Որոնել

Խաչ Խաչ 

«Կրնա՞յ Քրիստոնեան լաւատես ըլլալ» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Յիսուս մեզի սորվեցուց թէ պէտք է ապրիլ ուրախութեան մէջ Ան մեզ քաջալերեց ըլլալու տիպարները լաւատեսութեան եւ բարեսիրտութեան: Ան երբեք չդադրեցաւ բացատրելէ Լաւին իմաստը` մեզի հասցնելով Սիրոյ գաղափարին եւ Աստուծոյ կամքին ամբողջական նուիրումին:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յաճախ մեզի կը հարցնեն թէ ինչո՞ւ դուք՝ քրիստոնեաներդ աւելի լաւատես ու ուրախ էք քան մենք: Միշտ ինծի կ'ըսեն թէ լաւատես եմ, նոյնիսկ շատ դժուար օրերուն ընթացքին ինչպէս Լիբանանի պատերազմին, կամ կեանքիս սեւագոյն պահերուն ընթացքին՝ հիւանդութեանս ժամանակ: Այսպիսի հարցում տուող անձերուն պիտի պատասխանէի Յիսուսի նման՝ «Մի վախնաք, ես ձեր հետն եմ»:

Քրիստոնեային լաւատեսութիւնը պարզ մարդկային վստահութիւն մը չէ թէ ամէն բան լաւ աւարտ պիտի ունենայ Այս լաւատեսութիւնը կ'արմատանայ մարդուս ազատ գիտակցութեան մէջ եւ այն վստահութեան մէջ թէ Աստուածային շնորհքը հզօր է: Ան լաւատեսութիւն մըն է որ մեզ կը մղէ պահանջող ըլլալու մեր անձին հանդէպ, եւ մեզմէ կը խնդրէ որ պատրաստ ըլլանք միշտ համապատասխանելու Տիրոջ կամքին Ինչպէ՞ս լաւատես ըլլալ այս դժուար օրերուն, երբ Տիրոջ պարգեւները մեզի կը թուին անբաւարար եւ անգոհացուցիչ, նկատի ունենալով անշուշտ պատերազմներն ու բնական աղէտները։ Մենք կը գտնուինք աշխարհի մը մէջ ուր ամէն օր աւելի դժուարութիւններ կը գտնենք եւ շատ մը անձեր կը յանձնուին մտահոգութեան տարբեր տեսակներու: Այս վիճակին արդիւնքն է ընտանեկան եւ ընկերային կեանքի ձախողութիւնը, ինչպէս նաեւ գործի անյաջողութիւնը: Որքան աւելի մտահոգութեան ենթարկուինք, այնքան աւելի դժուարութիւն պիտի ունենանք լուծումներ գտնելու: Հետեւաբար այնքան աւելի մեր ձախողութիւնները կը բազմապատկուին

Տէրը մեզ կը սիրէ որպէս իր զաւակները եւ մեզի տուած է Հաւատքի շնորհքը: Ան մեզմէ կը խնդրէ արտացոլալ մեր լաւատես ու նախնական տրամադրութիւնը ստեղծագործութեան նկատմամբ, այս «աշխարհի սէրը» որ կը գտնուի քրիստոնէութեան սրտին մէջ։  Յիսուս մեզի սորվեցուց թէ պէտք է ապրիլ ուրախութեան մէջ Ան մեզ քաջալերեց ըլլալու տիպարները լաւատեսութեան եւ բարեսիրտութեան: Ան երբեք չդադրեցաւ բացատրելէ Լաւին իմաստը` մեզի հասցնելով Սիրոյ գաղափարին եւ Աստուծոյ կամքին ամբողջական նուիրումին:

Մենք քրիստոնեաներս բախտաւոր ենք ունենալու Յիսուսը որպէս Փրկիչ, բժիշկ, Հայր եւ տիպար: Մենք հպարտ ենք նաեւ մեր հզօր Եկեղեցիով, որ երբեք վախը չէ ապրած իր առաջին օրերէն իսկ:
Սուրբ Աւետարանը մեզի կ'ուսուցանէ միշտ ուրախ եւ զուարթ ըլլալ հակառակ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն՝ «Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջ մէջ, դարձեալ կը կրկնեմ` ուրախ եղէք» (Փիլ 1, 4): Սուրբ Գիրքէն սորվեցանք նաեւ որ ամէն բան կրնայ նպաստել Հաւատացեալներու բարիքին. «Գիտենք թէ Աստուած ամէն բանի մէջ գործակից է բարիքին անոնց՝ որոնք զինք կը սիրեն եւ կանչուած են իր կամքին համաձայն» (Հռոմ. 8, 28):

Եթէ քրիստոնեան միշտ ուրախ է, ուրեմն ան իր հետ ու իրեն համար ունի Տէրը: Քրիստոնեային լաւատեսութիւնը պարզամիտ ընդունելութիւն մը չէ թէ ամէն ինչ բարի աւարտ մը պիտի ունենայ, այլ համոզումն է թէ Տէրը զինք կը պաշտպանէ երբ ամէն ինչ իր շուրջը քայքայումի մատնուած է

Որպէս եզրակացութիւն, կը փափաքիմ խօսքս ուղղել անոնց որոնք միշտ կը կասկածին եւ կը տառապին իրենց յոռետեսութենէն. «Ինչո՞ւ յուսահատիլ: Քու տկարութիւններո՞ւդ, ձախողութիւններո՞ւդ կամ տխուր լուրի՞ մը պատճառաւ: Պարզ եղիր, սիրտդ բաց: Ապաստանէ՝ Աստուծոյ սիրոյ մէջ քանի որ Տէրը քու սիրալիր Հայ րդ է : Ահա քու վստահութիւնդ: Անկարելի բան չկայ Աստուծոյ համար: Ան քեզ զօրաւոր ստեղծեց, քեզի Հաւատքի շնորհքը տուաւ եւ իր սիրոյն ոյժը պարգեւեց: Այսպէսով է որ իսկական ուրախութիւնը, զօրութիւնը, լաւատեսութիւնն ու յաղթանակը կը գտնես:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2024, 07:00