Որոնել

Յիսուսի սուրբ սիրտը Յիսուսի սուրբ սիրտը 

«Հօր Աստուծոյ Սիրտը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Աստուած ուրախ է մեղաւորի դարձով, եւ իր ուրախութիւնը անոր բարիքն է: Ան պատրաստ է ծրագրելու, գործադրելու փրկագործութեան խորհուրդը՝ չարչարանքով ու Յարութեամբ մեզ փնտռելու. ներելու մեզի եւ մեր փրկութեան փրկագինը վճարելու համար: Կորսուած դրամը գտնող կնոջ ուրախութիւնը յստակ փաստն է Աստուծոյ մեզի Հանդէպ ունեցած անհուն սիրոյն: Անառակ որդիին առակին մէջ, Յիսուս մեզի կը ցուցնէ թէ որքան յարգի ենք որպէս Աստուծոյ զաւակներ:

Յիսուս տեսնելով փարիսեցիներուն ու դպիրներուն խիստ կեցուածքը մեղաւորներուն ու Մաքսաւորներուն հանդէպ, զիրենք կը յանդիմանէր Զակքէոսի, անառակ որդիի եւ Մարիամ Մագդաղենացիի նմանօրինակ երրեակ առակներով, որոնք կ'արտայայտեն Աստուծոյ Ներողամտութիւնը: Յիսուս կ'ուզէ ներկայացնել ժողովուրդին, մանաւանդ զինք քննադատող փարիսեցիներուն, Երկնաւոր Հօր ներող սիրտը բարի Հովիւին, կորսուած արծաթը գտնող կնոջ եւ անառակ որդիին Հօր անձերուն ընդմէջէն:

Բարի Հովիւի պատկերը մեզի խորհրդածել կու տայ Հին Կտակարանի գրութիւններուն վրայ, որոնք կը խօսին Տիրոջ մասին որպէս Իսրայէլի Հովիւ (Եզ 34, 4), որ կը մերժէ կեղծ հովիւները: Աստուծոյ խոստումը իրականացաւ Յիսուսով, որ եկաւ կորսուած ոչխարը փնտռելու:

Հին կտակարանի գրութիւնները կը յիշեն միշտ ժողովուրդին ուրախութիւնը, որով ինքզինք ապահով կը զգար Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։ Նոր Կտակարանին մէջ, Յիսուս կը շեշտէ Հոր Աստուծոյ հովիւի բարի սրտին վրայ, որ միշտ պատրաստ է ոչխարը փնտռելու, առանց հաշիւ ընելու դժուարութիւնն ու յոգնութիւնը: Ան մեծապէս կը ցնծայ երբ կը գտնէ կորսուած ոչխարը: Ան ուրախութեամբ զայն ուսերուն վրայ կը դնէ, կը դարձնէ փարախին եւ իր բարեկամները կը հրաւիրէ իրեն Հետ ուրախանալու համար: Նոյնպէս երկինքի մէջ աւելի մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ մեղաւորի մը դարձով:

Աստուած ուրախ է մեղաւորի դարձով, եւ իր ուրախութիւնը անոր բարիքն է: Ան պատրաստ է ծրագրելու, գործադրելու փրկագործութեան խորհուրդը՝ չարչարանքով ու Յարութեամբ մեզ փնտռելու. ներելու մեզի եւ մեր փրկութեան փրկագինը վճարելու համար: Կորսուած դրամը գտնող կնոջ ուրախութիւնը յստակ փաստն է Աստուծոյ մեզի Հանդէպ ունեցած անհուն սիրոյն: Անառակ որդիին առակին մէջ, Յիսուս մեզի կը ցուցնէ թէ որքան յարգի ենք որպէս Աստուծոյ զաւակներ:

Այս առակներուն ընդմէջէն, կը տեսնենք Հօր սիրտը, ուրախ, իր զաւակներուն երջանկութեամբը, եւ ողորմած ու գթած անոնց հանդէպ: Նոյնպէս այս առակները կը յայտնեն, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ: Ապրելու համար Աստուծոյ ուրախութիւնն ու ողորմութիւնը հարկ է ապրիլ Հաւատքը, որպէս ընդունուած սիրոյ փորձառութիւն, որով կը խոստովանինք մեր մեղաւորի

Բարի Հովիւի պատկերը մեզի խորհրդածել կու տայ Հին Կտակարանի գրութիւններուն վրայ, որոնք կը խօսին Տիրոջ մասին՝ որպէս Իսրայէլի Հովիւը: Արդարեւ երկինքի ուրախութիւնը յառաջ կու գայ մեղաւորի մը զղջումէն: Իւրաքանչիւրս մեղաւոր մըն է, որ ամէն օր պարտի դիմել Քրիստոսի ներողամտութեան եւ Սիրոյն: Ս. Padre Pio կը հրաւիրէր իր եղբայրակիցները, որպէսզի ամէն օր քայլ մը եւս ընելու «Աստուծոյ սիրոյն յանձնառումին եւ ապրումին մէջ»: Առ այդ, հարկ է ընդունիլ Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ եւ պատրաստակամ ըլլալ Իրեն դիմելու եւ Զինք ընդունելու հիւանդի տրամադրութեամբ, որ կը դիմէ բժիշկի: Ամենավատ Հոգեվիճակը մարդուն եւ մարդկութեան տեղի կ'ունենայ, երբ կը կարծեն թէ կարիք չունին Աստուծոյ եւ փրկութեան: Արդարեւ փրկութիւնը կ'իրականանայ Աստուծոյ սիրոյն զօրութեամբ եւ ոչ՝ աշխարհի ու մարդուն:

Աստուած իմ, թող որ ստանամ փորձառութիւնը Սիրոյդ ու ողորմութեանդ, զոր ինծի կը շնորհես ձրիաբար եւ ազատօրէն, թող միշտ հաւատքով ապրիմ զանոնք եւ բոլորին հետ. յառաջանանք դարձի ու սրբութեան ճամբուն վրայ. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2024, 08:00