Մանուկներու Համաշխարհային առաջին օրուան առիթով Կազայի մանուկներուն շնորհակալութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Շնորհակալութիւն Ֆրանչիսկոս Պապ որ միշտ մեր կողքին կը գտնուիս». Այս խօսքերով որ Կազայի Սուրբ Ընտանիք Լատին եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութեան մանուկները ողջոյնի խօսք կ՛ուղղեն Ֆրանչիսկոս Պապին Մանուկներու Համաշխարհային առաջին Օրուայ նախօրէին որ սկիզբ պիտի առնէ վաղը շաբաթ 25 Մայիսի կէսօրէն ետքը, Հռոմի «Օլիմփիքօ» մարզադաշտին մէջ, Սրբազան Պապին Մանուկներուն հետ ունեցած հանդիպումով եւ իր աւարտին պիտի հասնի կիրակի օրը` 26 Մայիսի առաւօտեան ժամը 10ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Նորին Սրբութեան մատուցած սուրբ պատարագով։
«Մենք ալ ուզեցինք մասնակից ըլլալ այդ հաւաքին, մեր ողջոյնը ուղղելով Ֆրանչիսկոս Պապին ու հաւաքին մասնակցող բոլոր մանուկներուն» ըսաւ այս առիթով Կազայի Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութեան ժողովրդապետ Հայր Կապրիել Ռոմանելլի, Իտալական «ՍԻՐ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, աւելցնելով նաեւ, որ ամէն երեկոյ Սրբազան Քահանայապետը հեռաձայնային կապ կը հաստատէ ժողովրդապետութեան հետ , տեղեկանալու իրենց որպիսութեան մասին, եւ «մեզի փոխանցած թելադրանքներէն մին «մանուկները պաշտպանելն է» յարեց Ան։
Ճիշտ այդ մանուկները «Մարդացեալ Բան» անուամբ միսիոներական միաբանութեան քոյրերուն օգնութեամբ գծագրեցին եւ գունաւորեցին պաստառ մը, որ կը կրէ «Շնորհակալութիւն Ֆրանչիսկոս Պապ, որ միշտ մեր կողքին կը գտնուիս» խօսքը։
Մանուկներուն նուիրուած առաջին համաշխարհային օրուան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեմ նաեւ Բեթղեհէմէն եւ Երուսաղեմէն ժամանած մանուկներու պատուիրակութիւն մը, որոնց ճամբորդութիւնը կարելի եղաւ «Խաղաղութեան Ովասիս» անուամբ ընկերակցութեան օժանդակութեամբ։
«Կազայի մանուկները կ՛ուզեն իտէալական կերպով միանալ աշխարհի բոլոր մանուկներուն, որպէսզի աղօթք խնդրեն խաղաղութեան համար, բռնութեան աւարտին համար, այնպէս ինչպէս մեզմէ կը խնդրէ ընել Ֆրանչիսկոս Պապը» ըսաւ ի միջի այլոց Հայր Ռոմանելլի միշտ «ՍԻՐ» լրատու գործակալութեան հետ ունցած զրոյցի ընթացքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ