Որոնել

Գեր. Հայր Պետրոս Վրդ. Մարաշլեան Գեր. Հայր Պետրոս Վրդ. Մարաշլեան 

Գեր. Հայր Պետրոս Վրդ. Մարաշլեան իր մասնակցութիւնը բերաւ «Հայագիտական Միջազգային Համագումար»ին։

Շաբաթ, 20 Յուլիս 2023-ի, երեկոյեան, Երեւանի "Մեսրոպ Մաշտոցի" անուան Մատենադարանի համալիրին մէջ, տեղի ունեցած` Հայագիտական Միջազգային Գիտաժողովին` համախմբուած Հայաստանէն եւ սփիւռքէն հայ եւ օտար բազմաթիւ մասնագէտներու քառօրեայ աշխատանքային ծրագրի շրջանակներէն ներս ներկայացուած զեկուցումներու թուին` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան "Զմմառու Մատենադարանին մէջ մեծ խնամքով պահպանուած ձեռագիրներ"ու շուրջ զեկոյցով, որ բարձր գնահատանքի արժանացաւ։

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Զմմառու Աստուածամօր Վերափոխման Մայրավանքի Մատենադարանապետ եւ Թանգարանապետ՝ Գեր.Հայր Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանի Մասնակցութիւնը «Հայագիտական Միջազգային Համագումար»ին։ 19-23 երկարող օրերու ընթացքին` հանդէս եկաւ Զմմառու Մայրավանքի մատենադարանապետ եւ թանգարանապետ՝Գեր. Հայր Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանը.

Շաբաթ, 20 Յուլիս 2023-ի, երեկոյեան, Երեւանի "Մեսրոպ Մաշտոցի" անուան Մատենադարանի համալիրին մէջ, տեղի ունեցած` Հայագիտական Միջազգային Գիտաժողովին` համախմբուած Հայաստանէն եւ սփիւռքէն հայ եւ օտար բազմաթիւ մասնագէտներու քառօրեայ աշխատանքային ծրագրի շրջանակներէն ներս ներկայացուած զեկուցումներու թուին` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան "Զմմառու Մատենադարանին մէջ մեծ խնամքով պահպանուած ձեռագիրներ"ու շուրջ զեկոյցով, որ բարձր գնահատանքի արժանացաւ։

Հայր Սուրբը Զմմառեան Միաբանութեան ձեռագիրներու վիճակի մասին արծածելէ ետք, Զմմառու Մայրավանքի Մատենադարանի պատրաստակամութիւնը յայտնեց` բոլոր գիտնականներու, ուսումնասիրողներու ի տես, համագործակցելու Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին, հայագիտական եւ լուսաւորչական գործընթացին ի շահ՝ "ամէն ճիգ պիտի չխնայենք հայութեան օգտին եւ հայագիտական ծրագիրներուն զարգացման ի տես" ըսաւ հայր Սուրբը։

Քաղուած Զմմառու դպրվեանքի դիմատետրէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2024, 09:30