Որոնել

2024.06.11 Monsignor Manuel Baghdassarian

Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն` Գերյ. Հ. Բարսեղ Մանուել Ծ. Վ. Պաղտասարեանի

Նորօծ Եպիսկոպոսը գոհաբանական անդրանիկ Ս. եւ անմահ պատարագը պիտի մատուցէ Կիրակի 16 Յունիս 2014ի առաւօտեան 10,30ին Զալքայի Սուրբ Խաչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Յառաջիկայ Շաբաթ օր` 15 Յունիս 2024ի կէսօրէն ետքը ժամը չորսին, Լիբանանի Պուրճ Համմուտի Սուրբ Փրկիչ Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան Եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի Տիրամայր Նարեկի Կաթողիկէ Հայոց Թեմին օգնական եպիսկոպոս Գերյ. Հ. Բարսեղ Մանուել Ծ. Վ. Պաղտասարեանի Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւնը ձեռամբ եւ նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց։

Կենսագրական

Գերյարգելի Հայր Բարսեղ Ծ. Վրդ. Պաղտասարեան եպիսկոպոս ընտրուեցաւ 3 Ապրիլ 2024ին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի ընտրութեամբ եւ Սուրբ Աթոռի համաձայնութեամբ։ Աւազանի անունով Մանուէ` ծնած է 21 Փետրուար 1975ին, Պէյրութ-Լիբանան Պուրճ Համմուտի շրջանը եւ յաճախած՝ Մեսրոպեան վարժարանը։

8 Օգոստոս 1988ին, մուտք գործած է Զմմառու Սուրբ Միքայէլ նորընծայարան , ապա 1996ին, նախակրթական ուսումը աւարտելէ եւ Միաբանական խոստումը կատարելէ ետքը, յաճախած է Պօղոսեան հայրերու համալսարանը՝ ուր իր իմաստասիրական ուսումը աւարտած է 1996-ին։

Ան ապա ուղարկուած է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան իր աստուածաբանական ուսումները շարունակելու Յիսուսեան Հայրերու Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ, այնուհետեւ մասնագիտացած է եկեղեցական կանոնագիտութեան եւ Մարիամաբանութեան ոլորտով։

2 Սեպտեմբեր 2000ին, ձեռամբ՝ Երջանկայիշատակ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս-Պատրիարքին, Սուրբ Եղիա եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կը ձեռնադրուի Քահանայ եւ Հալէպի Սուրբ Միքայէլ փոքր ընծայարանին մէջ փոխ-տեսուչի պաշտօնը կը վարէ։

Սեպտեմբեր 2002էն մինչեւ Օգոստոս 2007 կ՛անուանուի ժողովրդապետ՝ Դամասկոսի «Մայր Տիեզերաց» Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան, որու զուգահեռ կը պաշտօնավարէ որպէս մատակարար Սուրիոյ Քարիթասի եկեղեցական հաստատութեան։

Օգոստոս 2007ին, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան ընդհանուր ժողովը զինք կ՛ընտրէ որպէս վարչական եւ ներքին մատակարար Զմմառու Մայրավանքին։

Օգոստոս 2011ին, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան ընդհանուր ժողովը զինք կը վերընտրէ որպէս վարչական եւ արտաքին մատակարար Զմմառու Մայրավանքին ու իրեն կը յանձնուի տեսուչի պաշտօնը՝ Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի դպրեվանքի։

2012ին, Հռոմի Սալէզեան Հայրերու համալսարանէն ներս կը մասնակցի կազմաւորողներու կազմաւորման դասընթացքի։

2012էն մինչեւ 2017 Պէյրութի մէջ կը ծառայէ որպէս՝ դատախազ Հայ Կաթողիկէ եւ Մարոնի Հոգեւոր դատարաններու մէջ եւ իբր ներկայացուցիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Լիբանանի Քարիթասի եկեղեցական հաստատութեան մօտ։

11 Սեպտեմբեր 2017ին, Լոս Անճելըսի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» ժողովրդապետութեան ժողովրդապետ կ՛անուանուի մինչեւ օրս։

Յայտնենք որ նորօծ Եպիսկոպոսը գոհաբանական անդրանիկ Ս. եւ անմահ պատարագը պիտի մատուցէ Կիրակի 16 Յունիս 2014ի առաւօտեան 10,30ին Զալքայի Սուրբ Խաչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ։

Իսկ 23 Յունիսին Արհ. Բարսեղ Եպիսկոպոս Պաղտասարեան Սուրբ եւ անմահ պատարագը պիտի մատուցէ իր ծուխի` Լոս Անճելըսի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» ժողովրդապետութեան մէջ։

Ռատիօ Վատիկանիս հայկական բաժանմունքի խմբագրութիւնը իր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէ նորօծ Եպիսկոպոսին ու ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի Տիրամայր Նարեկ Թեմի Կաթողիկէ համայնքին, ապահովելով աղօթքներ ու մաղթելով բեղուն եւ պտղաբեր առաքելութիւն ի Փառս Աստուծոյ եւ ի բարօրութիւն ազգիս հայոց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2024, 09:23