողով մը կրնայ ընթացք տալ, «հաւաքուած Տիրոջ ներկայութեան, որ խաղաղութեան խօսքը պարգեւէ բոլորի մտքին ու լեզուին, ...ուր բոլորը, Աստուծոյ Հոգիին խորհրդակցութեամբ հոգիներու կառուցման մասին խօսին»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ