Որոնել

2024.04.03 Mons Krikor (Robert) Badichah

Տարեկան Ուխտի Օր եւ Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն Զմմառու վանքին մէջ

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը սրբազան արարողութեան ընթացքին պիտի գլխաւորէ Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան Կարգը։
Ունկնդրէ լուրը

Յառաջիկայ Կիրակի 26 Մայիս 2024իշ, Լիբանանի Զմմառու վանքի Ուխտի Օրուան առիթով, մայրավանքին մէջ, առաւօտեան ժամը 10ին նախատեսուած է Հայրապետական Սուրբ պատարագ` զոր պիտի մատուցէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ սրբազան արարողութեան ընթացքին պիտի գլխաւորէ նաեւ Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան Կարգը։

Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահ՝ աւազանի անունով Ռոպէր։

Ծնած է 1 Փետրուար 1983ին, Լիբանան-Պէյրութ, Սըն Էլֆիլի շրջանը եւ յաճախած՝ Մեսրոպեան վարժարանը։

Փոքր տարիքէն Զմմառու Սուրբ Միքայէլ նորընծայարան մուտք գործած է, յաճախելով Ֆէիթրունի Պօղոսեան հայրերու դպրոցը։ Նախակրթական ուսումը աւարտելէ եւ Միաբանական խոստումը տալէն ետք, կը յաճախէ Պօղոսեան հայրերու համալսարանը՝ ուր իր իմաստասիրական ( 2004) եւ աստուածաբանական ուսումը կ՛աւարտէ 2007 թուականին` մագիստրոսական աստիճանով։

2006ին, ձեռամբ Երջանկայիշատակ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս-Պատրիարքի փոքր կարգերն ու կիսասարկաւագութեան տուչութիւնը կը ստանայ, ապա 2009ին Սարկաւագական ձեռնադրութեամբ՝ իր մշտնջենաւոր ուխտերը Հայրապետին ձեռքերուն մէջ կը յանձնէ, անդամակցելով Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան։

2007էն մինչեւ 2009 Հռոմ կ՛ուղարկուի իր մասնագիտական ուսումները շարունակելու Յիսուսեան Հայրերու Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ, իր ուսումը կ՛աւարտէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ընկերային Ուսուցման մագիստրոսական աստիճանը ստանալով։

11 Դեկտեմբեր 2010ին, ձեռամբ՝ Երջանկայիշատակ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս-Պատրիարքին, Սուրբ Եղիա եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Քահանայ կը ձեռնադրուի, ստանձնելով Զմմառու Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի փոխ-տեսուչի պատշտօնը։

2011էն մինչեւ 2016, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանէն ներս կը պաշտօնավարէ՝, որպէս փոխ-տեսուչ եւ Իտալիոյ մօտ Պատրիարքական փոխանորդութեան մատակարարական խորհուրդի փոխ նախագահ։

2012ին Սալէզեան Հայրերու համալսարանէն ներս կը մասնակցի կազմաւորողներու կազմաւորման դասընթացքի։

2012-ին, Լատերանեան քահանայապետական համալսարանի, Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կաճառէն ձեռք կը ձգէ Աստուածաբանութեան մագիստրոսական աստիճան` Ընտանիք եւ Ամուսնութիւն մասնաճիւղով։

2014էն մինչեւ 2016 թուականին, զուգահեռ ձեւով, որպէս օգնական Վարդապետ ծառայած է, Հունգարիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքին։

2017ին, Զմմառու Սուրբ Միքայէլ Նորընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի Տեսուչ կ՛անուանուի մինչեւ 2024։

2019-էն մինչեւ օրս Սուրբ Խաչ- Հարպոյեան դպրոցի տնօրէնութեան պաշտօնը վարած է, եւ միաժամանակ քրիստոնէական դասաւանդած` մինչեւ 2023:

2019էն մինչեւ օրս կը շարունակէ ծառայել, որպէս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի քարտուղար։

2019էն մինչեւ 2021 անուանուած է Պէյրութի թեմի Քրիստոնէական կրօնի դասաւանդման յանձնախումբի նախագահ։

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան ընդհանուր ժողովով, Օգոստոս 2023ին, վարչական կը վերընտրուի եւ Զմմառու Վանքէն ներս կը ծառայէ, որպէս ներքին մատակարար, արխիւապետ եւ ընդհանուր քարտուղար։

3 Ապրիլ 2024ին, Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսի ընտրութեամբ եւ Սուրբ Աթոռի համաձայնութեամբ Եպիսկոպոս կ՛ընտրուի եւ կ՛անուանուի որպէս օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի Կաթողիկէ Հայոց Թեմին։

Ռատիօ Վատիկանիս հայկական բաժանմունքի խմբագրութիւնը իր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէ նորօծ Եպիսկոպոսին մաղթելով բեղուն եւ պտղաբեր առաքելութիւն ի Փառս Աստուծոյ եւ ի բարօրութիւն ազգիս հայոց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2024, 07:53