Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (5)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Մաշտոց բառի ստուգաբանութեան:

Ե. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Մաշտոց բառի ստուգաբանութեան:

 

Հայ բանասէրները վաղուց զբաղած են Մաշտոց անուան ստուգաբանութեամբ, յայտնելով որոշ կարծիքներ, որոնց պիտի անդրադառնանք ամփոփ կերպով։ Հ. Աճառեանը իր արմատական բառարանին մէջ, Մաշտոց անուան դիմաց գրած է «Ծագումն անյայտ»: Յատկապես ուշագրաւ են Մխիթարեան Հայրերէն՝ Հ. Ղ. Ալիշանի, ինչպէս նաեւ Ն. Ադոնցի հաղորդած տեղեկութիւնները, ըստ որոնց՝ Մաշտոց բառին արմատը «մաշտ» կրնայ ըլլալ՝ որ յառաջ եկած է պարսկերէն Մազդակ բառէն։ Այսպես, Ն. Ադոնցը կը գրէ. «Եթէ Մաշտոցի նախնական հնչիւնը Մազդ-ոց էր, կրնանք նոյնացնել իրանական Մազդակ անուան հետ, ըստ որուն մազդ արմատը կրնայ վերածուած ըլլալ Մաշտ, Մաժդ-ոց անուան, հայերէն «ոց» յայտնի մասնիկի յաւելումով:

Հետեւաբար, անոնք պարզած են, թէ մաշդ (մաշտ) արմատով սկսող անունները սերած են Մազդակ բառէն։ Իսկ կարգ մը արեւելագետներ կը պնդեն թէ այդ անունները, որոնք լեզուաբանական տեսանկիւնէն դիտուած՝ հիմք ունին մազդա կամ մաշդա-արմատը, կապ ունին հին հեթանոսական Մազդէական կրօնքի Մազդայի պաշտամունքին հետ: Յիշատակութեան արժանի է թէ Մեսրոպ Մաշտոցէն շուրջ կէս դար առաջ, այդ անունով կոչուած է Սիւնեաց Մաշտոց եպիսկոպոսը՝ օծուած հայոց Կաթողիկոս Ներսէս Մեծի (353-373) կողմէ. ան ինքնին վկայած է, որ Մաշտոց անունը յառաջ եկած է հեթանոսական ժամանակաշրջանէն:

Առ այս, Հ. Աճառեան յանգած է այն եզրակացութեան թէ Մաշտոց ժողովածուն Մեսրոպ Մաշտոցի կամ որեւէ հեղինակի չի կրնար վերագրուիլ: Հարցին տարբեր մօտեցում մը կը գտնենք Ղ. Ալիշանի և այլոց մօտ, ըստ որոնց այս ծիսարանը և անոր անունը նախաքրիստոնէական ժամանակներուն հետ առնչուած է. և հետեւաբար յառաջ եկած է Ահուրամազդա, Մազդակ, Մաշդակու, մազդ-ային բնոյթի պաշտամունքի ձեւէն։ Մէկ այլ կարծիք կը գտնենք Հ. Ղ. Ալիշանի մօտ, որ խօսելով հեթանոսական ժամանակներու մասին, կը գրէ. «Եթէ ի մեհեանս պատմական գրուածք պահուէին, ո՞րչափ եւս առաւել Ծիսականք», ըստ այսմ, ան կը փորձէ կապ մը տեսնել հայոց Մաշտոց ծիսարանի (անշուշտ, նկատի ունենալով անոր նախնական վիճակը), Զեւս և Արամազդ աստուածներու պաշտամունքային մատեաններուն միջեւ:

Այս վերջին մեկնութիւնը աւելի համոզիչ կը դարձնէ մեզի Մաշտոց անուան ծագման և անոր նախաքրիստոնէական պաշտամունքին հետ, Հայ իրականութեան մէջ. ըստ որում, Հայոց գերագոյն աստուծոյ Արամազդի անուան հիմքը եւս ինկած է նոյն մազդ արմատի կամ պաշտամունքային բնոյթ կրող՝ Մազդուկի ներքեւ:

Տեղին է յիշել Մովսէս Խորենացիի վկայութիւնը թէ Հայաստանի մէջ պաշտուած չորս Արամազդներէն՝ ամենահզօրն համարուած էր Կունդ Արամազդը: Միջնադարուն՝ Մաշտոց ժողովածուն նաեւ ծիսարանի իմաստով ընկալուած է, որուն իբրեւ փաստ կը վկայակոչենք Երեմիա Մեղրեցիի անունով յայտնի «Բառգիրք Հայոց»ը, ուր Մաշտոցը բացատրուած է իբրեւ «օրէնք կամ հաւաքած բան», այսինքն՝ օրենքներու հաւաքածոյ:

Այս և նման պարագաները ցոյց կու տան թէ Մաշտոց ծիսարանի և անոր անուան հետ առնչուած են հեթանոսական աւանդական հնութիւն ունեցող այնպիսի հիմք, զոր չէր կարող ոչնչացուիլ քրիստոնէութեան կողմէ, այլ պահպանուած էր և միայն վերախմբագրուած և ամբողջացած էր Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան ըմբռնումներու համաձայն։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2024, 08:05