Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Ouverture da Tannhauser
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2024.04.20 Gesu da calice ai discepoli

Յինանց շրջանի վեցերորդ Կիրակի (Յովհ . 9, 39 – 10, 10) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

Անցած Յինանց շրջանի հինգ շաբաթներուն, բաւական խօսեցանք թէ ինչպէս այս իւրայատուկ ժամանակաշրջանին՝ բոլորս անխտիր կանչուած ենք կրկին մենք մեր անձերը քննելու, եւ բնաւ երբէք մեր յոյսերը չկտրելու՝ այն ինչ որ կը վերաբերի մեր ետ դարձին եւ ապաշխարութեանը։ Մեր շուրջը միշտ գոյութիւն ունի Բարին եւ չարը, Աստուած եւ սատանան, սակայն մեզի կ՛իյնայ կողմնորոշուիլ թէ մեր գործերով որու պիտի պաշտենք ու ծառայենք:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այսօր սիրելիներ, համաձայն մեր հայկական տօնացոյցին (որուն դերն է կազմակերպել մեր ամէնօրեայ եկեղեցական կեանքը եւ ծէսը) կը սկսինք Յինանց շրջանի վեցերորդ եւ նախավերջին Կիրակին (եւ արդէն իսկ չորս օրէն կը տօնենք Քրիստոսի Երկինք Համբարձումը):

Անցած Յինանց շրջանի հինգ շաբաթներուն, բաւական խօսեցանք թէ ինչպէս այս իւրայատուկ ժամանակաշրջանին՝ բոլորս անխտիր կանչուած ենք կրկին մենք մեր անձերը քննելու, եւ բնաւ երբէք մեր յոյսերը չկտրելու՝ այն ինչ որ կը վերաբերի մեր ետ դարձին եւ ապաշխարութեանը (այստեղ կ՛ուզեմ զգուշացնել որ սատանան բաւականին ճարպիկ եւ խորամանկ է, եւ շուտով կարող է մեր յոյսերը մարելով՝ մեզ տանի յուսահատութեան անդունդին մէջ):

Այստեղ սիրելիներ հարց տալով պիտի ըսէք. «վարդապետ, ինչպէ՞ս կրնանք զանազանել Աստուծոյ գործը՝ չարին գործէն, եւ կամ Աստուծոյ կամքը՝ չարին կամքէն»:

Առնենք մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածին երկրորդ մասը (Յովհ. 10, 1 -10) եւ տեսնենք թէ ինչպէս կարող ենք զանազանել Բարին՝ չարէն, Աստուած՝ սատանայէն:

Սկսինք մեր այսօրուան մտածականը, հարց տալով հետեւեալ հարցումը. «Ո՞վ է չարը»:

1. «Դռնէն չի մտներ»...այսինքն հեռու է ճշմարտութենէ եւ անկեղծութենէ, եւ կը սնանի խաբեբայութեամբ:

2. «Կը մագլցի»... այսինքն իր բոլոր գործերը մութին մէջ կը կատարէ. մէկ խօսքով՝ այն ինչ որ կ՛ընեն գողն ու աւազակը (գողնալ այն ինչ որ իրը չէ):

3. Ներկայութիւն մըն է որ կը ստիպէ մաքուր հոգին քարշի անկէ ու «փախչի»:

4. «Սպաննող» է...մահ է որ կու տայ բոլոր անոնց՝ որոնք կը համագործակցին անոր հետ:

5. «Փճացնող» է...մէկ խօսքով պատրաստ է միշտ շեղեցնելու եւ կարգ ու կանոնէ դուրս հանելու:

6. Զինք հետեւողին «ձայնը չի ճանչնար», այլ զայն կ՛օգտագործէ իր վրէժին եւ ոխին համար (փոխանակ ներողութիւն ըսելու):

Սիրելիներ, այստեղ կարելի է նշել որ այս վեց կէտերը փոքր բաժին մըն են այն ինչ որ է չարը իսկականին մէջ (այն ինչ որ մեզ տրուած է մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածին մէջ):

Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք. « Իսկ ո՞վ է Բարին»:

1. Ոչխարներուն «Հովիւ»ն է որ կը հսկէ առանց յոգնելու:

2. «Դռնապան»ն է Իր տանը եւ Ինք ունի Բանալին:

3. Ինքն է «դուռը», եւ գոյութիւն չունի ուրիշ ոչ մէկ «դուռ»:

4. Իր ոչխարները կը լսեն եւ «կը հետեւին Իր ձայնին»:

5. Ոչ թէ միայն կը հետեւին, այլ նաեւ «կը ճանչնան» Անոր ձայնը եւ Ինք՝ անոնց ձայնը:

6. Ան «անուններով» զանոնք կը կանչէ եւ դուրս կը տանի զանոնք:

7. Ինքն է «կեանքը» եւ ով որ Իրմէ անցնելով ներս մտնէ, պիտի փրկուի:

Բայց այս բոլորը սիրելիներ անիմաստ են եթէ մեր հոգիին աչքերը փակ են...եւ ի զուր չէ որ Քրիստոս այսօր մեր Աւետարանի հատուածին առաջին մասին մէջ կ՛ըսէ. «Դատաստան ընելու եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ անոնք որ կը տեսնեն՝ կուրնան» (Յովհ. 9, 39), այսինքն, Յիսուս չեկաւ դատելու, սակայն Իր ներկայութիւնը պատճառ էր եւ է մինչեւ օրս որ մարդիկ իրենց բուն ինքնութիւնը յայտնեն, ձեւով մը՝ դատաստանի գան:

Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան պատգամը. մեր շուրջը միշտ գոյութիւն ունի Բարին եւ չարը, Աստուած եւ սատանան, սակայն մեզի կ՛իյնայ կողմնորոշուիլ թէ մեր գործերով որու պիտի պաշտենք ու ծառայենք:

Խնդրենք մեր երկնաւոր հօրմէն սիրելիներ, որպէսզի տայ մեզի ուժը՝ ընտրելու ճիշտը, եւ միեւնոյն ժամանակ մեր հոգիին աչքերը բացուելով՝ ճանչնանք ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ եւ պաշտենք միայն ու միայն՝ ՃՇՄԱՐԻՏԸ. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2024, 07:38
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031