Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Allegro giocoso, ma non troppo vivace - Poco più presto
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի պարտէզին մէջ Իսրաէլի եւ Պաղեստինի նախագահներու հետ տնկեց խաղաղութեան համար ծառը Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի պարտէզին մէջ Իսրաէլի եւ Պաղեստինի նախագահներու հետ տնկեց խաղաղութեան համար ծառը 

«Մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար» Ացիոնէ Քաթթոլիքայի միջազգային ժողովին նախաձեռնութիւնը՝ 10 տարեկան

Ացիոնէ Քաթթոլիքայի միջազգային ժողովին հաղորդագրութիւնը 2024 թուականին «Մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար» ձեռնարկի վերաբերեալ, որ բոլորեց 10րդ տարեդարձը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 8 յունիսին, կը նշուի Ացիոնէ Քաթթոլիքայի միջազգային ժողովին «մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար» նախաձեռնութեան 10-րդ տարեդարձը։

Յիշեալ նախաձեռնութիւնը ծնած է ի յիշատակ տասը տարի առաջ՝ 8 յունիս 2014ին, Վատիկանի Պարտէզներու մէջ կայացած Ֆրանչիսկոս Պապի ներկայութեամբ, Իսրայէլի նախագահ Սիմոն Փերեսի եւ Պաղեստին Իշխանութեան նախագահ, Մահմուտ Ապպասի միջեւ հանդիպումին, մասնակցութեամբ Կոսդանդուպոլսոյ Բարթողոմէոս Ա Տիեզերական պատրիարքին։ Ամէն տարի ի յիշատակ այդ իրադարձութեան, 8 յունիսին յետմիջօրէին ժամը 1ին, Ացիոնէ Քաթթոլիքայի միջազգային ժողովը, Իտալական, Արժանթինի Ացիոնէ Լաթթոլիքայի եւ կաթողիկէ կանանց միութիւններուն համաշխարհային միութեան հետ, աշխարհի բոլոր կաթողիկէ հաստատութիւններուն եւ բարիք կամք ունեցող այր մարդոց եւ կանանց կ՝առաջարկէ մէկ վայրկեան կանգ առնել, որտեղ ալ կը գտնուին՝ գրասենեակին, դպրոցիմ, գործարանին, հիւանդանոցի մէջ, միասնաբար հայցելու համար խաղաղութեան պարգեւը։

«Մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար ձեռնարկի 10րդ տարեդարձի նիւթն է «Մենք խաղաղութիւն կ՝ուզենք, հրատապութիւնը, իրաւունք, անհրաժեշտութիւն։

Նախաձեռնութեան այս տարուան՝ 2024 պաստառը, պարզ տարբերանշանով, որ կը միաւորէ աղաւնին եւ ձիթենի աշխարհի գունաւոր շրջանակին հետ, որ բաց է՝ կիսելու համար, հասանելի է 29 լեզուներով, ներառեալ ճափոներէն, Չինարէն, Ուրտու, Հինտի, Եբրայերէ եւ Արաբերէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2024, 13:13
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031