Որոնել

2023.05.12 VI domenica di Pasqua 'A' Gesù - Vangelo

Հոգեգալստեան շրջանի Դ. Կիրակի (Մտթ. 12, 1 – 8) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

Բոլորս կանչուած ենք մեր մէջ ունենալու ՍԷՐԸ, որպէսզի Ինք մեր սրտերը լեցնելով իսկական սիրով՝ տայ մեզի Աստուծմով լեցուն սիրտ մը՝ որմով մեր բոլոր զոհերը պիտի դառնան օգտակար, լսելի եւ ամէնակարեւորը՝ Աստուծոյ աչքին հաճելի. Ամէն:
Ունկնդրէ լուրը

Այսօր սիրելիներ, եւ կրկին համաձայն մեր տօնացոյցին, կը սկսինք Հոգեգալստեան շրջանի Դ. Կիրակին:

Անցեալ կիրակի (Հոգեգալստեան շրջանի Գ. րդ կիրակին) տեսանք թէ ինչպէս երբ մեր մէջ Ս. Հոգին գոյութիւն չունենար եւ կամ մեր մէջ չի բնակիր ու չգործեր, մեր սրտերը կը դառնան պաղ եւ ցուրտ՝ նման ձմռան, եւ այդ պատճառով է որ մեզմէ խնդրուած է այս շրջանը՝ կարելի եղածին չափ լաւ օգտագործել, որպէսզի Ս. Հոգին իր հրեղէն ուժովը մեր մէջ գալով՝ մեր հոգիները եւ մեր անձերը պահէ ջերմ, ինչպէս նաեւ մեր սրտերը ըլլան միշտ ու միշտ բաբախուն` Քրիստոսով եւ Քրիստոսի համար:

Կարդալէ ետք մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը, մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ հետեւեալ նախադասութիւնը. «Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ թէ զոհ»:

Այստեղ սիրելիներ հարց տալով պիտի ըսէք. « ողորմութիւնը ի՞նչ կապ ունի զոհին հետ»: Առնենք սիրելիներ այս երկու բառերը (ողորմութիւն եւ զոհ) եւ տեսնենք թէ Յիսուս ինչ նամակ ունի մեզի փոխանցելիք:

ԶՈՀ: Զոհ բառը սիրելիներ կը նշանակէ նուէր, ընծայ եւ կամ պատարագ: Երբ բանանք Հին Կտակարանը եւ Անոր գիրքերը, կը տեսնենք թէ ինչպէս Հրեայ ժողովուրդը՝ սկսեալ առաջին մարդէն իսկ, զոհ կը մատուցանէին Աստուծոյ (այստեղ կարելի է յիշել Կայէնն ու Աբէլը), եւ թէ ինչպէս անոնք պարտաւոր էին ոչ թէ միայն զոհը նուիրել, այլ ներկայացնել լաւագոյնին լաւագոյնը...ինչո՞ւ, որպէսզի մարդս հասկնար որ նախ ինք պէտք էր լաւ ըլլար (սիրտ, հոգի եւ միտք) որպէսզի Աստուծոյ նուիրէր իր լաւագոյնը (ծառը կը հասկցուի իր պտուղէն): Այս զոհը Քրիստոսի գալուստով փոխուեցաւ (Նոր Կտակարան), եւ Ինք եղաւ զոհը, իսկ զոհաբերողը՝ պատարագիչը (քահանան եւ կամ եպիսկոպոսը) Ս. պատարագի ընթացքին՝ եւ այդ ալ համայն մարդկութեան դիտաւորութեան:

ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆ: Իսկ ողորմութիւն բառը սիրելիներ կը նշանակէ բարիք եւ կամ բարի գործ մը կատարել: Մարդ արարած որպէսզի ողորմի եւ կամ ողորմութիւն ընէ, պէտք ունի գութի եւ կամ գթասիրտ ըլլալու...եւ մարդս կարող չէ գթասիրտ ըլլալ եթէ անոր մէջ չի բնակիր եւ կամ չգործեր զԱստուած:

Քրիստոս մեր այսօրուան Աւետարանին մէջ կ՛ըսէ թէ զոհ չուզեր այլ ողորմութիւն. ի՞նչ կրնանք հասկնալ այս նախադասութենէն սիրելիներ. միթէ՞ զոհը անիմաստ է Քրիստոսի համար:

Քրիստոս ողորմութիւն կ՛ուզէ մեզմէ, որովհետեւ

1. Ան իր մէջ կ՛ընդգրկէ համբերութիւն

2. Ան իր մէջ կ՛ընդգրկէ հեզութիւն/պարզութիւն

3. Ան իր մէջ կ՛ընդգրկէ խոնարհութիւն

4. Ան իր մէջ կ՛ընդգրկէ ոչ ոխակալ սիրտ

5. Ան իր մէջ կ՛ընդգրկէ ներում

6. Ան իր մէջ կ՛ընդգրկէ սէր (հարազատի եւ թշնամիի)

7. Ան իր մէջ կ՛ընդգրկէ ինքնաճանաչում, ինչպէս նաեւ ընդունում՝ մեղաւոր վիճակի

Իսկ Քրիստոս զոհ չուզէր, որովհետեւ

1. Ինչ օգուտ երբ զոհ կը մատուցես, բայց չես հանդուրժեր միւսը

2. Ինչ օգուտ երբ զոհ կը մատուցես, բայց Արուսեակի նման դուն քեզի Աստուծմէ վեր կը գերադասես

3. Ինչ օգուտ երբ զոհ կը մատուցես, բայց սիրտդ լեցուն է ոխով եւ ներել չես գիտեր

4. Ինչ օգուտ երբ զոհ կը մատուցես, եւ չես ընդունիր թէ դուն հիւանդ ես եւ պէտք ունիս բժիշկի

5. Ինչ օգուտ երբ զոհ կը մատուցես, եւ տակաւին կը շարունակես սուտ խօսիլ

6. Ինչ օգուտ երբ զոհ կը մատուցես, երբ կեանքդ կ՛ապրիս խորամանկութեամբ եւ խաբեբայութեամբ

7. Ինչ օգուտ երբ զոհ կը մատուցես, երբ կը գողնաս քու պաշտօնեադ եւ կամ քու հարազատդ եւ ընկերդ

8. Ինչ օգուտ երբ զոհ կը մատուցես, բայց բերանդ լեցուն է հայհոյանքով

9. Ինչ օգուտ երբ զոհ կը մատուցես, մինչ լեզուդ միայն գիտէ բամբասել եւ տրտնջալ

10. Ինչ օգուտ երբ զոհ կը մատուցես, երբ սիրտդ չի գիտեր սիրել

Այստեղ կրկին սիրելիներ հարց տալով պիտի ըսէք. « լաւ վարդապետ, այս պարագային Քրիստոս մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ...ի՞նչ է Իր խնդրանքը»:

Պատասխանը շատ պարզ ու յստակ է սիրելիներ. ողորմութիւնը կարեւորը, իսկ զոհը՝ ալ աւելի կարեւոր, որովհետեւ երբ իմ մէջս Սէր չունիմ եւ կամ ՍԷՐԸ չունիմ, բնական է որ ողորմած պիտի չըլլամ, եւ երբ ողորմած չեմ՝ իմ ամբողջ զոհերս, պատարագներս եւ աղօթքներս պիտի նմանին կայէնին զոհին՝ որ թէեւ նուիրուեցան, սակայն չընդունուեցան:

Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան նամակը. բոլորս կանչուած ենք մեր մէջ ունենալու ՍԷՐԸ, որպէսզի Ինք մեր սրտերը լեցնելով իսկական սիրով՝ տայ մեզի Աստուծմով լեցուն սիրտ մը՝ որմով մեր բոլոր զոհերը պիտի դառնան օգտակար, լսելի եւ ամէնակարեւորը՝ Աստուծոյ աչքին հաճելի. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2024, 07:59