Որոնել

2024.05.07 Visita di Mons. Zahterian alle comunità Armene della Romania

Գերյ. Հ. Մաշտոց Ծ.Վրդ. Զահթէրեանի այցը Ռումանիայի Թեմի հայ կաթողիկէ համայնքներուն

1687 թուականին, Թրանսիլվանիայի հայ կաթողիկէ համայնքին համար, Սուրբ Աթոռը հաստատած է Առաքելական Փոխանորդութիւն, իսկ 5 յունիս 1930ին, Սուրբ Աթոռի եւ Ռումանիայի պետութեան միջեւ կնքուած համաձայնութեան հիման վրայ, հաստատուած է հայ կաթողիկէ Առաջնորդական աթոռը, որուն նստավայրը՝ Սամոշոյվար քաղաքն է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռումանիայի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաքելական Կառավարիչ՝ Արհիապատիւ տէր Կէրկէլ արք. Քովաչի հրաւէրով, Զմմառու Պատրաիրքական Կղերի միաբան՝ Գերյ. Հ. Մաշտոց Ծ.Վրդ. Զահթէրեան, որ արդէն աւելի քան հինգ ամիսներէ ի վեր կը ծառայէ Պուտաբէշտի Հայ Կաթողիկէ համայնքէն ներս, այցելեց Ռումանիայի Թեմի հայ կաթողիկէ համայնքներն ու տեսակցեցաւ տեղւոյն ժողովրդապետներուն ու հաւատացեալներուն հետ։

Գերյ. հայր սուրբը արքեպիսկոպոս հօր նստավայր՝ Ալպա Լուլիա ժամանեց 30 ապրիլին, իսկ մայիսի 1-էն 3, անոր ընկերակցութեամբ այցելեց հայ կաթողիկէ 4 համայնքները՝ Սամոշոյվար՝ Հայաքաղաք (Կէրլա), Կէրկէօսանթմիքլոշ՝ Ճուրճով (Կէօրկէն), Սեյբվիզ՝ Սիբքիզ (Ֆրումոազա) եւ Էրզեպեթվարոշ (Տումպրավէն), ինչպէս նաեւ հանդիպում-զրոյց ունեցաւ Մարոշվաշարէյի (Թարկու Մուրէշ) խումբ մը հաւատացեալներու հետ։

1687 թուականին, Թրանսիլվանիայի հայ կաթողիկէ համայնքին համար, Սուրբ Աթոռը հաստատած է Առաքելական Փոխանորդութիւն, իսկ 5 յունիս 1930ին, Սուրբ Աթոռի եւ Ռումանիայի պետութեան միջեւ կնքուած համաձայնութեան հիման վրայ, հաստատուած է հայ կաթողիկէ Առաջնորդական աթոռը, որուն նստավայրը՝ Սամոշոյվար քաղաքն է։

2020 թուականէն ի վեր Առաքելական Կառավարիչ նշանակուած է Արհի. Կէրկէլ արք. Քովաչը։

Տասնեակ տարիներէ ի վեր մինչեւ օրս, Ռումանիայի հայ կաթողիկէ առաջնորդութիւնը չունի իրեն սեփական կղերական դասը։ Ներկայիս, այդ համայնքներէն ներս կը ծառայեն Ալպա Լուլիայի Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի 5 հոգեւորականներ՝ հայր Աթիլլա Քիւշմէօտի, հայր Էնտրէ Սաքաչ, հայր Հիւնօր Կալ, որոնք Սուրբ Աթոռի հրամանով իրաւունք ունին ծիսակատարումները կատարել ըստ հայկական ծէսին, հայր Թիպոր Պապոթա եւ հայր Զոլթան Կապոր։

Հակառակ անոր որ, հայ կաթողիկէ հաւատացեալները, դժբախտաբար, կորսնցուցած են իրենց մայրենի լեզուն եւ դարձած են հունկարախօս, սակայն, անոնք մեծ հպարտութեամբ ու ամենայն բծախնդրութեամբ, հպարտօրէն կը պահեն իրենց հոգեւոր արժէքներն ու մշակոյթը։

Հինգ հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալներուն հետ գերյ. հայր սուրբին տեսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ այցելելով եւ մօտէն ծանօթանալով եկեղեցիներուն ու համայնքներուն պատմութեանը, կը միտի առաւել հոգատար առաքելութիւն մը ապահովելու հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն ըստ իրենց եկեղեցւոյ ծէսին։

Աղբիւրը՝  Պուտաբէշտի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2024, 07:57