Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Ouverture da Tannhauser
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2023.04.01 San Nerses Shnorhali

ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԻՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԽՕՍՔԵՐՈՎ

Հաղորդաշար (60) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Որ­պէս վեր­ջա­բան, կը փա­փա­քիմ այս­տեղ ներ­կա­յաց­նել Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տը իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րու խօս­քե­րով, բաժ­նեկ­ցե­լու հա­մար այս հրա­շա­լի ան­ձնա­ւո­րու­թեան մա­սին վա­ղա­գոյն բայց դար­մա­գոյն զգա­ցում­նե­րը եւ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը։

­Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի ժա­մա­նա­կա­կից պատ­միչ­նե­րէն նախ եւ առաջ Կի­րա­կոս Գան­ձա­կե­ցին մեծ Հայ­րա­պե­տի բար­քե­րուն մա­սին խօ­սե­լով այս­պէս կ՚ար­տա­յայ­տուի. «Ին­քը՝ ամէ­նե­ւին հեզ էր եւ պար­կեշտ, ար­ժա­նա­ւոր Աս­տու­ծոյ մարդ»։ Իսկ Յով­հան­նէս Երզն­կա­ցին՝ որ Շնոր­հա­լիի կի­սա­ւարտ Մատ­թէոսի մեկ­նու­թեան գիր­քը պի­տի ամ­բող­ջաց­նէր՝ կը գրէ. «Ե­րա­նե­լի հե­զա­հո­գի պատ­րիարքն Հայոց՝ Տէր Ներ­սէս»։ Նմա­նա­պէս Յայս­մա­ւուրք կո­չուած՝ ամէ­նօ­րեայ սուր­բե­րու վար­քե­րը պա­րու­նա­կող հա­տո­րի հե­ղի­նակ­նե­րը կը յի­շեն Ներ­սէս Շնոր­հա­լին իր յատ­կան­շա­նա­կան առա­քի­նու­թիւն­նե­րով, որ­պէս հեզ ու խո­նար­հա­միտ ան­ձ, ան­բաւ հե­զու­թեան, աս­տուա­ծայ­նա­գոյն հե­զու­թեան տէր մարդ, մէկ խօս­քով «Աս­տուա­ծային շնորհք­նե­րով առլ­ցուն»։­

Իր վար­քա­գի­րը զինք կը նմանց­նէ Մով­սէ­սի, գրե­լով. «Իր մէջ կար նաեւ միւս բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րը առա­ւե­լա­պէս գե­րա­զան­ցող ու­րիշ առա­քի­նու­թիւն մը, որ շատ դժուար է թէ երկ­րա­ծին մը կա­րե­նայ ձեռք բե­րել ջան­քով։ Խօսքս ամե­նա­գո­վե­լի հե­զու­թեան մա­սին է, որ մեծ նա­խա­մար­գա­րէ Մով­սէ­սի նման ու­նէր, եւ ոչ թէ որո­շա­կի պահ մը, այլ իր կեան­քի բո­լոր օրե­րուն ոչ մէ­կուն բար­կա­ցաւ։ Իսկ եթէ որե­ւէ պատ­ճա­ռով բար­կու­թեան ար­ժա­նի խօսք մը կամ գործ մը ըլ­լար՝ նա չէր նեղսր­տեր կամ որե­ւէ ձե­ւով ցոյց չէր տար, այլ հեզ եւ քաղց­րա­գոյն խօս­քով կ՚ը­սէ. Լո՜յս, եթէ ես ին­ծի չխ­նայէի՝ քե­զի կը բար­կա­նայի»։

­Ներ­սէս Լամբ­րո­նա­ցի եւս Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տը կը հռ­չա­կէ ըսե­լով. «Ներ­սէս՝ հեզ հո­գի ստա­ցաւ, որ Մով­սէ­սի նման փայ­լե­ցաւ։ Ոչ մէ­կու դէմ չե­լաւ, այլ սուրբ սի­րով ըն­դու­նե­ցաւ»։

Ս. Ներ­սէս Հայ­րա­պե­տի նե­րանձ­նա­կան կեան­քը նկա­րա­գե­լու հա­մար Լամբ­րո­նա­ցի կը գրէ. «Ներ­սէս աղօթ­քի կը կան­խէր Տի­րոջ առ­ջեւ, Դէմ առ դէմ կը խօ­սակ­ցէր Անոր հետ, մտո­վի Փրկ­չին շնորհ­նե­րը կը փնտ­ռէր, եւ ար­ցուն­քով կը գո­հա­նար, նուէր­նե­րու չա­փով նուէր կը կշ­ռէր, իր ան­ձը աղեր­սան­քով կը փո­խա­նա­կէր։ Ըն­դու­նուե­ցաւ սի­րոյ մէջ, եւ ստա­ցաւ այն ինչ որ կը փնտ­ռէր...»։

­Ներ­սէս ան­նիւ­թե­ղէն մար­մին ըլ­լա­լով,

հ­րեշ­տակ էր երկ­րա­ւոր,

­վեր­ջին դա­րե­րուս առ այ­սօր

չ­կայ ոչ մէկ տեղ իրեն ար­ժա­նա­ւոր։

­Միայ­նակ նա եղաւ ճգ­նա­ւոր,

Շ­նորհք­նե­րով պայ­ծառ եւ փա­ռա­ւոր,

­Բայց այժմ երկն­քի մէջ է դա­սուած,­

Ա­նոր նմա­նող չմ­նաց»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2024, 07:47
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031