Երրորդ Կիրակի՝ Պենտեկոստէի եւ կամ Հոգեգալուստի տօնէն ետքը (ՅՈՎՀ. 10, 22 – 30) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Այսօր սիրելիներ եւ համաձայն մեր Եկեղեցւոյ տօնացոյցին, կը սկսինք Երրորդ Կիրակին՝ Պենտեկոստէի եւ կամ Հոգեգալուստի տօնէն ետք:
Ինչպէս Յինանց շրջանի անցած 50 օրերը ապրեցանք իւրայատուկ օրեր (ինքզինք քննելու եւ մենք մեր անձերը վերանորոգելու), նոյնպէս ալ այս շրջանին կանչուած ենք ապրելու Ս. Հոգիին Հրեղէն ներկայութիւնը եւ Անոր Մխիթարութիւնը՝ մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ:
Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք. «լաւ վարդապետ, ինչո՞ւ չենք զգար Անոր ներկայութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ..., եւ եթէ կ՛ուզենք ունենալ այս իւրայատուկ փորձառութիւնը...մեզմէ ի՞նչ խնդրուած է...միթէ՞ միջոց մը կայ»:
Ահաւասիկ թէ ինչ կը պատասխանէ մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը անշուշտ այն ինչ որ կը վերաբերի մեր այսօրուան հարցումին.
1. Որպէս մէկական մարդ արարածներ, յաճախ կը գանգատինք ըսելով՝ թէ բնաւ երբեք չենք զգար Աստուծոյ եւ կամ Ս. Երրորդութեան ներկայութիւնը՝ մեր կեանքէն ներս, եւ հրեաներու նման մենք ալ կ՛ըսենք. «մինչեւ երբ» (անշուշտ կրնայ հետաքրքրութեան համար ըլլալ այս նախադասութիւնը եւ կամ ալ իսկական փնտռտուքի մը առիթ):
2. Մեր այս մարմինները՝ ունենալով տրամաբանութիւն, միշտ կը փնտռեն եւ կամ կը ձգտին ունենալ տրամաբանական պատասխաններ՝ այն ինչ որ կը վերաբերի մեր ամէնօրեայ կեանքին, եւ այդ պատճառով է որ անոնք «յստակ» պատասխան կը փնտռեն:
3. Բայց կը մոռնանք թէ մենք ոչ թէ միայն մարմինէ կազմուած ենք՝ այլ նաեւ հոգիէ, հետեւաբար մեզմէ կը վրիպի հաւատքի բաժինը եւ կը փետրենք միայն ու միայն տրամաբանականը եւ ֆիզիկականը:
4. Երբ միայն կը զբաղինք ֆիզիկականով, չարը յարմար առիթը գտնելով՝ կը յարձակի մեր վրայ, եւ կը փորձէ յօշոտել մեր հոգիներն ու մարմինները՝ նման անօթի առիւծի մը, եւ զանոնք դարձնել իր սեփական՝ այսպէս ասաց զաւակը (հակառակ որ չարը չունի գուրգուրանք եւ սէր):
5. Երբ չարը կը յաջողի յափշտակել մեր անձերը, առանց անդրադառնալու կը դառնանք մէկական անհաւատ ապրող էակներ՝ որոնք կը հեռանան Աստուծմէ, եւ կը դառնան այսպէս ասաց անԱստուածներ եւ կամ անոնք որոնք չեն հաւատար Աստուծոյ ներկայութեանը (ինչ որ այսօր շատ կը տեսնենք մեր շրջանակէն ներս՝ նամանաւանդ երիտասարդներու մօտ):
6. Երբ կը դառնանք անԱստուածներ, հեռանալով եւ կամ չճանչնալով զԱստուած՝ Ան մեզի համար կը դառնայ օտար եւ խորթ...մէկ խօսքով՝ կը դառնանք մէկական շարժող էակներ, որոնք կ՛ապրին ապրելու համար եւ իրենց կեանքը կը դառնայ՝ անիմաստ:
7. Երբ մեր կեանքերը կը դառնան անիմաստ, կը նշանակէ թէ մեր սրտերը կ՛ապրին «ձմեռ» եւ կամ պաղ վիճակի մէջ, որ կը նշանակէ բացակայութիւնը ջերմութեան՝ Ս. Հոգիին Կրակին եւ Անոր ներկայութեանը:
Ահաւասիկ սիրելիներ մեր առաջին հարցումին պատասխանը. չենք զգար Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ որովհետեւ մեր սրտերը կ՛ապրին «ձմեռ» վիճակի մէջ: Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք զգալ Անոր ներկայութիւնը մեր մէջ. երբ զԻնք ունինք, ընդունած ենք եւ խնդրած ենք Անոր ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս (մեր առօրեային մէջ շատ բաներ կը խնդրենք...երանի պահ գայ՝ ուր աւելի խնդրենք Ս. Հոգիին գալուստը մեր սրտին եւ կեանքին մէջ, փոխանակ ժամանակաւոր եւ ֆիզիկական անիմաստ խնդրանքներ կատարենք):
Այսօր սիրելիներ մեր բոլորին սրտերը պաղ եւ ոչ բաբախուն դարձած են, երանելի ենք երբ կ՛անդրադառնաք այս մեր վիճակին եւ կը խնդրենք Ս. Հոգիէն որ գալով մեր մէջ՝ ջերմացնէ մեր հոգիները, մխիթարէ մեր անձերը, եւ մեզ առաջնորդէ դէպի երկինք. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ