Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Promenade - Limoges. Le Marche - Catacombae (Sepulcrum Romanum) - Con Mortuis In Lingua Mortua - La Cabane Sur Les Pattes De Poule (Baba-Yaga) - La Grande Porte De Kiev
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
Ordinazione sacerdotale chiesa armeno cattolica di Kamishli (Siria)

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Գամիշլիի Ս․ Յովսէփայ Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ մայր տաճարին մէջ

«Քահանայք Քո զգեցցին զարդարութիւն, եւ սուրբք Քո ցնծալով ցնծասցեն»: (Սղմ․ ՃԼԱ.)

18 Մայիս 2024 թուին, Եօթներորդ Շաբաթ Յինանց, ժամը 17:00-ին, Գամիշլիի Ս․ Յովսէփայ Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ մայր տաճարին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ Տէր Գրիգոր Սրկ․ Սանոյեանի եւ Տէր Նուպար Սրկ․ Մելքոնեանի Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման կարգը՝ ձեռամբ Բարձր Ճեզիրէի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Արհի․ Տէր Անդրանիկ Եպս․ Այվազեանի, առընթերակայութեամբ՝  Գերյ. Հ․ Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի եւ Գեր. Հ․ Մովսէս Վրդ․ Տօնանեանի։

Հոգեպարար արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Ճեզիրէի Հայ Առաքելական Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը, եւ Արժ. Տ. Պսակ Քհն. Պէրպէրեանը։

Ներկայ գտնուեցան նաեւ Ասորի Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու հոգեւորականները, Քաղդէացի եկեղեցականները, Աւետարանական Եկեղեցւոյ Վերապատուելին եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Յընթացս սուրբ եւ անմահ Պատարագին՝ ձեռնադրութեան սրբազան արարողութեան պահուն, մինչ կը հնչէր «Այսօր Աստուածութիւնն զուարճանայ» շարականը, երկու նորընծայ սարկաւագները դասին մէջ ծնկաչոք և բազկատարած, դէպի ժողովուրդը դարձած՝ ցոյց կու տան իրենց հրաժարումը այս աշխարհէն եւ նուիրումը սուրբ եկեղեցւոյ ծառայութեան։

Այնուհետեւ, եկեղեցական դասը եղանակեց «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» աղօթքը, իսկ հաւատացեալները իբրեւ վկայութիւն պատասխանեց․ «Արժանի է»։

Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ետք, Գերապայծառ Տէրը օրուայ պատշաճի խօսքը ուղղեց բոլոր ներկաներուն․

“Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,

Այսօր մեծ ուրախութիւն է մեր հայ կաթողիկէ թեմին համար, որովհետեւ երկու նոր մշակներ ունեցանք ծառայելու մեր հայ ժողովուրդին և փառաւորելու զԱստուած։

Քահանայութիւնը՝ նուիրում է, ծառայութիւն եւ առաքելութիւն։

Դուք եղած էք ծառայելու համար եւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու։

Եղէք այսուհետեւ հեզ, պարզ եւ եղբայրասէր ձեզի յանձնուած հօտին նկատմամբ։

Հոգեգալստեան նախօրէին, Հ․ Կ․ Եկեղեցին իր Հովուապետով, Քահանաներով և ժողովուրդով հաւաքուած ենք Վերնատունը, նման տասներկու Առաքեալներուն և Տիրամօր ընդունելու Ս․ Հոգւոյն եօթնարփեան պարգեւները։

Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ ձեր ընտանիքները եւ կը մաղթեմ ձեզի բեղուն առաքելութիւն, ի սպաս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պայծառութեան։”

Ապա, Գերապայծառ Տէրը ձեռքերը դնելով երկու նուիրեալ սարկաւագներուն գլխուն վրայ կ՛արտասանէ ձեռնադրութեան մեծ աղօթքը․ որմէ ետք, անոնք պատարագի հանդերձանքը կը զգենուն և դարձեալ կը կանգնին ձեռնադրիչ Եպիսկոպոսին առջեւ, որ սրբալոյս միւռոնով կ՛օծէ անոնց ճակատները ու ձեռքերը։

Օծման արարողութեան աւարտին, նորընծայ քահանաները կը ստանան

Գերապայծառ Տիրոջմէ «զսկիհն Գինիով եւ զմաղզմայն Նշխարով» որպէս իշխանութիւն սուրբ պատարագ մատուցանելու ։

Ի վերջոյ, նորօծ քահանաները իրենց առաջին օրհնութիւնը կու տան ժողովուրդին։

Առ ի գիտութիւն հաւատացելոց, Քահանայական Ձեռնադրութեան առաջին մասը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 17 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Գամիշլի Սուրբ Յովսէփայ Հ․ Կ․ Աթոռանիստ մայր տաճարի մէջ։

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2024, 06:51
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031