Որոնել

2020.06.04 Santissima Trinità

Տօն Ամենասուրբ Երրորդութեան (Յովհ. 14, 15 – 24) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

Կանչուած ենք սիրելու, պահելու պատուիրանները, մնալու Քրիստոսի մէջ եւ զԻնք պահելու մեր մէջ, ինչպէս նաեւ զգալու եւ համոզուելու թէ՝ մենք որբ չենք մինչեւ այն ատեն որ մեր մէջ ունինք Քրիստոս, մեր մէջ ունինք Հայր Աստուած, մեր մէջ ունինք Ս. Հոգին, մեր մէջ ունինք Ս. Երրորդութիւնը, որովհետեւ երբ կ՛ապրիմ այս բոլորը, Քրիստոս այսօր ինծի կ՛ըսէ. «Ես ալ պիտի սիրեմ զայն (քեզի) եւ ինքզինքս յայտնեմ անոր (քեզի)» (Յովհ. 14, 21). Ամէն:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ահաւասիկ սիրելիներ, այսօր կը սկսինք Պենտեկոստէի շրջանին Երկրորդ Կիրակին՝ զոր կը տօնուի Ամենասուրբ Երրորդութեան Տօնը:

Անցեալ Կիրակի տօնեցինք Ս. Հոգիին գալստեան տօնը եւ կարելի եղածին չափ հասկցանք թէ Ս. Հոգին ով է եւ ինչ է Անոր դեռը մեր կեանքին եւ առօրեային մէջ: Իսկ այսօր, որ տակաւին Ս. Հոգին կը շարունակէ մնալ մեր հետ եւ մեր մէջ (մեր աշխատանքը պէտք է ըլլայ որ զԻնք միշտ մեր մէջ եւ մեր հետ պահենք), պիտի տեսնենք թէ մեզմէ ինչ պահանջուած է՝ անշուշտ մեկնելով մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածէն:

1. «Եթէ կը սիրէք զիս...» (Յովհ. 14, 15): Այսօր սիրելիներ, հակառակ այս բոլոր ատելութեամբ լեցուն վիճակին եւ աշխարհին, կանչուած ենք սիրելու...սիրելու մեր Երկնաւոր Հայրը, եւ որպէսզի սիրենք՝ պէտք ունինք ՍԻՐՈՅ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ առանց Իրեն՝ չկայ իսկական Սէր (ինչ որ այսօր մեր շուրջը կը տեսնենք եւ կ՛ապրինք):

2. «Պիտի գործադրէք իմ պատուիրաններս...» (Յովհ. 14, 15): Բաւարար չէ միայն սիրել սիրելիներ, այլ գործով ցոյց տալ մեր սէրը՝ որ ունինք Անոր հանդէպ...եւ այս մէկը կը պարզուի երբ կը սիրեմ իմ նմանս եւ զինք չեմ ատեր...երբ խաղաղութեան առիթ կ՛ըլլամ ես հասարակութեանս մէջ փոխանակ՝ պատերազմի, երբ պատրաստ կ՛ըլլամ կեանքս զոհելու բարեկամիս՝ եւ ոչ միայն, այլ նոյնիսկ թշնամիիս համար...յիշենք որ լեզուով ապրող հաւատացեալը՝ կարծեցեալ եւ սուտ հաւատացեալ է:

3. «Դուք իմ մէջս եւ ես՝ ձեր մէջ» (Յովհ. 14, 20): Սիրելիներ, մեզմէ միայն խնդրուած չէ սիրել ինչպէս նաեւ պատուիրանները պահել, այլ նաեւ մնալ միշտ Քրիստոսի մէջ, Քրիստոսի հետ եւ Քրիստոսի համար, որովհետեւ երբ Անոր հետ չենք եւ Անոր մէջ չենք ապրիր եւ Ինք մեր մէջ չգործեր, վստահ եղէք որ մեր մէջ բոյն պիտի շինենք չարին եւ անոր արբանեակներուն համար: Սիրելիներ, մեր սրտերը կարող չեն պարապ մնալ, կամ Քրիստոսը պէտք ենք ընդունիլ եւ կամ ալ՝ չարը (ինք արդէն մեր մէջ տեղ կը շինէ երբ կը տեսնէ թէ Քրիստոս գոյութիւն չունի մեր մէջ):

4. «Որբ պիտի չձգեմ ձեզ» (Յովհ. 14, 18): Մենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ, քանիցս եւ մինչեւ այսօր որբ եւ մինակ կը զգանք մենք մեզի, որովհետեւ մարդուս վստահիլը անապահովութիւն է, իսկ Քրիստոսի՝ յաւերժութիւն: Մարդս միշտ կարծեցեալ ապահովութիւն կը ներշնչէ՝ իր գերմարդկային խոստումներով, սակայն երբ միացած կ՛ըլլանք Քրիստոսի եւ Անոր խօսքին, մենք ալ սաղմոսերգուին հետ պիտի ըսենք. « Տէրը Իմ հովիւս է, ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ»:

5. «Յաւիտեան ձեզի հետ ըլլայ» (Յովհ. 14, 16): Սիրելիներ, երբ մենք Քրիստոսի հետ ենք, ոչ թէ միայն մեզի որբ պիտի չձգէ, այլ նաեւ յաւիտեան մեր հետ պիտի ըլլայ: Այսօր դժբախտաբար սիրելիներ չմնաց ոչ բարեկամութիւն եւ ոչ ալ հաւատարմութիւն՝ բացի Քրիստոսէ եւ Անոր տուած խոստումներէ:

Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք. « լաւ վարդապետ, այս բոլորէն ետք մեզմէ ի՞նչ խնդրուած է»:

Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածին նամակը. կանչուած ենք սիրելու, պահելու պատուիրանները, մնալու Քրիստոսի մէջ եւ զԻնք պահելու մեր մէջ, ինչպէս նաեւ զգալու եւ համոզուելու թէ՝ մենք որբ չենք մինչեւ այն ատեն որ մեր մէջ ունինք Քրիստոս, մեր մէջ ունինք Հայր Աստուած, մեր մէջ ունինք Ս. Հոգին, մեր մէջ ունինք Ս. Երրորդութիւնը, որովհետեւ երբ կ՛ապրիմ այս բոլորը, Քրիստոս այսօր ինծի կ՛ըսէ. «Ես ալ պիտի սիրեմ զայն (քեզի) եւ ինքզինքս յայտնեմ անոր (քեզի)» (Յովհ. 14, 21). Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2024, 07:40