Որոնել

2024.05.27 Ordinazione Episcopale di Mons Krikor Badichah

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Գերապատիւ Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի

Զմմառու ուխտի օրուան եւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան զոյգ առիթներու արարողութեան ներկայ գտնուեցան` Պապական նուիրակ` Արհ. Փաոլօ Պորճա, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի ներկայացուցիչ` Հոգեշնորհ Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ներկայ ու նախկին նախարարներ, երեսփոխաններ, պետական, Կուսակցական եւ Ազգային գործիչներ, Մշակութային Միութիւններ, կրթական մշակներ եւ հաւատացեալ հօտը։

Կիրակի, 26 Մայիս 2024-ի, առաւօտեան ժամը 9,30-ին, Զմմառու մայրավանքէն` Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի փոխտեսուչ Գեր.Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանի գլխաւորութեամբ` Վարդարանի աղօթքով` սկաուտներէ, երիտասարդական միութեան անդամներէ եւ հաւատացեալ հօտէ բաղկացած թափօրը ընդառաջ եկաւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոն, ուր եւ շարունակուեցաւ ջերմեռանդութիւնը։

Ժամը 10-ին, կոչնակներու ղօղանջը ամենայն ուժգնութեամբ թնդացուցին համայն Լեռնալիբանանը, իմացնելով` կաթողիկէ հայոց շարքերը եւս Եպիսկոպոսով մը համալրուելու աւետիսը` յանձինս Պէյրութի թեմի օգնական Եպիսկոպոս` Արհ. Տ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահի, որու Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան հոգեպարար արարողութեան թափօրը` Մայրավանքէն ուղղուեցաւ դէպի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոն։

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Գերապատիւ Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Գերապատիւ Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի

Շքախումբը նախագահութեամբ` Նորին Ամեն.եւ Գերերջ.Տ.Տ.Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի, ձեռնադրակից Եպիսկոպոսներ` Արհ. Տ. Գէորգ Արք. Խազումեանի եւ Արհ. Տ. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ`Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Եգիպտոսի Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ`Արհ. Տ. Օգոստինոս Եպս. Գուսանեանի, Դամասկոսի Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Արհ. Տ. Գէորգ Եպս.Ասատուրեանի, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ. Գէորգ Թ. Ծ. Վրդ Նորատունկեանի, Պէյրութի թեմի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերպծռ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ Մուրատեանի, Առընթերականեր` Գեր. Նարեկ Ծ. Վրդ. Մնոյեանի եւ Գեր. Կարապետ Վրդ. Գլընճեանի, Զմմառու Վանքի վարչական հայրերու եւ կղերաց դասի` շարականներու ոգեթով երգեցողութեամբ եւ խունկերու անուշաբոյր ծուխերու բուրմունքով` Շքախումբը մուտք գործեց ամփիթատրոն, ուր Լիբանանի համարեա բոլոր ծագերէն ժամանած խուռներամ բազմութիւն մը համախմբուած` դիմաւորեց թափօրը։

Սոյն բարեբաստիկ արարողութեան խորանին սպասաւորեցին` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներն ու եկեղեցիներու դպիրները։ երգեցողութիւնը վերապահուած էր` Լիբանանի Կաթողիկէ Հայոց եկեղեցիներու դպրաց դասերուն, ղեկավարութեամբ` Տիրար Էտի Թորիկեանի։

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Գերապատիւ Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Գերապատիւ Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի

Զմմառու ուխտի օրուան եւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան զոյգ առիթներու արարողութեան ներկայ գտնուեցան` Պապական նուիրակ` Արհ. Փաոլօ Պորճա, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի ներկայացուցիչ` Հոգեշնորհ Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ներկայ ու նախկին նախարարներ, երեսփոխաններ, պետական, Կուսակցական եւ Ազգային գործիչներ, Մշակութային Միութիւններ, կրթական մշակներ եւ հաւատացեալ հօտը։

Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ պատարագի` նորընտիր Եպիսկոպոսը` Խարտաւիլակութեամբ` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ. Գէորգ Թ. Ծ. Վրդ Նորատունկեանի ուղեկցութեամբ եւ արարողապետ` Գերյ. Մաշտոց Ծ. Վրդ. Զահթէրեանի առաջնորդութեամբ` ընդառաջ եկաւ դէպի խորան` ուր ձեռնադրիչ Հայրապետն ու Եպիսկոպոսները զինք դիմաւորեցին եւ իրենց սրբազան Աջերը միւռոնին թաթախելով` օծեցին Արհ. Տ. Գրիգոր Եպս.Պատիշահի գլուխն ու ձեռքերը։

Ձեռնադրութենէ ետք` նորօծ եպիսկոպոսը միացաւ արարողութեան։ Հայրապետին Կոնդակը նորօծ եպիսկոպոսին` ընթերցեց Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ` Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, որով հայրապետը անդրադարձած էր, թէ` համայնքի հոգեւոր դասին մէջ եպիսկոպոս մը եւս բազմապատկուեցաւ, առաւել եւս, որ Արհ. Տ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ` երիտասարդ, աշխոյժ եւ գործունեայ անձնաւորութիւն մը ըլլալով` պիտի կարողանայ համայնքը ծաղկեցնել եւ իր անշահախնդիր վարքագիծով կազմակերպել եւ կազմաւորել գաղութին պէտքերը։

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Գերապատիւ Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Գերապատիւ Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի

Իսկ քարոզին մէջ` հոգեւոր Տէրը շեշտեց, որ «Այս տարուայ ուխտի օրը ունի երեք կարեւոր նշանակութիւն, առաջինը` Սուրբ Երրորդութեան տօնն է, որով ամէն օր կը խաչակնքենք` առանց իմանալու անոր իմաստը։ Երկրորդ` Տիրամօր ուխտի օրը, որ մեր հովանաւորն է, եւ միշտ իրմէ շնորհակալ եւ երախտապարտ կ'ըլլանք, իսկ երրորդը` Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան կարեւոր իրադարձութիւնը»։

Պատարագի աւարտին, Պապական Նուիրակ` Արհ. Փաոլօ Պորճա ընթերցեց Պապին` Նորօծ եպիսկոպոսին յղած Օրհնութեան գիրը։

Հայրապետական հոգեպարար արարողութենէ ետք` նորօծ եպիսկոպոսը իր շնորհակալական խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, ըսելով`

«Աւանդոյթը կը թելադրէ, որ նորօծ եպիսկոպոսը խօսք մը արտասանէ ձեռնադրութեան արարողութեան աւարտին։ Ուստի համեստաբար եւ հարազատօրէն կը շարունակեմ այս աւանդութիւնը, արտայայտելու այն բազմաթիւ զգացումները, որոնք կ՚ուղեկցին ինծի՝ կեանքիս շատ կարեւոր այս հանգրուանին:

Կանգնած եմ ձեր առջեւ, եւ որքան սարսափելի է այս պահը, ո'չ որպէս նոր տիտղոսակիր, եւ ո'չ ալ որպէս եկեղեցական եւ սիւնհոդհսական ընտրութիւններու արդիւնք, այլ որպէս եղբայր եւ ընկեր: Երախտագիտութիւնս կ'ուզեմ յայտնել ձեր բոլորին, վասն զի ինծի հետ կը կիսէք եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան բերկրանքը։

Կանգնած եմ ձեր մէջ, ճիշտ այնպէս, ինչպէս 13 տարիներ շարունակ վարժ էի կենալ քահանայական ծառայութեանս ընթացքին: Սողոմոն իմաստուն կ'ըսէ.« Արեգակին տան ոչ մէկ նորութիւն կայ»: Իմ կարգիս, ես ալ կը հաստատեմ, թէ Հ. Գրիգորը կը մնայ ցմիշտ ձեր գիտցած Հ. Գրիգորը: Գիտեմ, որ ձեր սրտերը կրնան լեցուած ըլլալ որոշ մտավախութիւններով, որ այս պաշտօնը կրնայ փոխել իմ բնաւորութիւնս կամ նկարագիրս, բայց ես կը վստահեցնեմ ձեզ, ամենայն անկեղծութեամբ, որ ես կը մնամ այնպէս, ինչպէս որ եմ»։

Այնուհետեւ իր խօսքը երիտասարդներուն ուղղելով աւելցուց`

«Երիտասարդներուն կ՚ըսեմ. մի' կարծէք, որ նոր պաշտօնը կը խանգարէ մեր մարզական ժամերն ու հոգին։ Ես դեռ ոտնագունդ եւ պասքեդպոլ կը խաղամ ձեզի հետ, եւ միշտ հոն պիտի ըլլամ ձեզ քաջալերելու եւ ձեզի աջակցելու համար:

Մի' ակնկալէք փոփոխութիւն մը անձնական յարաբերութիւններուս մէջ, քանի որ ձեր ծառայութիւնը կը մնայ իմ սիրոյս եւ նուիրմանս աղբիւրը:

Եպիսկոպոսի տարազով, սիրով եւ աջակցութեամբ՝ ձեզի միշտ երկարած ձեռքս պիտի չփոխուի։ Դիրքերը եւ տիտղոսները կը փոխուին, բայց սրտերը կը մնան անփոփոխ: Կը մնամ ձեր ընկերն ու ուղեկիցը՝ կիսելով ձեր ուրախութիւններն ու տխրութիւնները, ինչպէս միշտ:

Ինծի համար կը սկսի նոր ճանապարհորդութիւն, եւ սակայն արժէքներն ու սկզբունքները կը մնան անփոփոխ: Կը շարունակեմ հաւատալ երիտասարդութեան ուժին՝ մեր հասարակութեան մէջ դրական փոփոխութիւններ բերելու համար: Աջակից եմ ձեզի՝ ձեր ապագայի տեսլականները իրականացնելու եւ ձեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար։

Ես կը հաւատամ, որ Եկեղեցին ընտանիք մըն է, եւ որ մենք բոլորս այս ընտանիքին անդամներն ենք: Կ'աղօթեմ, որ մեր Եկեղեցին մնայ բոլորին համար, սէր, յարգանք եւ հանդուրժողականութիւն ճառագայթող վայր:

Դարձեալ կը հասկնամ, որ առջեւս գտնուող ճանապարհը լի է մարտահրաւէրներով, բայց հաւատքս Աստուծոյ զօրութեան՝ ինծի լիակատար վստահութիւն կու տայ, թէ Տէրը միշտ հետս պիտի ըլլայ ամէն քայլափոխին եւ պիտի լուսաւորէ իմ ճանապարհս: Պիտի շարունակեմ անխոնջ աշխատիլ, որպէս հովիւ՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն հայ ազգին ու եկեղեցւոյ»։

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Գերապատիւ Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Գերապատիւ Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի

Արհ. Տ. Գրիգոր` շնորհակալութիւն յայտնեց Եկեղեցւոյ հովիւին Ամեն. եւ Գերերջ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, ըսելով` "Ան իր վստահութիւնը տուաւ ինծի եւ իր օրհնեալ ձեռքը դրաւ վրաս՝ օծելով զիս որպէս ծառայ Քրիստոսի եւ ժողովուրդին։ Անոր սրտաբուխ ու հայրական խօսքերն ու իմաստուն խորհուրդները այս սուրբ հոգեպարար արարողութեան ընթացքին՝ հոգւոյս մեծ մխիթարութիւն ներշնչեցին: Շնորհակալութիւն Հոգեւոր Տէր":

Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց` «իմ անկեղծ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ Եկեղեցւոյ հանդէպ ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ հոգատարութեան համար։ Խորհին շնորհակալութիւն Պապական Նուիրակին՝ Արհ. Գերպծռ. Փաոլօ Պորճային, որ այսօր մեզ կը պատուէ իր ներկայութեամբ։ Անպայման պիտի հետեւիմ անոր՝ ինծի փոխանցած թելադրանքներուն համար՝ Քրիստոսի Եկեղեցին ծառայելու, իմ կարողութիւններուս եւ հնարաւորութիւններուս առաւելագոյն չափով։

Շնորհակալու ձեռնադրակից եղբայրներուն եւ Արհիապատիւ բոլոր Եպիսկոպոսներուն, որոնք մասնակցեցան ձեռնադրութեան արարողութեան` իրենց աղօթքներով եւ աղաչանքներով։ Ես շատ բան սորվեցայ ձեզմէ եւ կը ձգտիմ հետեւիլ ձեր նախնիներուն հետքերուն՝ անշահախնդրօրէն ծառայելու Եկեղեցւոյ ու ազգին:

Չեմ մոռնար Զմմառու եւ Հռոմի իմ վերակացուներուս վաստակը, որոնք ուղեկցեցան ինծի քահանայական կազմաւորման ճամբորդութեան ընթացքին, կատարելագործեցին իմ տաղանդներս եւ իմ մէջս զարգացուցին ծառայութեան եւ նուիրումի հոգին: Անոնց քաջալերական խօսքերը եւ շարունակական աջակցութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցան կեանքիս վրայ"։

Խօսքը ուղղելով ծնողքին եւ զինք պարուրած Զմմառու միաբանութեան` ըսաւ  "Յատուկ շնորհակալութիւն ընտանիքիս՝ հօրս, որ կը վայելէ Տիրոջ լոյսին ներկայութիւնը երկնքի մէջ, մօրս եւ երկու եղբայրներուս եւ բոլոր հարազատներուս։

Ի յաւելումն իմ բնական ընտանիքիս, կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել իմ ընտրեալ ընտանիքիս՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան, գլխաւորութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Գերպծռ.Գէորգ Հ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Նուրատունկեանին եւ բազմաթիւ միաբան եղբայրներուն, որոնք եկած են աշխարհի տարբեր ծագերէն։ Քառասունմէկ տարիներուս տասնութն անցուցած եմ այս Միաբանութեան ու վանքին ծոցին մէջ։ Ահաւասիկ, թէ ինչո՞ւ համար ամէն ինչ կը պարտիմ այս ընտանիքին»։

Շնորհակալութիւն յայտնեց` երգչախմբին, կազմակերպիչներուն, հաղորդամիջոցներուն` որոնք ուղիղ եթերով հեռարձակեցին արարողութիւնը, եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումով յաջողեցուցին ձեռնադրութիւնը նաեւ ներկաներուն եւ խօսքը եզրափակեց` "Զմմառու ցաւագին Տիրամօրմէն կը խնդրեմ, որ պահպանէ մեր հայրենիքը՝ Լիբանանը, պահպանէ մեր հայ ժողովուրդին միասնութիւնը եւ օգնէ մեզի աւելի լաւ ապագայ կառուցելու մեր ընտանիքներուն եւ զաւակներուն համար"։

Նորօծ եպիսկոպոսի` շնորհակալական սրտաբուխ, հոգեհարազատ եւ տպաւորիչ խօսքէն ետք` Հայ Կաթողիկէ սկաուտական շեփորախումբի նուագակցութեամբ` շքախումբը ուղղուեցաւ մայրավանքի դահլիճը, ուր Նորօծ եպիսկոպոսը, Ամեն.եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը, կղերաց դասը, պետական բարձրաստիճան աւագանին եւ Նորօծ Եպիսկոպոսի ծնողները` վանքի դահլիճին մէջ ընդունեցան ներկաներուն շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները։

Այնուհետեւ Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ հացկերոյթ, ուր հոգեւոր Տէրը, նորօծ եպիսկոպոսը, եպիսկոպոսները, Մեծաւոր հայրը` միասնաբար բեկանեցին Նորօծ Եպիսկոպոսի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առիթով պատրաստուած կարկանդակը եւ յիշատակի լուսանկարով անմահացուցին պատմական սոյն օրը։

Աղբիւրը` Զմմառու Պատրիարքական միաբանութիւն 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2024, 08:02