Որոնել

Trasfigurazione del Signore, icona

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ Ա. ՇԱԲԱԹ (7 _ 14 Յուլիս 2024)

Վարդավառի եռօրեայէն ետք` այս շաբթուայ մէջ ունինք երկու տօն. Առաջինն է Եսայի Մարգարէին տօնը, յառաջիկայ հինգշաբթի օր, 11Յուլիսին
Ունկնդրէ լուրը

Տօնեցինք Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը որ հայկական աւանդութեամբ` կը կոչուի նաեւ Վարդավառ, ըստ իր հին հեթանոսական անունին։ Վարդավառը 5 տաղաւարներէն մին ըլլալով` կը կանխուի մէկ շաբթուայ պահքով, ինչպէս անդրադարձանք անցեալ շաբաթ, իսկ տօնին կը հետեւի Մեռելոց յիշատակութեան օրը, որ նմանապէս շատ յարգի է հայկական աւանդութեան մէջ. Վարդավառին կը յաջորդէ եռօրեայ տօնակատարութիւն մը որ կը շեշտէ սոյն տօնի կարեւորութիւնը եւ կու տայ անոր մասնաւոր հանդիսաւորութիւն։

Վարդավառի եռօրեայէն ետք` այս շաբթուայ մէջ ունինք երկու տօն. Առաջինն է Եսայի Մարգարէին տօնը, յառաջիկայ հինգշաբթի օր, 11 Յուլիսին. Մարգարէները միայն գուշակներ կամ կանխասացներ չեն, այլ Աստուծմով լեցուն մարդիկ են, որովհետեւ կը լսեն իրենց սրտին մէջ Տիրոջ ձայնը եւ կը հաղորդեն զայն ժողովուրդին։ Եսայի մարգարէ ապրած է հաւանաբար Քրիստոսէ առաջ Է. Դարուն. Սակայն իր մարգարէութեանց գիրքը որ կը բաղկանայ 66 գլուխներէ եւ որ Աստուածաշունչի կարեւորագոյն գրքերէն մին է, կը բաժնուի երեք մասերու։ Առաջին մասը Քրիստոսէ առաջ` 740-էն 700-ի շրջանի վերաբերեալ է, գրուած նոյնինքն մարգարէին ձեռամբ. Երկրորդ մասը որ հաւանաբար գրուած է Ք.Ա. 587-ին, գրուած ըլլալու է ուրիշ հեղինակէ մը որ կը շարունակէ Մարգարէին շունչով աւանդել մեզի Աստուծոյ պատգամը. Իսկ երրորդ մասը` գրուած է Բաբելոնի գերութենէն դարձէն ետք, թերեւս այս երկրորդ նոյն հեղինակէն, զոր Սուրբ Հայրերը կը կոչեն Երկրորդ Եսայի։

Եսայիի մարգարէութիւններուն մէջ շատեր կան որոնք կը հային ուղղակի Քրիստոսի կեանքին, անոր ծննդեան, քարոզութեան, չարչարանքներուն ու խաչե-լութեան վերաբերեալ։ Ճրագալոյցի արարողութիւններուն` մեր Եկեղեցւոյ մէջ կը կարդացուին անոնք եւ կ՛ապացուցանեն թէ ինչպէս դարեր առաջ` Մարգարէ մը յայտնած է թէ Յիսուս պիտի ծնանի կոյսէ մը, թէ պիտի չարչարուի սպանդի գացող գառնուկի մը նման եւ թէ իր կեանքը պիտի տայ որպէս փրկանք աշխարհի։

Իսկ Շաբաթ օր` 13 Յուլիսին, տօնն է Թաթէոս առաքեալին եւ Սանդուխտ Կոյսին. Յաճախ Թաթէոսը կ՛որոշոււի որպէս Քրիստոսի 12 առաքեալներէն մին, սակայն այդ անունով աւետարանին մէջ որեւէ առաքեալ չըլլալով, ոմանք կը կարծեն թէ Ալփէոսի որդի` Յուդան էր, ոչ Իսկարիովտացին, որ կը կոչուէր նաեւ Թադէոս. Իսկ Մովսէս Խորենացի մեզի աւանդած է թէ Թադէոս Քրիստոսի 72 աշակերտներէն մին էր, որ Հայաստան եկաւ Եդեսիոյ Աբգար թագաւորի խնդրանքով, եւ դարձի բերաւ նաեւ Հայաստանի Սանատրուկ թագաւորը, որ քեռորդին էր Աբգարի։

Սանատրուկ աղջիկ մը ունէր Սանդուխտ անունով, որ բոլոր սրտով յարեցաւ քրիստոնէութեան եւ դարձաւ Ս. Թադէոսի հաւատարիմ աշակերտներէն մին։ հետա-գային` Սանատրուկ ետ դարձաւ կռապաշտութեան եւ փորձեց Սանդուխտը եւս հրաժարեցնել քրիստոնեայ կրօնէն. Սակայն իր հարազատ աղջիկը հակառակեցաւ հօրը որ հրամայեց զինք սուրով սպաննել. Գլխատել տուաւ նաեւ Թադէոսը, որոնք, ըստ հին աւանդութեան, դարձան Հայաստանի առաջին նահատակները։

Գրեթէ չորս դար ետք է որ Կիրակոս անունով սրբակեաց ճգնաւոր մը տեսիլքի մէջ տեսաւ երկու սուրբ նահատակներու աճիւններուն տեղը եւ փորելով այդտեղ, գտնուեցան անոնց նշխարները եւ մեծապէս պատւուեցան հայ ժողովուրդի կողմէ։

Կիրակի 14 Յուլիսը Ա. Կիրակին է զկնի Վարդավառի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2024, 08:00