Որոնել

2024.10.06 Raduno per i giovani libanesi nel Convento di Bzommar

Լիբանանի Երիտասարդական միութիւններու համագումար Զմմառու մայրավանքին մէջ

"Պարտինք խնամել, փայփայել, տէր կանգնիլ եւ յաւուր պատշաճի պատրաստել երիտասարդները, որպէսզի անոնք հետագային կերտեն հոգեւոր, ազգային, մշակութային, կենցաղային եւ մարդկային արժէքներ, որով նպաստած կ'ըլլան արդար եւ համերաշխ աշխարհի մը ստեղծմանը". Ամեն.եւ Գերերջ. Տ.Տ.Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք
Ունկնդրէ լուրը

Նախաձեռնութեամբ` Միջին Արևելքի Պատրիարքներու երիտասարդական միութեան յանձնախումբի եւ կազմակերպութեամբ` հայ կաթողիկէ երիտասարդական միութեան յանձնախումբի, Կիրակի, 9 Յունիս 2024-ի, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Զմմառու մայրավանքին մէջ կայացաւ` Լիբանանի Երիտասարդական միութիւններու ատենապետերու, փոխ ատենապետերու եւ հոգեւոր վարիչներու համագումար։

Մասնակիցները դիմաւորուեցան հայկական աւանդութեանց համաձայն` աղ ու հացով եւ հայկական չորցած մրգեղէնով, ապա հայկական տարազներով զարդարուած տաղաւարներու առջեւ նկարուելէ ետք` ուղղուեցան Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոն, ուր զիրենք դիմաւորեց` Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի Օգնական Առաջնորդ՝ Գերպծռ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ։

Օր. Լորի Եթերեան հերթաբար հրաւիրեց` Միջին Արևելքի Պատրիարքներու երիտասարդական միութեան յանձնախումբի Հոգեւոր վարիչ` Հայր Շարպէլ Տաքքաշ, Հայ Կաթողիկէ երիտասարդական միութեան յանձնախումբի Ընդհանուր համակարգող` Ֆատի (Պարգեւ) Պաշխանճիի եւ Միջին Արևելքի Պատրիարքներու երիտասարդական միութեան յանձնախումբի Ընդհանուր համադրող` Ռոյ Ճրէյշիի, որոնք ողջունեցին երիտասարդ ղեկավարները եւ քաջալերեցին անոնց` միեւնոյն ոգիով եւ կորովով շարունակել իրենց վստահուած սոյն աշխատանքը։

Ապա տեղի ունեցաւ ծանօթացման խաղեր, որուն յաջորդեց` «Քրիստոսի կ՛ապրի» խորագրով նիւթի քննարկումը։

Ի դէպ տեղի է նշել, որ երիտասարդները բաժնուեցան հինգ խումբերու, իւրաքանչիւր խումբ կրելով` հայ եկեղեցւոյ Սուրբերէն` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի եւ Կարդինալ Գրիգոր_Պետրոս Աղաճանեանի անունները, նաեւ իւրաքանչիւր խումբ յատկանշուեցաւ գոյնով մը, ինչպէս` հայոց եռագոյնի եւ Լիբանանի դրօշին գոյներովը։

Ժամը 12։30-ին, Նախագահութեամբ` Նորին Ամեն.եւ Գերերջ. Տ.Տ.Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի,

Աստուածամօր Վերափոխման Եկեղեցւոյ մէջ` Յաւուր պատշաճի պատարագեց եւ քարոզեց` Նորօծ Պէյրութի թեմի օգնական Եպիսկոպոս Արհ.Տ.Գրիգոր Եպս. Պատիշահ, առընթերակայութեամբ` Գեր. Արամ Վրդ. Աբրահամեանի եւ Գեր. Պետրոս վրդ. Մարաշլեանի։

Հոգեպարար արարողութենէն ետք` Հոգեւոր Տէրը իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց երիտասարդներուն, շեշտելով` ընկերային ցանցերու եւ հաղորդամիջոցներու ընձեռած բարիքներու մասին, որմէ դժբախտաբար նոր սերունդը օգտուելու փոխարէն` կը նախընտրէ անյարիր եւ ոչ պիտանի տեղեկութիւններ ստանալ։ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ նաեւ ճարտարարուեստի պատճառաւ` ընտանեկան յարաբերութիւններու խաթարմանը "Որով այսօր ընտանիք հասկացողութիւնը համարեա քայքայուած է, անոր անդամները հեռացած են իրարմէ եւ օտարացած միմեանց նկատմամբ"։

Հայրապետը անցեալի եւ ներկայի կենցաղին եւ ապրելակերպին միջեւ զուգահեռական մը գծելով ըսաւ` "Նախապէս մենք կը համախմբուէինք եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ` կը խաղայինք, պատարագներուն, ժամերգութիւններուն, Վարդարանի ջերմեռանդութեանց եւ աղօթքներուն կը մասնակցէինք։ Վարդապետերուն հետ կը զրուցէինք եւ այսպիսով լիացած կը վերադառնայինք մեր բնակարանները, իսկ այժմ Հազուադէպ է եկեղեցի յաճախող երիտասարդներուն թիւը։ Կար ժամանակ հարազատներ իրար քով գալով խնճոյքներ կը կազմակերպէին, միասնաբար կ'աղօթէին, իսկ հիմա լաւագոյն պարագային` սեղանի մը շուրջ համախմբուելով զիրար կը տեսնեն"։

Ամեն եւ Գերերջ. հոգեւոր Տէրը` իր պատգամը եզրափակեց ըսելով` "Պարտինք խնամել, փայփայել, տէր կանգնիլ եւ յաւուր պատշաճի պատրաստել երիտասարդները, որպէսզի անոնք հետագային կերտեն հոգեւոր, ազգային, մշակութային, կենցաղային եւ մարդկային արժէքներ, որով նպաստած կ'ըլլան արդար եւ համերաշխ աշխարհի մը ստեղծմանը"։

Ժամը 2-ին, Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ձեռնագնդակի դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ հացկերոյթ, ուր հայկական ճաշերու հարուստ եւ ճոխ տեսակներ մատուցուեցան։

Ժամը 3-ին` Ամեն. եւ Գերերջ.հոգեւոր Տիրոջ հովանաւորութեամբ` ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը` "Շուշի" պարախումբի մասնակցութեամբ եւ տհոլի նուագակցութեամբ, ապա օր. Լորի Եթերեան եւ Տիրար Աւօ Գարա Քէշիշեան, երիտասարդներուն սորվեցուցին հայկական շուրջպարի օրէնքները։

Այնուհետեւ հինգ խումբերը` վարդապետերու եւ ժառանգաւորներու ուղեկցութեամբ` շրջեցան Զմմառու համալիրի բոլոր բաժանմունքները, որու ընթացքին մրցոյթի միջոցաւ ծանօթացան` Մայրավանքի մէջ խնամքով պահպանուած հայկական Հոգեւոր, պատմական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու վերաբերեալ արժէքներուն։

Այն խումբերը, որոնք իրենց ունեցած գիտելիքներու զարգացմամբ յաղթեցին` ստացան Սուրբ Վարդարաններ։

Աւարտին՝ Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդական Միութեան Հոգեւոր վարիչ` Գեր.Արամ Վրդ. Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք յաջողեցուցին այս օրուայ փորձառութիւնը եւ նորանոր յաջողութիւններու յոյսով եզրափակեց իր խօսքը։

Ապա Շնորհակալական խօսքը արտասանեց` Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդական Միութեան Առաջնորդ` Գեր.Արամ Վրդ. Աբրահամեան։

Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հանգամանքը կազմակերպողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք յաջողեցուցին զայն եւ նորանոր յաջողութիւններու յոյսով եզրափակեց ան իր խօսքը։

Ապա միօրեայ համագումարի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերապայծառ. Գէորգ Թ.Ծ. Վրդ Նորատունկեանը ապա «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց երիտասարդները, որոնք իրենց կարքին, իւրաքանչիւրը արժանացաւ, Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի կենսագրական գիրքը եւ Սրբապատկերը եւ լի յիշատակներով դարձան իրենց տուները։

Աղբիւրը` Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդութիւն 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2024, 07:56