Որոնել

2019.03.29 Gaza, bambini, zona di conflitto, guerra, infanzia negata

Պատերազմները միշտ ալ ողբերգութիւններ են. Հայր Իպրահիմ Ֆալթաս

Մանուկները միշտ աւելիով անպաշտպան են եւ անմեղ են...մինչեւ օրս սպաննուած են 15.000է աւելի մանուկներ, բացի անոնցմէ` որոնք տակաւին կը գտնուին փլատակներուն տակ, մինչ անոնցմէ շատեր նոյնիսկ կարելիութիւնը չունին պէտք եղած խնամքը ստանալու, տրուած ըլլալով, որ կայ նաեւ դեղորայքի եւ վիրահատութիւններու համար անհրաժեշտ շատ մը միջոցներու պակասը, դիտել կու տայ Հայր Ֆլաթասը
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Պատերազմները միշտ ալ ողբերգութիւններ են եւ մերօրեայ պատերազմները ուղիղ եթերով ապրուած ողբերգութիւններ են»։ Այսպէս կը սկսի «Օսսեվրավոթորէ Ռոմանօ» օրաթերթին վրայ հրատարակած իր յօդուածը Հայր Իպրահիմ Ֆալթաս, եգիպտացի Ֆրանչիսկեան քահանայ, Սուրբ Երկրի  Պահակութեան փոխանորդը` անդրադառնալով Պաղեստինա-իսրայելեան հակամարտութեան ու այս հակամարտութեան հայող նկարներու ու տեսերիզներու տարածումին, որոնք - կը գրէ ան - «ոչ մէկ բան կը թողուն երեւակայութեան...ու մեզի ցոյց կու տան բռնութեան ու տառապանքին չափը»։

«Այս օրերուն իսլամները կը տօնեն «Իտ ըլ Ատհան», Զոհաբերումի տօնը, որով կը յիշատակուի Աստուծոյ Աբրահամէն պահանջած իր զաւկին զոհաբերումը։ Այս օրերը ուրախութեան օրեր են, որովհետեւ կը տօնախմբուի Աբրահամին խոր Հաւատքը... տօնական օրեր` որոնց ընթացքին այլ կրօններու համայնքները կը փոխանակեն խաղաղութեան և ամէն օրհնութեան ցանկութիւնները, քանի որ խաղաղ համակեցութիւնը հնարաւոր է: Ուրախութեան օրեր, որոնց ընթացքին ընտանիքները կը համախմբուին, ճաշակելով աւանդական կերակուրներ, զարդարելով իրենց տուները» կը գրէ ի միջի այլոց Հայր Ֆալթասը հաստատելով սակայն թէ .... «դժբախտաբար այս տարի Զոհաբերումի այս տօնը կը ցոլացնէ իր անունը` այն է բազմաթիւ ընտանիքներուն զոհաբերումն ու տառապանքը, որոնք պիտի չկարողանան համախմբուիլ, որովհետեւ անոնց անդամներէն շատեր սպաննուեցան, մանուկները պիտի չխաղան ուրախութեամբ պարտէզներուն մէջ, որովհետեւ իրենց մտահոգութիւնն է փնտռել ապահով վայրեր ու ապաստան մը գտնել, որովհետեւ իրենց տուները կործանուած են, եւ նուէրներ ու նոր հագուստներ պիտի չսպասեն այլ պիտի փորձեն դիմագրաւել հիւանդութիւնը, անօթութիւնը, ծարաւն ու տաքը»։

Մանուկները միշտ աւելիով անպաշտպան են եւ անմեղ են...մինչեւ օրս սպաննուած են 15.000է աւելի մանուկներ, բացի անոնցմէ` որոնք տակաւին կը գտնուին փլատակներուն տակ, մինչ անոնցմէ շատեր նոյնիսկ կարելիութիւնը չունին պէտք եղած խնամքը ստանալու, տրուած ըլլալով, որ կայ նաեւ դեղորայքի եւ վիրահատութիւններու համար անհրաժեշտ շատ մը միջոցներու պակասը, դիտել կու տայ Հայ Ֆլաթասը, նշելով` որ իրեն մեծ ցաւ կը պատճառէ իմանալ թէ իրմէ մի քանի քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ «յիսուն հազարէ աւելի մանուկներ կը տառապին թերսնումի պատճառաւ»։

«Հոգեբանական վնասներն ալ հսկայական են և կ՛ազդեն գրեթէ մէկ միլիոն անչափահասներու վրայ» կը շարունակէ Ֆրանչիսկեան կրօնաւորը խօսելով նաեւ այն մանուկներու մասին, որոնք պատերազմի հետեւանքով որբացան, վիրաւորուեցան ու մնացին առանց սիրոյ ու գուրգուրանքի ինչպէս նաեւ հազարաւոր մանուկներու մասին, որոնք ստիպուած են մանուկ հասակին աշխատանք հայթայթել, որպէսզի իրենք հոգան իրենց ընտանիքի կարիքներուն, տրուած ըլլալով, որ իրենց ծնողքը կամ մահացած է կամ ձերբակալուած։

«Բոլոր մանուկներուն համար մենք Ամենակալ Աստուծմէ կը հայցենք խաղաղութեան պարգեւը» կը գրէ Հայ Ֆալթասը ակնարկելով Քահանայապետի անցեալ կիրակի օրուայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, որուն ընթացքին Ան Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կենաքին մէջ նմանեցուած էր մանանեխի հատիկին, որ մեզի կ՛իյնայ ցանել, հոգ տանիլ անոր եւ համբերութեամբ սպասել որ ծաղկի եւ պտուղ տայ։

«Մեր կեանքին մէջ ճիշտ Աստուծոյ ներկայութիւնն է` որ մեզի պիտի տայ յոյսը եւ վստահութիւնը, որ խաղաղութիւնը պիտի ծաղկի» կ՛եզրակացնէ Հայր Ֆլաթասը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2024, 11:04