Որոնել

2024.05.16 Didascalia:  TKGA24  +  il titolo di ogni singola foto

«Թալիթա Քում»՝ մարդավաճառութեան զոհերուն պաշտպանութեան 15 տարիներ

«Թալիթա Քում» միջազգային ցանցի երկրորդ Ընդհանուր Ժողովին մասնակցելու նպատակով՝ 90 երկիրներու աւելի քան 200 պատուիրակներ Մայիս 18էն 24ը ժամանած են Հռոմ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի «Talitha Kum - Թալիթա Քում» միջազգային ցանցի աւելի քան 200 պատուիրակները, Մայիս 18էն 24ը Հռոմի մէջ պիտի գումարեն իրենց Ընդհանուր Բ Ժողով,  որ կը համընկնէ Մեծաւորուհիներու միջազգային ընդհանուր միութեան (Unione Internazionale delle Superiore Generali - UISG) կողմէ ղեկավարուող այդ ցանցի կազմաւորումի 15ամեակին հետ։

«Թալիթա Քում»ին պատմութիւնը

UISGին մաս կազմող ժողովները մարդավաճառութեան դէմ պայքարին իրենց առաջին ներդրումը ունեցած են 1998 թուականին՝ Արդարութեան եւ Խաղաղութեան Յանձնաժողովի ծիրէն ներս պատրաստելով տեղեկատուական նիւթեր 11 լեզուներով , որոնք հիմնարար նշանակութիւն ունեցած են մարդկանց առեւտուրի մարտահրաւէրներու շուրջ հանրային իրազեկուածութեան բարձրացումի համար:

Այդ յանձնառութիւնը  2001ին հանգեցուց վերապատրաստման ծրագիրներու մշակումին՝ սեռական բռնութեան եւ շահագործման ենթարկուած կանանց եւ մանուկներու խնդիրները դիմագրաւելու նպատակով, իսկ արդեն 2009ին հիմք հանդիսացաւ UISGի կողմէ «Թալիթա Քում»ի պաշտօնական հիմնադրումին։

«Թալիթա Քում»ը այսօր

Աշխարհի տարբեր մասերու մէջ վերապատրաստուած միանձնուհիները, այդպիսով, վերջին 26 տարիներու եւ «Թալիթա Քում»ի գոյութեան 15 տարիներու ընթացքին միաւորած են իրենց ջանքերը՝ վերջ դնելու մարդավաճառութեան չարիքին:

Ցանցի միջազգային համակարգող Քոյր Էպպի Ավելինոյին խօսքերով՝ միանձնուհիներու եւ անոնց համագործակիցներու ձայնը կ’աջակցի փրկուածներուն՝ ոտքի ելլել եւ վերականգնել մարդկային արժանապատւութիւնը, կը քալեն անոնց հետ միասին բուժումի ճամբով։

«Թալիթա Քում»ը՝ ցանցերու ցանց

«Թալիթա Քում» միջազգային ցանցը՝ «Talitha Kum International»ը դարձած է ցանցերու ցանց, որ կը ներառէ ազգային, տարածաշրջանային եւ մայրցամաքային ցանցեր՝ շարունակելով զարգացնել կարողութիւնները։

Ունի 60 ցանցեր՝  բոլոր մայրցամաքներուն եւ 107 երկիրներուն մէջ: Վերջին տարիներուն շարունակած է ընդլայնուիլ ստեղծելով նոր ցանցեր եւ ենթացանցեր՝ մասնաւորապէս Ասիոյ ու Ափրիկէի մէջ։ Կը համախմբէ 777 կրօնաւորուհիներու ժողովներ, 93 կրօնաւորներու ժողովներ և 48 միջ կրօնական համագործակցողներ: 2023 թուականին օգնութեան ձեռք մեկնած է 753,392 անձերու՝ 34,4 առ հարիւրով աւելի՝ 2022ի համեմատ։

Բացի այդ, կը համագործակցի տարբեր կազմակերպութիւններու հետ՝ 297 կաթողիկէ, 219 հասարակական եւ 204 կառավարական ու միջկառավարական կազմակերպութիւններ՝ 2023ի դրութեամբ եւ յոյս ունի շարունակել ընդլայնել իր ցանցը՝ աշխարհի մեծ կարիքներուն պատասխանելու նպատակով:

«Թալիթա Քում երիտասարդ դեսպաններ»

«Թալիթա Քում․ մարդավաճառութեան դէմ երիտասարդ դեսպաններ» (Talitha Kum Youth Ambassadors of Anti-Trafficking) ծրագիրը սկսած է 2021ի սեպտեմբերին Ասիոյ մէջ, որ ապա ընդլայնուած է միւս ցամաքամասեր։ Իրենց առաքելութեան ծիրէն ներս երիտասարդներու միջազգային հոծ խումբը անցեալ 7 Փետրուարին, մասնակցած է Ֆրանչիսկոս Պապի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան։

Ներկայ գտնուելով նաեւ Լիզպոնի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան ՝ «Թալիթա Քում»ին յատուկ տաղաւարի օգնութեամբ, երիտասարդ դեսպանները զրուցած են իրենց հասակակիցներու հետ՝ մարդավաճառութեան դէմ պայքարի մէջ զանոնք ներգրաւելու նպատակով։

Այդ նոյն նպատակով ընթացիկ տարուան 30 Յունուարին «Թալիթա Քում երիտասարդ դեսպաններ»ը Walking in Dignity յաւելուածի (App Walking in Dignity) միջոցաւ հրաւիրած են աշխարհի երիտասարդները ներգրաւուիլ եւ հոգ տանիլ մարդավաճառութեան զոհ դարձած անձերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2024, 12:38