Որոնել

2019.05.29 L'Ascensione del Signore di Gesù - solennità - vangelo della domenica

«...Եւ մինչ կ'օրհնէր՝ մեկնեցաւ անոնցմէ ու երկինք վերացաւ» (Ղուկաս 24,52) - Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն

Համբարձումը մեզ կը մղէ ուրիշներուն դիմաց վկայելու, թէ այս երկրաւոր ու վաղանցուկ կեանքէն յետոյ՝ երկնաւոր ու անանց կեանք մը կայ, ուր պիտի վարձատրուինք մեր բարի գործերուն համար, կամ պիտի դատապարտուինք մեր չար գործերուն պատճառով: Նոր Կտակարանէն կ'իմանանք, թէ Համբարձումէն ետք աշակերտները Երուսաղէմ դարձան, եւ Ս. Կոյս Մարիամի հետ Ս. Հոգւոյ Գալստեան սպասեցին:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յովհաննէս աւետարանիչ կը պատմէ, թէ Յիսուս հազիւ աւարտած էր Իր քարոզը, որու ընթացքին յայտարարած էր՝ «Ես եմ կեանքի հացը» (Յովհաննէս 6, 48), եւ մատնանշած՝ Իր մարմինը ուտելու պարտականութեան մասին, եւ արդէն իսկ Իր աշակերտներէն շատեր կը տրտնջեն ու կը հեռանան: Յիսուս կը մնայ անտեղիտալի ու կը յարէ. «Ա՞տ կը գայթակղեցնէ ձեզ: Իսկ ի՞նչ պիտի ընէք, եթէ տեսնէք Մարդու Որդին բարձրացած հոն՝ ուր էր նախապէս» (Յովհաննէս 6, 62-63):

Սոյն դրուագը կը ներփակէ համակ կանխասացութիւնը Յիսուսի Համբարձման, որ իբրեւ աստուածային Խորհուրդ՝ տառապողներուն եւ մահամերձներուն համար հաւաստիք մըն է մխիթարութեան:

Յաճախ կը հանդիպինք անհատներու, որոնք կորսնցուցած են կեանքի եւ ապրելու իմաստը իսկական: Նման անձեր յուսալքումի վիճակ մը կ'ապրին, որովհետեւ անհորիզոն կեանք մը կը վարեն այս երկրի վրայ: Կեանքի դժուարութիւններուն բեռին տակ կքած եւ իրենց հաւատքը անթեղած՝ ի վիճակի չեն անդենականութեան մտածելու: Հո'ս է, որ Քրիստոսի Համբարձումը կու գայ մեզի յիշեցնելու, թէ մեր երկրաւոր կեանքը կարճատեւ է եւ մենք սահմանուած ենք յաւիտենութեան մէջ ապրելու: Մեզմէ առաջ Համբառնալով, Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ այդ երկնաւոր անվախճան կեանքը, ուր պիտի ապրինք փառաւորեալ մարմինով ու հոգիով:

Հոգեհանգստեան պաշտօնի արարողակարգի ընթացքին՝ կ'երգենք քրիստոնէական հաւատքը արտայայտող սա յուսադրիչ շարականը. «Ի վերին Երուսաղէմ ի բնակարանս հրեշտակաց, ուր Ենովք եւ Եղիաս կան ծերացեալ աղաւնակերպ ի դրախտին եդեմական պայծառացեալ արժանապէս»:

Յիսուս մեզի բացաւ երկինքի դուռը, որ փակ էր մնացած մեր նախահայրերու անհնազանդութեան մեղանչումին պատճառով: Համբարձման խորհրդաւոր բնոյթը մեզ կը հրաւիրէ՝

-Աճեցնելու մեր մէջ յոյսի առաքինութիւնը. որովհետեւ «Այդ Յիսուսը, որ երկինք վերացաւ, նոյն կերպով պիտի գայ ինչպէս տեսաք Անոր երկինք վերանալը» (Առաքեալներու Գործեր 1,11).

-Որդիական աւելի խոր վստահութիւն ունենալ Աստուծոյ վրայ, որ մեզի պիտի օգնէ մեր կեանքի տառապանքներէն ու ցաւերէն անդին նայելու, եւ մեզի պիտի տայ հնարաւորութիւնը երկինք մտնելու:

Որքան ալ մեր երկրաւոր կեանքը խոտոր իրադարձութիւններ վերապահէ մեզի, նոյնքան ալ Քրիստոսի Համբարձումը կը զգաստացնէ մեզ, որ երկինք մտնելու կ'արժանանան լոկ անոնք, որոնք հաւատարիմ մնացած պիտի ըլլան եւ ապրած՝ համբերութեամբ եւ զոհողութեան հոգիով:

Համբարձումը մեզ կը մղէ Նաեւ օգնելու անոնց, որոնք տակաւին հեռու են ճանչնալէն Յիսուսը, որ է' «ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ Կեանք» (Յովհաննէս 14, 6):

Համբարձումը մեզ կը մղէ ուրիշներուն դիմաց վկայելու, թէ այս երկրաւոր ու վաղանցուկ կեանքէն յետոյ՝ երկնաւոր ու անանց կեանք մը կայ, ուր պիտի վարձատրուինք մեր բարի գործերուն համար, կամ պիտի դատապարտուինք մեր չար գործերուն պատճառով:

Նոր Կտակարանէն կ'իմանանք, թէ Համբարձումէն ետք աշակերտները Երուսաղէմ դարձան, եւ Ս. Կոյս Մարիամի հետ Ս. Հոգւոյ Գալստեան սպասեցին:

Մենք եւս Տիրամօր հանդէպ մեր տածած ջերմեռանդութեամբ կազմ ու պատրաստ ըլլանք այն օրուան՝ երբ Տէրը պիտի գայ, որպէսզի իմաստուն կոյսերու նման՝ զայն ընդունինք մեր բարի վարքին վառ լապտերներով, հետը մտնելու համար երկինքի հարսանեկան առագաստը:

Առ այդ, մեր սիրտը բարձրացնենք դէպի երկնաւոր Հայրը՝ մեր աչքերը սեւեռելով յաւիտենական հայրենիքին՝ մեր նպատակակէտին: Յոյսով զօրացած՝ հաւատարմութեամբ կատարենք մեր պարտականութիւնները այս երկրի վրայ, ջանալով միանգամայն բարելաւել մեր ընտանեկան ու ընկերային շրջանակը Աւետարանի աւիշով եւ Ս. Կոյս Աստուածածինի օգնութեամբ:

Գ. Վ. Զ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2024, 08:00