Որոնել

FILE PHOTO: Chora Museum or Kariye Mosque re-opens its doors to visitors and worshippers in Istanbul

Թուրքիոյ մէջ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցին կը վերածուի մզկիթի

Բիւզանդական օրթոտոքս քրիստոնեայ Եկեղեցին Թուրքիոյ իշխանութիւններու կարգադրութեան վերածուած է մզկիթի եւ արդեն այնտեղ կը կատարուին իսլամական աղօթքներ։ Եւրոմիութեան Եպիսկոպոսները դատապարտելով որոշումը զայն կ՛որակեն «ողբալի» եւ «խոչընդոտ կրօնական համակեցութեան»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Յաւելեալ քայլ՝ երկրին մէջ քրիստոնէական ներկայութեան պատմական արմատներու թուլացման գործին մէջ, ողբալի որոշում, որ կը դժուարացնէ կրօնական համակեցութիւնը». Այս խօսքերով է, որ Եւրոմիութեան կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերուն յանձնաժողովը (COMECE) մեկնաբանեց Իսթանպուլի բիւզանդական պատմական եկեղեցւոյ մզկիթի վերածումը, մինչ վերջին 79 տարիներու ընթացքին ան կը գործածուէր որպէս թանգարան։

Խօսքը կը Հայի չորրորդ դարուն կառուցուած Չորայի Սուրբ Փրկիչ հնագոյն պատմական եկեղեցիին, որ ամբողջ աշխարհի մէջ ճանչցուած է իր անզուգական որմանկարներով և խճանկարներով։

Հինգշաբթի` 23 Մայիսին հրատարակած հաղորդագրութեամբ Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու յանձնաժողովը «ողբալի» որակեց այս որոշումը, որ «աւելիով կը խոչընդոտէ միջկրօնական երկխօսութիւնը», անխուսափելիօրէն կորսնցնել տալով այն վստահութիւնը զոր Երկրին Իշխանութիւնները մտադիր էին խթանել։

Այա Սոֆիան մզկիթ վերածելէ չորս տարիներ ետքը Չորայի Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցին եւս կ՛ենթարկուի նոյն ճակատագրին։ Եկեղեցին արդարեւ Երկրին մէջ քրիստոնեաներու պատմական ներկայութեան կենդանի յիշողութեան մը մասնիկն էր եւ մաս կը կազմէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան։

Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու յանձնաժողովը 2020ի Յուլիսին եւս դատապարտած էր Այա Սոֆիան մզկիթ վերածելու որոշումը զայն մեկնաբանելով որպէս «հարուած միջ կրօնական երկխօսութեան դէմ» եւ ընդգծելով նաեւ Թուրքիոյ մէջ «ցեղային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն դէմ սպառնալիքներու ու ատելութեան ծանր հարցը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2024, 07:30