Որոնել

2022.08.13 Vangelo della XX DOMENICA DEL TEMPO ORDINARIO (Anno C)

Ե. Կիրակին Հոգեգալուստի տօնէն ետք (ՄՏԹ. 12, 38-45). - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

Սիրելիներ, երբ մեր շուրջը լաւ դիտենք եւ պէտք եղածին պէս լաւ քննենք մեր առօրեայ կեանքը, պիտի տեսնենք թէ որքան մեր կեանքը լեցուն է հրաշքներով եւ Աստուծոյ ներկայութեամբ: Պայման չէ մեր առջեւ ծովը բացուի որպէսզի հաւատանք եւ վստահինք Աստուծոյ.... կը բաւէ որ յիշենք Քրիստոս ողջ է եւ յարութիւն առած է եւ նամանաւանդ մեր հետ է, արդէն իսկ մեր բոլոր պէտքերը ապահովուած կը զգանք եւ մեր բոլոր հարցերը՝ լուծուած
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այսօր սիրելիներ, կը սկսինք Ե. Կիրակին Հոգեգալուստի տօնէն ետք, եւ արդէն իսկ շուտով կը մօտենայ Պայծառակերպութեան տօնը եւ կամ Վարդավառը:

Երբ կարդանք մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը, մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ հետեւեալ նախադասութիւնը. «Վարդապետ, կ՛ուզենք որ հրաշք մը գործես եւ տեսնենք» (Մտթ. 12, 38):

Սիրելիներ, Օրէնքի ուսուցիչները եւ փարիսեցիները յաճախ կը հարցաքննէին զՔրիստոս որպէսզի փաստէին թէ իսկապէ՞ս Ինքն է Մեսիան՝ թէ պէտք են ուրիշ մը սպասել: Քրիստոս շատ լաւ գիտէր անոնց միտքը եւ ի մասնաւորի՝ անոնց դիտաւորութիւնը որ արդէն իսկ պղծուած եւ ապականած վիճակի մէջ էր, եւ այդ պատճառով՝ անոնց կը պատասխանէ հետեւեալ ձեւով. « Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ չար սերունդ, նշան մը կ՛ուզէք, բայց Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան մը պիտի չտրուի ձեզի » (Մտթ. 12, 39):

Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք սիրելիներ. « լաւ վարդապետ, այս Փարիսեցիներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն հարցումը ի՞նչ կապ ունի եւ կամ կրնայ ունենալ մեր հետ»:

Մենք ալ որպէս մէկական մարդ արարածներ, նման փարիսեցիներու եւ օրէնքի ուսուցիչներու՝ միշտ նշան կը փնտռենք եւ կամ կը պահանջենք մեր երկնաւոր Հօրմէն, որպէսզի զԻնք հաւատանք ինչպէս նաեւ զԻնք յուսանք, եւ մեր անձերը Իր ծրագրին միացնենք (այս մէկը համաձայն մեր ըսածին...շատ հաւանական է որ այդպէս չըլլայ)....բայց նկատի չենք առներ որ արդէն իսկ մենք կ՛ապրինք հրաշքը եւ նշանները ամէն օր եւ ամէն վայրկեան...պիտի ըսէք թէ ինչպէս.

1. Ես երբ ամէն օր կ՛արթննամ, արդէն իսկ այդ մէկը հրաշք/նշան մը չէ՞

2. Ես երբ ամէն օր առողջ կ՛արթննամ, արդէն իսկ այդ մէկը հրաշք/նշան մը չէ՞

3. Ես երբ ամէն օր գործիս կ՛երթամ, արդէն իսկ այդ մէկը հրաշք/նշան մը չէ՞

4. Ես երբ ամէն օր ճաշս կը կարողանամ ունենալ, արդէն իսկ այդ մէկը հրաշք/նշան մը չէ՞

5. Ես երբ ամէն օր առիթը կ՛ունենամ ժպտալու եւ կամ նեղութեան մէջ ըլլալու (այս մէկն ալ մեր բարիքին համար է), արդէն իսկ այդ մէկը հրաշք/նշան մը չէ՞

6. Ես երբ ամէն օր առիթը կ՛ունենամ հարազատներուս, ընտանիքիս անդամներուն եւ բարեկամներուս տեսնելու, արդէն իսկ այդ մէկը հրաշք/նշան մը չէ՞

7. Ես երբ ամէն օր առիթը կ՛ունենամ խոստովանելու եւ թողութիւն ստանալու, արդէն իսկ այդ մէկը հրաշք/նշան մը չէ՞

8. Ես երբ ամէն օր եւ կամ գէթ Կիրակի օրերը առիթը կ՛ունենամ Ս. Պատարագի մասնակցելու, արդէն իսկ այդ մէկը հրաշք/նշան մը չէ՞

9. Ես երբ ամէն օր ապահով տուն կը վերադառնամ, արդէն իսկ այդ մէկը հրաշք/նշան մը չէ՞

10. Ես երբ ամէն օր միջոցը եւ կամ առիթը ունիմ գլուխս ապահով տեղ մը դնելու, արդէն իսկ այդ մէկը հրաշք/նշան մը չէ՞

Սիրելիներ, երբ մեր շուրջը լաւ դիտենք եւ պէտք եղածին պէս լաւ քննենք մեր առօրեայ կեանքը, պիտի տեսնենք թէ որքան մեր կեանքը լեցուն է հրաշքներով եւ Աստուծոյ ներկայութեամբ: Պայման չէ մեր առջեւ ծովը բացուի որպէսզի հաւատանք եւ վստահինք Աստուծոյ...սակայն մեզմէ խնդրուած է մէկ բան. Մեր առջեւ ունենալ Յովնանի հրաշքը որ է՝ Քրիստոսի Յարութիւնը եւ Անոր ելքը՝ գերեզմանէն:

Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան նամակը. կը բաւէ որ յիշենք Քրիստոս ողջ է եւ յարութիւն առած է եւ նամանաւանդ մեր հետ է, արդէն իսկ մեր բոլոր պէտքերը ապահովուած կը զգանք եւ մեր բոլոր հարցերը՝ լուծուած. Ամէն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2024, 07:59