Որոնել

Խաչ, անապատ, տեսարան, բնութիւն Խաչ, անապատ, տեսարան, բնութիւն 

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ։ Գ. Շաբաթ Վարդավառէն ետք (21_28 Յուլիս 2024)

Այս շաբթուայ տօները, ինչպէս ըսինք, կ՛ընդելուզեն հին եւ նոր կտակարանները, մարգարէներն ու նահատակները։ Տրուած ըլլալով որ հայ ծէսին մէջ շատ են այն օրերը ուր սուրբի տօն չի կատարուիր, զոր օրինակ` չորեքշաբթի, շաբաթ եւ կիրակի օրերը, ասոր համար է որ յաճախ շատ մը սուրբերու տօները նոյն օրուան մէջ կը հանդիպին։
Ունկնդրէ լուրը

Վարդավառի Գ. Շաբաթը կը յիշատակուի հին եւ նոր կտակարանի մարգարէներն ու նահատակները։

Կիրակի օրը՝ կը կարդանք ամուսնութեան մասին Քրիստոսի պատգամը Սուրբ Աւետարանին մէջ «Ինչ որ Աստուած միացուց – կ՛ըսէ Յիսուս – մարդ թող չբաժնէ»։ Ահա գլխաւոր օրէնքը ամուսնութեան։

Յիսուս Քրիստոս եկաւ վերահաստատելու օրէնքը որ մարդկութեան սկիզբէն ի վեր դրուած էր ստեղծող Աստուծոյ կողմէ. Այդ օրէնքը կարելի չէ խախտել եւ ինչ որ պատահական կերպով թոյլատրուած էր Հրեայ ժողովուրդին`Մովսէսի արտօնութեամբ, այժմ պարտի վերադառնալ իր նախկին կարգաւորութեան։

Քրիստոս կը խօսի նաեւ անոնց մասին որոնք կամաւորապէս կը զրկուին ամուսնութենէն իրենք զիրենք բոլորովին նուիրելու համար Տիրոջ ծառայութեան։

Այս շաբթուայ տօները, ինչպէս ըսինք, կ՛ընդելուզեն հին եւ նոր կտակարանները, մարգարէներն ու նահատակները։ Տրուած ըլլալով որ հայ ծէսին մէջ շատ են այն օրերը ուր սուրբի տօն չի կատարուիր, զոր օրինակ` չորեքշաբթի, շաբաթ եւ կիրակի օրերը, ասոր համար է որ յաճախ շատ մը սուրբերու տօները նոյն օրուան մէջ կը հանդիպին։

Երկուշաբթի` կը տօնենք երկու սուրբ իշխաններ, Սահակ եւ Յովսէփ, Կարին քաղաքէն։ Իրենց հայրը արաբ եւ մահմետական իշխանազուն մըն էր, որ ամուսնացած էր հայ քրիստոնեայ կնոջ մը հետ. Իրենց բուն անուններն էին Իսհաք եւ Եուսուֆ, սակայն իրենց հայրը ազատամիտ էր եւ թոյլ տուաւ որ մայրերնին զիրենք մկրտել տայ եւ մեծցնէ որպէս քրիստոնեայ։ Հետագային սակայն երբ երիտասարդ եղան եւ գիտցուեցաւ իրենց հօր պարագան, կանչուեցան իսլամական դատարան եւ պարտադրուեցաւ իրենց ուրանալ քրիստոնէութիւնը. Անդրդուելի մնացին անոնք եւ ի վերջոյ գլխատուեցան 808 թուականին։

Երեքշաբթի կը տօնենք 12 փոքր մարգարէները, որոնց գրութիւնները կու գան փակելու Հին Կտակարանը։ Մէջերնէն ամէնահինը Յովնանն է – մօտ 900 տարի Ք.Ա., ապա` կու գան, Ը. դարուն Ք.Ա.` Ովսէ, Ամովս, Միքէ եւ Յովէլ մարգարէները. Նշանաւոր է Միքէի մարգարէութիւնը թէ Փրկիչը պիտի ծնի Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ։ Ք.Ա. Է. դարու մարգարէներ են Նաում, Ամբակում եւ Սոփոնիա։ Զ. դարուն Ք.Ա. կան Ապտիաս, Անգէ եւ Զաքարիա, որոնք արդէն Երուսաղէմի տաճարի վերաշինութեան մասին կը խօսին։ Ի վերջոյ կու գայ Մաղաքիա Ք.Ա. Ե. դարուն։

Հինգշաբթի տօնն է Սեբաստիացի Աթանագինէս եպիսկոպոսին, որ եղբայրն էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի տիկնոջ` Մարիամի։ Ան կարգուեցաւ Սեբաստիոյ հայրապետին կողմէ` եպիսկոպոս Պիտաքտոնի եւ բազմաթիւ հրաշքներով դարձի բերաւ շատ մը հեթանոսներ. Տակաւին Դիոկղետիանոս կայսր էր Հռոմի եւ հրաման տուաւ սպաննել սուրբը ինչպէս նաեւ իր աշակերտները, որոնք նահատակուեցան Կեսարիոյ մէջ. Հետագային` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ խնդրեց Ղեւոնդիոս Կեսարիոյ Հայրապետէն իր նահատակ աներձագին մարմինը, եւ անոր աճիւնները Հայաստան բերաւ։ Ան կարգուած է պաշտպան սուրբը որսի ու որսորդներուն։

Շաբաթ օրը կը տօնենք չորս վկաներ, երկուքը` Աղեքսանդրիոյ եկեղեցիէն, Անտոնինոս եւ Թէոփիլոս սարկաւագ, մարտիրոսացած երրորդ դարուն։ Իսկ միւս երկուքը` Նիկոմիդիայէն, Անիքտոս եւ Փոտինոս ազնուական ընտանիքի պատկանող դուքսերը, որոնք երեք տարի շարունակ տառապեցան բանտերու մէջ եւ ի վերջոյ ընդունեցան մարտիրոսի պսակը, Դ. Դարուն սկիզբը, Դիոկղետիանոսի հալածանքներուն ժամանակ։

Կիրակի օրը՝ Դ. Կիրակին է զկնի Վարդավառի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2024, 09:36