Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Հայերէն Հաղորդում
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2024.06.01 Conclusione mese mariano chiesa armeno cattolica - Kessab (Siria)

Մայիս ամսուայ Ս. Կոյս Աստուածածնի ջերմեռանդական աղօթքներու փակում Քեսապի մէջ

Աւանդութեան համաձայն արարողութիւնը կազմակերպուած էր Քեսապի Հայ երեք համայնքներու կողմէ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քեսապահայ հաւատացեալները։
Ունկնդրէ լուրը

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, կազմակերպութեամբ` Քեսապի Հայ երեք համայնքներու եւ մասնակցութեամբ Քեսապի երեք համայնքներու երգչախումբերու, Ուրբաթ` 31 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ մայիս ամսուայ Ս. Կոյս Աստուածածնի ջերմեռանդական աղօթքներու փակում մասնակցութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։

Աղօթքի ընթացքին քարոզեցին եւ շարականներ երգեցին Քեսապի Հայ Աւետարանական համայնքի Պատուելի` Շանթ Ակիշեան եւ Հայ Աւետարանական «Ս. երրորդութիւն» եկեղեցւոյ երգչախումբը, ինչպէս նաեւ Քեսապի Հայ Առաքելական համայնքի Հոգեշնորհ` Հայր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան եւ Հայ Առաքելական «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ դպրաց դասը եւ «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ երգչախումբը։

Ս. Աստուածածնի արձանով թափօր տեղի ունեցաւ վանքին շուրջ որմէ ետք վանքին բակին մէջ աղաւնիներ արձակուեցան որպէս խորհրդանիշ խաղաղութեան ապա տեղի ունեցաւ Քեսապի աւանդական մատաղօրհնէք` «Հարիսան», Քեսապի ազատագրման 10-րդ ամեակին առթիւ։

Ուխտի օրը աւարտեցաւ մատաղի` հիւրասիրութեամբ։

Աղբիւրը` Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2024, 08:00
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031