Աստուծոյ Չափը ու Մեր Քանակը. Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն
Կարդալով Ս. Մարկոսի Աւետարանը, մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն բազմաթիւ գողտր եւ զգայուն դրուագներ, որոնք բոլորն ալ կը հային Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին ու նա'մանաւանդ Անոր վարդապետութեան:
Անոնցմէ մին է «Այրի Կնոջ Լուման» յորջորջուած դրուագը (Մարկոս 1, 41- 44), որ մեզ կը տանի դէպի Ռապինդրանատ Թակոր հնդիկ իմաստասէրին աշխարհը, ու կը յիշեցնէ անոր հեղինակած բաբախուն էջ մը:
Պատմութիւնն է մուրացկանի մը, որ կը հանդիպի քաղաքի մէջէն կառքով անցնող թագաւորին: Տեսնելով թագաւորը, մուրացկանը ձեռքը կ'երկարէ դէպի անոր շքեղ կառքը՝ ողորմութիւն մը ակնկալելով:
Թագաւորը, սակայն, փոխանակ ողորմութիւն ընելու այդ աղքատին, իրեն կը հարցնէ. «Ինծի ի՞նչ պիտի տաս»:
Մուրացկանը յուսախաբ՝ իր շալկած տոպրակին խորը ձեռքը կը նետէ, եւ հոն գտնուող ցորենի քանի մը հատիկներէն՝ հատիկ մը թագաւորին կը նուիրէ:
Երեկոյեան, երբ մուրացկանը իր տոպրակը կը քննէ՝ ոսկի հատիկ մը կը գտնէ: Ու կ'ափսոսայ. «Երանի թէ բոլոր հատիկները տուած ըլլայի թագաւորին»: Նոյնիմաստ դրուագ մը կը գտնենք Հին Կտակարանին մէջ:
Եղիա մարգարէն այրի կնոջ մը քով կ'երթայ ուտելիք խնդրելու (Ա Թագաւորաց 17, 8-24):
Այրի կինը, որ հազիւ կտոր մը հաց ունէր իր մանուկը կերակրելու, չի վարանիր զայն մարգարէին հրամցնելու:
Այն ատեն, Աստուած, որ առատաձեռնութեան մէջ անմրցելի է, որուն «ողորմութիւնն անչափ է եւ գթութիւնն անբաւ», այրի կնոջ տուածը անսպառ բարիքներով կը փոխարինէ: Այնուհետեւ, անոր տունին մէջ ալիւրն ու ձէթը երբեք չեն պակսիր:
Բաւական պիտի ըլլար կարդալ Աւետարանները՝ աւելի խոր գաղափար մը կազմելու համար Աստուծոյ գործելաոճին ու տրամաբանութեան մասին:
Օրինակի համար, երբ Աստուածորդին մարդկային վիճակ կ'առնէ՝ մեր մարդկային մտքէն չանցած չափանիշերով կը գործէ.
-Քարայրի մը մէջ կը ծնի.
-Մեղաւորներուն հետ սեղանակից կ'ըլլայ.
-Խստօրէն կը դատապարտէ տաճարին փառամոլ նուիրատուները. սակայն,
-Կը գովէ ընչազուրկները եւ ամէն ինչ տուող աղքատ այրի կնոջ մը արժանիքները
Միաժամանակ, նախապատուութիւն կու տայ
-Մանուկներուն,
-Ընկերութենէն մեկուսացածներուն,
-Արհամարհուածներուն,
-Աշխարհի մէջ «անօգուտ» նկատուողներուն:
Յիսուս իր ունկնդիրները կը զգուշացնէ ա'յն փարիսեցիներէն, որ կ'ուզեն փառաբանուիլ հրապարակներուն վրայ, տաճարներուն մէջ, ճաշկերոյթներու ընթացքին եւ յատկապէս անոնցմէ, որոնք այրի կիներուն ինչքերը կը կողոպտեն:
Փառամոլութիւնը Յիսուսի ժամանակակից Փարիսեցիներուն եւ դպիրներուն յատուկ ախտ մը չէր միայն, այլ նաեւ՝ մոլութիւն մը, որ մեզ բոլորս կը սպառէ:
Անկասկած, շատ հաճելի է գովասանքներ ստանալ կամ ուրիշներուն հիացումը առթել, սակայն, կարեւորը Աստուծոյ հայեցուածքն է: Ա'ն է, որ կը տեսնէ իւրաքանչիւրիս սրտին ներքին ծալքերը:
Ոչ ոք նկատած էր այրի կնոջ լուման, եւ սակայն անիկա Յիսուսի աչքէն չվրիպեցաւ, քանի որ Տէրը «Իր առատ մարդասիրութեան համաձայն կը նայի Իր ժողովուրդին»:
Հետեւաբար, Աստուածային Վարդապետին համաձայն, այդ այրի կինը ամէն ինչ տուած էր, իր ամբողջ ապրուստը, ի նմանութիւն Քրիստոսի, որ իր Աստուածութիւնը մէկդի դրաւ, ինքզինք ունայնացուց ու ծառայի կերպ առաւ եւ յանձն առաւ խաչին վրայ մեռնիլ մարդկութիւնը փրկելու համար (հ. մ. մ. տ. Փիլիպեցիներուն 2,5-8):
Աւետարանը մեզ կը յորդորէ ապրիլ Աստուծոյ եւ ոչ թէ մարդոց հայեացքին ներքեւ ու մեզ կը հրաւիրէ վերատեսնելու մեր վեհանձնութեան եւ առատաձեռնութեան չափանիշը:
Անցեալին, Հին Կտակարանին մէջ, Աստուած յայտարարած էր մարգարէին բերնով.
«Իմ խորհուրդները նման չեն Ձեր խորհուրդներուն,
եւ ոչ ալ իմ ճանապարհները՝ Ձեր ճանապարհներուն» (Եսայի 55, 8):
Քիչ առաջ, ակնարկեցինք Աստուծոյ տրամաբանութեան, որ բոլորովին կը տարբերի մարդկայինէն:
Այրի կնոջ աննշան եւ անպաճոյճ նուիրատուութիւնը, աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնէ Յիսուսի աչքերուն, որովհետեւ՝ ի հեճուկս հարուստներուն օրինակին, ան տուաւ «այն ինչ որ ունէր ապրելու համար»:
Եւ Յիսուս Աւետարանին մէջ պիտի բացագանչէ. «Գացէ'ք սորվեցէ'ք, թէ ինչ կը նշանակէ՝ ողորմութիւն կ'ուզեմ եւ ոչ զոհ» (Մատթէոս 9, 13 եւ Ովսէ 6,6):
Ահա թէ ի'նչու Տիրոջ համար աւելի կարեւոր է մեր զոհողութեան չափը քան մեր տուածին քանակը:
Գ. Վ. Զ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ