Որոնել

++ Parigi: Macron dichiara aperti i Giochi ++

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւս դատապարտեց Փարիզ2024ի բացման արարողութեան քրիստոնէութեան դէմ նողկալի արարքը

«Ի փոխհատուցում նողկալի արարքին» Արհի. Գրիգոր Պատիշահ կոչ ուղղեց հայ կաթողիկէ հոգեւորական դասին ու հաւատացեալներուն «ծոմ պահելու, Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդութիւնը կատարելու եւ Սուրբ Հաղորդութեան հրաշափառ Խորհուրդին դիմաց երկրպագութիւն ընելու, սատանայի թակարդին մէջ ինկած Ֆրանսայի ապաշխարութեան ու դարձին համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Անցեալ ուրբաթ օր ` 26 Յուլիսին Փարիզի մէջ կայացաւ Փարիզ2024 Ողիմպիական Խաղերուն բացման արարողութիւնը որուն ընթացքին Քրիստոսի Վերջին Ընթրիքի տեսարանը ներկայացուեցաւ գռեհիկ ու սատանայական խեղկատակութեամբ։ Ի տես այս նախատինքին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի Թեմին Օգնական Եպիսկոպոս` Արհի. Գրիգոր Պատիշահ շրջաբերական նամակ մը ուղարկեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կղերի անդամներուն, որով «բուռն կերպով քննադատեց ու դատապարտեց» պատահածը, զոր որակեց «անկում մարդկային հասարակութեան համար եւ խախտում քրիստոնէութեան սրբութիւններուն, յանուն ազատութեան եւ ազատ արտայայտման»։

«Ի փոխհատուցում նողկալի արարքին» Արհի. Գրիգոր Պատիշահ կոչ ուղղեց հայ կաթողիկէ հոգեւորական դասին ու հաւատացեալներուն «ծոմ պահելու, Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդութիւնը կատարելու եւ Սուրբ Հաղորդութեան հրաշափառ Խորհուրդին դիմաց երկրպագութիւն ընելու, սատանայի թակարդին մէջ ինկած Ֆրանսայի ապաշխարութեան ու դարձին համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2024, 08:02