Որոնել

2024.04.21 Visite del Patriarca Minassian al Patriarca Yazigi e al vescovo di Tripoli dei maroniti

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեանի պատմական այցելութիւնը Ն. Ա. Եազիժի Պատրիարքին

Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած այս պատմական այցելութեան ընթացքին երկու Հոգեւոր Պետերը քննարկեցին Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս ալ քրիստոնեաներու ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ։ Անոնք նաև արծարծեցին ընդհանուր եկեղեցական հարցեր։

Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ն.Ա. Եուհաննա Ժ. Եազիժի Պատրիարքին, Պալամանտի պատրիարքարանին մէջ, ընկերակցութեամբ՝ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդ Գերպծ. Հ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Նորատունկեանի, Պատրիարքական Թեմին նորընտիր օգնական եպիսկոպոս Գերպծ. Հ. Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի, Պատրիարքարանին տեղակատուական գրասենեակին պատասխանատու Գերյ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեանի, Գերպծ. Հ. Նարեկ Թ.Ծ.Վ. Նաամոյեանի, Գերպտ. Հ. Արամ Վրդ. Աբրահամեանի, Արժ. Տ. Րաֆֆի Քհնյ. Յովհաննէսեանի եւ Պատրիարքարանին արտաքին յարաբերութիւններուն պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրիի, ներկայութեամբ՝ Պալամանտի Տիրամօր վանքին մեծաւոր Գերյ. Ժորժ Եագուպի եւ այլ քահանաներու ու պաշտօնեաներու:

Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած այս պատմական այցելութեան ընթացքին երկու Հոգեւոր Պետերը քննարկեցին Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս ալ քրիստոնեաներու ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ։ Անոնք նաև արծարծեցին ընդհանուր եկեղեցական հարցեր։

Հանդիպումէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտնեց. «Մեզի համար պատիւ է այցելել մեր մեծ եղբօր՝ Ն. Ա. Եուհաննա Պատրիարքին, որովհետեւ մեր կրօնը սիրոյ կրօնն է: Զինքը շնորհաւորեցինք հրաշափառ տօներուն առիթով, որովհետեւ Քրիստոս օրական յարութիւն կ'առնէ մեր կեանքին ու սրտերուն մէջ: Մեր առաքելութիւնը սէրն է: Ինչպէս նաեւ անդրադարձանք եկեղեցական հարցերու եւ ընկերային մարզին, գոյատեւումին ու հողին կառչած մնալու խնդիրներուն»:  

Աղբիւրը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2024, 12:44