Որոնել

Եւրոպայի խորհրդարանը Եւրոպայի խորհրդարանը  (AFP or licensors)

Եւրոպայի եպիսկոպոսները. Ընտրուողները թող բոլոր քաղաքացիներու ծառայութեան մէջ ըլլան

Եւրոպական միութեան եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու յանձնաժողովին փոխ նախագահ, գերապայծառ Հէրուարտ մեկնաբանելով Եւրոպայի խորհրդարանի վերանորոգման ընտրութիւնը յայտնեց կան «պարտականութիւններ հասարակութիւն եւ զօրակից Եւրոպայ կառուցելու համար, ուր փոքրիկներու, դիւրաբեկներուն եւ դժուարութեան մէջ գտնուող անձերու իսկական տեղ կայ»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու յանձնաժողովին փոխնախագահ գերապայծառ Անթուան Հէրուարտ մեկնաբանելով Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւնները նկատել տուաւ, որ Եւրոպայի 27 երկիրներու ընտրողները ցոյց տուին իրենց մտավախութիւնները եւ քննադատութիւնները Եւրոպային նկատմամբ, որ կը թուի չափազանց հեռաւոր, չափազանց բծախնդիր, որոշ թեմաներու շուրջ։

Գերապայծառ Հէրուարտ յանուն յանձնաժողովին քաջալերանքի ազդանշան փոխանցեց ընտրուածներուն, խնդրելով անոնցմէ գիտակից դառնալու որ «ամբողջ եւրոպային ծառայութեան մէջ են եւ ոչ միայն յատուկ շահեր պաշտպանելու ։

Եւրոպան կերտելը եպիսկոպոսներու համար հիմնական կէտն մըն է, պէտք է ըլլայ զօրաւոր կառուցում, որ կապ կը ստեղծէ երկիրներու անդամներուն միջեւ ու Երոպան յատուկ կերպով կը դնէ աշխարհի մեծ երկիրներու հետ յարաբերութեան հետ, նշեց գերապայծառ Անթուան Հէրուարտ աւելցնելով որ Եւորպացիներուն կոչ մըն է, որ պէտք է հաշուի առնել՝ արտայայտուած քննադատական քուէարկութեամբ, որ սակայն եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը կը ձգէ որպէս եւրոխորհրդարանի ամենամեծ խումբը, ըսաւ հէրուար շեշտելով, որ ընտրութիւններուն արդիւնքը չնշանակեր, որ մենք պէտք չէ միայն ընդառաջենք ծայրայեղ աջ կամ ժողովրդական որոշակի թիւով կուսակցութիւններուն տրամաբանութեան այլ կը նշանակէ, որ ընտրութիւններուն արտայայտուած դժգոհութիւնները պէտք են հաշուի առնուիլ մեծամասնութեան գործունէութեան մէջ, որ կը յառաջանայ հիմնական առաջնորդներու ընտրութեամբ։

Եւրոպայի եպիսկոպոսաց յանձնաժողովը ոչ մէկ ձեւով չցուցաբերելով այս կամ այն քաղաքականութեան աջակցութիւն կ՝ընդգծէ, որ կեանքի պաշտպանութեան կապուած նիւթերը, գործաւորներուն իրաւունքները, միջազգային փոխ օգնութեան եւ ամենաղքատ երկիրներու զարգացման հետ կապուած խնդիրները կը մնան եւորպական արժէքներ «խրախուսուած եկեղեցիէն» եւ որոնք կ՝առնչուին ժողովարարութեան,օրէնքի գերակայութեան եւ շատ տարբեր արժէքներու հետ, որոնց մասին Ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ անդրադարձած Եւրոպային ընդելուզման իր տարբեր պատգամներու մէջ», ըսաւ Եւրոպական միութեան եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու յանձնաժողովին փոխ նախագահը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2024, 09:57