Ռատիովատիկանի մատրան մէջ Հայածէս ձայնաւոր սուրբ պատարագը նուիրուեցաւ հայոց նահատակներուն
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Կիրակի 21 Ապրիլ 2024ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին Վատիկան Ձայնասփիւռի յայտագիրներու արտադրման կեդրոն՝ Պիոս ԺԱ. Հռոմի Պապին անունը կրող պալատի Սուրբ Կոյս Մարիամի Աւետման նուիրուած մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Հայածէս ձայնաւոր սուրբ պատարագ, որ սփռուեցաւ ուղիղ եթերով` Ռատիովատիկանի ալիքներով։
Սուրբ Զոհը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզը ներկայացուց` Լեւոնեան Քահանայապետական Հայկական Վարժարանի մեծաւոր Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վ. Գույումճեան, մինչ պատարագի սպասաւորութիւնն ու երգեցողութիւնը ապահովեցին Լեւոնեան Ք. Վարժարանի նորընծաները։ Արարողութեան մասնակցեցան Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան միաբանակիցներ եւ Հռոմաբնակ հայեր։
Կիրակի 21 ապրիլի պատարագը նուիրուեցաւ Հայոց Մեծ Եղեռնի բիւրաւոր նահատակներուն։ Արդարեւ պատարագին սկիզբը տեղեկացուեցաւ, որ Սուրբ Զոհը «կը մատուցի յառաջիկայ օրերուն նշուելիք Ապրիլեան Նահատակներու յիշատակին Ամենողորմ Աստուծմէ հայցելով, որ պահապան կանգնի հայ ժողովուրդի զաւակներուն» իսկ սուրբ զոհի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ պատարագիչ գերյարգելին, որ օրուան պատգամը նուիրեց` «կարմիր կիրակիին» նախ նշեց, որ «Կարմիրը արեան գոյնը ըլլալով, յարմար ժամանակ է առաջին քրիստոնեայ նահատակներու յիշատակը մեծարելու» աւելցնելով նաեւ որ «Կարմիր Կիրակին կը խորհրդանշէ հաւատքի զօրացումը եւ տարածումը մեր Տիրոջ Յարութենէն ետք»։
Վեց կէտերու մէջ ամփոփելէ ետք կարմիր կիրակիին պատգամը Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վ. Գույումճեան ըսաւ. «Այսօր, նկատի առնելով որ Ապրիլ 24 ի սեմին կը գտնուինք, տեղին է նաեւ յիշել մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակները, որոնք ընտրեցին երկինք հասնիլ եւ միանալ Քրիստոսի՝ իրենց կեանքը նուիրելով եւ իրենց արիւնը թափելով Քրիստոսի նման, որպէսզի այսօր մենք գոյատեւենք որպէս ազգ եւ ապրինք ու շատանանք, եւ դառնանք օրինակ համայն մարդկութեան, թէ ի՞նչ կը նշանակէ կեանքը զոհել՝ ի սէր Քրիստոսի եւ ազգի»:
Յայտնենք` որ հայածէս ձայնաւոր սուրբ պատարագները Վատիկանի ռատիոկայանէն կը հաղորդուին ամէն ամսուայ երրորդ կիրակի օր եւ անոնց կարելի է հետեւիլ «vaticannews.va/hy.html» հասցէին վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ