Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Allegro giocoso, ma non troppo vivace - Poco più presto
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2024.06.04 Chiusura mese mariano a Bourj Hammoud Chiesa Armeno Cattolica

Մայիսեան ջերմեռանդութեան փակում եւ հանդիսաւոր թափօր Պուրճ Համմուտ

Գերապայծառ Հ. Գրիգորը, Զմմառու Տիրամօր Պատկերով օրհնեց եւ «Պահպանիչ» աղօթքով արձակեց հազարաւոր հաւատացեալներու բազմութիւնը
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Ուրբաթ, 31 Մայիս 2024-ի, երեկոյեան ժամը 6-ին, «Ս. Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Արհիապատիւ Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահի, Պէյրութի Պատրիարքական թեմին օգնական նորօծ եպիսկոպոսին, Մայիսեան Ջերմեռանդութեան փակումը կատարուեցաւ, հոգեւորականներու եւ Մարեմասէր հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ:

Ս. Վարդարանի աղօթքէն ետք, Գերապայծառ Տէրը քարոզեց Ս. Կոյս Մարիամի խոնարհութեան մասին, հրաւիրելով բոլոր ներկաները նմանիլ անոր առաքինի վարքին: Ապա հանդիսաւոր թափօրով «Ս. Մեսրոպ»ի սկաուտախումբին եւ «Ս. Փրկիչ» Շեփորախումբի նուագներու առաջնորդութեամբ, «Յիսուսի Բարեկամ» դպրաց դասի սպասաւորութեամբ, Մարիամի կերպարը ներկայացնող արձանն ու Խաչվառը ուսամբարձ շալկած «Բարեսիրական Միութեան» ու «Բարեսէր Տիկնանց Միութեան» անդամ-անդամուհիները եւ բոլոր ներկաները «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիէն ուղղուեցան դէպի Նոր Մարաշ փողոցը եւ Նոր Արաքս թեքուելով, «Արծիւեան» երգչախումբի Մարեմական տաղերով ու աղօթքով մուտք գործեցին Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի շրջափակը:

Այնտեղ Գերապայծառ Հ. Գրիգորը, Զմմառու Տիրամօր Պատկերով օրհնեց եւ «Պահպանիչ» աղօթքով արձակեց հազարաւոր հաւատացեալներու բազմութիւնը:

Աղբիւրը` Սուրբ Փրկիչ ժողովրդապետութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2024, 10:28
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031