Որոնել

2024.02.21 Santuario Lourdes

Մայիս Ամիսը Աստուածամօր Նուիրուած Ամիս Է

Աղօթենք Լուրտի Տիրամօր, Ո՜վ Անարատ Յղացեալ, ու Լուրտի Ամրոց բարեխօսէ մեզի համար, Ամէն։

Լուրտ՝ Աստուածամօր Ամրոցը։

1858-ին, Լուրտի մէջ, Աստուածամայրը 18 անգամ երեւցաւ Սրբուհի Պերնատէթ Սուպիրույին։ Երկինքէն իջած էր մասնաւոր կերպով իր իսկ բերնով հաստատելու Եկեղեցւոյ Հաւատքի Ճշմարտութիւնը։ 11 փետրուարին, մինչ Պերնատէթ փայտ կը հաւաքէր, Մասսապիէլ ժայռի խոռոչին մէջ, տեսաւ շատ գեղեցիկ Տիկին մը։

Աղջնակը սկսաւ Վարդարան ըսել։ Խորհրդաւոր Տիկինը իրեն կ՝ընկերանար ՜՜Փառք Հօր՝՝ին։ 18 Փետրուարին կրկին իրեն երեւցաւ Տիկինը եւ ըսաւ. ՜՜ քեզի չեմ խոստանար որ այս աշխարհիս վրայ երջանիկ ըլլաս, այլ՝ հանդերձեալին մէջ՝՝։ Ուրիշ անգամներ յանձնարարեց անոր աղօթել մեղաւորներուն համար, ապաշխարութեան գործեր ընել եւ ըսել Քահանաներուն՝ թէ Ինքը կը փափաքի որ մատուռ մը կառուցուի իր երեւման վայրը։

25 փետրուարին՝ գետնէն ջրաղբիւր մը սկսաւ բխիլ եւ շատ մը հիւանդներու առողջութիւն պարգեւել։ Իսկ 25 մարտին գեղեցիկ Տիկինը ինքզինքը յայտնեց ըսելով թէ՝ ՜՜Ես Անարատ Յղացեալն եմ՝՝։ Եւ ահա աշխարհիս չորս կողմերէն կը փութան Լուրտ։

Սրբատեղին, մինչեւ այսօր, զօրաւոր կոչ մըն է հոգիներու, դէպի Աստուած դառնալու։

Սոյն փրկագործութեան գործին մէջ Մարիամն է որ կ՝օգնէ եւ նեցուկ կը կանգնի մեզի։

Աղօթենք Լուրտի Տիրամօր, Ո՜վ Անարատ Յղացեալ, ու Լուրտի Ամրոց բարեխօսէ մեզի համար, Ամէն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2024, 08:40