Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Ուղղափառ Համայնքին Պէյրութի Առաջնորդը Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Ուղղափառ Համայնքին Պէյրութի Առաջնորդը 

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Ուղղափառ Համայնքին Պէյրութի Առաջնորդը՝ Գերպծ. Էլիաս Արքեպս. Աուտէին

Յոյն Ուղղափառ Համայնքին Պէյրութի Առաջնորդը՝ Գերպծ. Էլիաս Արքեպս. Աուտէ ընդունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը,
Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2024-ին, Յոյն Ուղղափառ Համայնքին Պէյրութի Առաջնորդը՝ Գերպծ. Էլիաս Արքեպս. Աուտէ ընդունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որուն կ’ընկերակցէին Հ. Արամ Վրդ. Աբրահամեան ու Պատրիարքարանին արտաքին յարաբերութիւններուն պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրի:

Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը, հանդիպումէն ետք, ըսաւ. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։ Իմ այցս Գերպծ. Աուտէ Արքեպիսկոպոսին եղբայրական այցելութիւն մըն է տօներուն առիթով։ Յարութեան տօնը բոլոր հոգեւորականներուն և քրիստոնեաներուն տօնն է, ինչ որ միաժամանակ հանդիպելու ուրախ առիթն է՝ երկար բացակայութենէ մը ետք:
Հանդիպեցանք ու զրուցեցինք հոգեւոր և ընկերային հարցերու շուրջ, յատկապէս, թէ ի՛նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ ու թէ մեր պարտականութիւնները կատարելու մասին։ Աւետարանը մեզի շատ բան կը սորվեցնէ և մեզի կը յայտնէ, թէ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս ըսած է իր աշակերտներուն.“Եթէ կ’ուզէք, որ աշխարհը գիտնայ, որ դուք իմ աշակերտներս էք, սիրեցէ՛ք զիրար”:

Հետեւաբար, այսօր մենք մեր փոխադարձ սէրը կը յայտնենք և մենք խորապէս հրճուած ենք այս առիթով», եզրափակեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2024, 08:00
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031