Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (16)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Մեսրոբ Մաշտոցի մեծութեան:

ԺԶ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Մեսրոբ Մաշտոցի մեծութեան:

 

Պատմութիւնը խորհրդաւոր վեհութեան մէջ քօղարկած է Հայաստանի մեծ առաքեալ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անմահ դէմքը: Մասիսի նման անհաս գագաթ ինքն ալ, կարծէք՝ կը տենչայ մնալ ամպածրար բարձունքի մէջ, աւելի մօտ երկնքի՝ քան երկրի, եթերին մէջէն հսկելու համար իր սիրելի Հայաստանին վրայ, որուն տուաւ անմահութեան դրոշմը ոսկեղէն տառերու սուրբ կնունքով, ու բացաւ մեր հնադարեան պատմութեան նոր ու փառաւոր էջը յաւերժութեան կնիքով միւռոնաբոյր. հսկելու համար մանաւանդ աշխարհի չորս կողմը սփռուած իր սիրելի զաւակներուն վրայ, որպէսզի դարերով անշէջ մնայ հայ մշակոյթի բագինին հուրը նուիրական:

Մեսրոպ Մաշտոց Հայաստանի հարազատ առաքեալն եղաւ. իր պատմական առաքելութիւնը կը կայանար ամէն տեղ տարածելու հայերէն լեզուն և քրիստոնէութիւնը: Այնուհետեւ իր սիրած զբաղումը եղաւ հայկական բոլոր սփիւռին մէջ դպրոցներ կանգնել և աշակերտներ ժողվել:   Կորիւնը, պատմելով իր ուսուցիչի գործունէութեան մասին, կը յայտնէ, թէ Մաշտոցը «Ի սկզբանէ անտի, բազում թուղթս խրատագիրս և զգացուցիչս ընդ ամենայն գաւառս առաքէր», այլեւ՝  «Այնպիսի առաւել և բարձրագոյն վարդապետութեամբն՝ սկսեալ երանելւոյն Մաշթոցի ճառս յաճախագոյնս, դիւրապատում շնորհագիրս, բազմադիմիս ի լուսաւորութենէ և ի հիւթոյ գրոց մարգարէականաց կարգել և յօրինել, լի ամենայն ճաշակօք աւետարանական հաւատոցն ճշմարտութեան։Յորս բազում նմանութիւն և օրինակս ի յանցաւորացս աստի, առաւելագոյն վասն յարութենական յուսոյն առ ի հանդերձեալսն, յերիւրեալ կազմեալ, զի հեշտընկալք և դիւրահասոյց տխմարագունիցն և մարմնական իրօք զբաղելոցն լինիցին, առ ի սթափել և զարթուցանել և հաստահիմն առ ի խոտացեալ աւետիսն քաջալերել»:

Համաձուլելով Կորիւնի, Փարպեցիի, Խորենացիի տուեալները, կրնանք գեղեցիկ դրօշը վերակազմել Մեսրոպ Մաշտոցի, եւ նկատել զինք անխոնջ դրօշակիր մը՝ Հացեկէն Վաղարշապատ, Գողթնի լեռներէն մինչեւ Եդեսիա, Բիւզանդիոնէն մինչեւ Սիւնիք: Հայրենիք, կրօնք, մշակոյթ, ահա իր եռագոյնին խորհուրդը, որուն նպատակն էր քրիստոնէութեան բարձր սկզբունքը հանդէս բերել: Ան սուրբ Սահակայ և իր աշակերտներով հանդերձ՝ հայ աշխարհը լեցուցին յոյն եւ ասորի քրիստոնէութեան գլուխ գործոցներու անթիւ թարգմանութիւններով. որդեգրեցին Նիկիոյ եւ Եփեսոսի ժողովներուն կանոնները. Բիւզանդիոն խուժեցին՝ զարգանալու. ասորի ու յոյն ծէսը թարգմանեցին, անոնց տարազներն իսկ առին: Եւ յոյներն իսկ մեծարեցին Մեսրոպ Մաշտոցը եկեղեցական պատուանունով, ցոյց տալով մեզի՝ թէ քրիստոնէութիւնը միասնական պէտք է մնայ հակառակ ազգային տարբերութիւններուն: Ինչպէս կ'ըսէր Մանանդեան, թէ սեփական հայ գրի ու գրականութեան ստեղծումը մտցուց հայութիւնը մեծ մշակոյթ ունեցող հին ժողովուրդներու շարքին, և արգելք եղաւ հայ ժողովուրդի ապազգայնացման: Ահա՛, թէ ո՛ւր է Մեսրոպ Մաշտոցի իսկական մեծութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2024, 07:54