Որոնել

2021.11.02 pastore e le pecore

Բ Կիրակի զկնի Վարդավարի (Մատթ. 18, 10 – 14) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

«Որովհետեւ Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փրկելու համար: Ի՞նչ կը կարծէք. եթէ մարդ մը իր հարիւր ոչխարներէն մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր ինըսունինը ոչխարները լեռան վրայ եւ չե՞րթար փնտռելու կորսուած ոչխարը: Եւ եթէ պատահի որ գտնէ, վստահ եղէք որ աւելի կ՛ուրախանայ այդ ոչխարին համար, քան թէ ինըսունինը ոչխարներուն համար, որոնք կորսուած չեն: Նմանապէս ալ Հայրս, որ երկինքի մէջ է, չուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի» (Մտթ. 18, 11 – 14):
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ահաւասիկ սիրելիներ համաձայն մեր Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին, այսօր կը սկսինք երկրորդ շաբաթը՝ յետ Վարդավառի եւ կամ Պայծառակերպութեան տօնին:

Անցեալ շաբաթ տեսանք, թէ ինչպէս բոլորս կանչուած ենք դառնալու սպիտակ՝ նման ձիւնի, ձերբազատուելով մեր բոլոր մեղքերէն եւ մեր անառակ վիճակէն...իսկ այսօր մեզմէ ի՞նչ խնդրուած է:

Առնենք մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածին երկրորդ բաժինը, եւ տեսնենք թէ ան մեզ ինչ նամակ ունի փոխանցելիք:

«Որովհետեւ Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փրկելու համար: Ի՞նչ կը կարծէք. եթէ մարդ մը իր հարիւր ոչխարներէն մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր ինըսունինը ոչխարները լեռան վրայ եւ չե՞րթար փնտռելու կորսուած ոչխարը: Եւ եթէ պատահի որ գտնէ, վստահ եղէք որ աւելի կ՛ուրախանայ այդ ոչխարին համար, քան թէ ինըսունինը ոչխարներուն համար, որոնք կորսուած չեն: Նմանապէս ալ Հայրս, որ երկինքի մէջ է, չուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի» (Մտթ. 18, 11 – 14):

Ի՞նչ կրնանք հասկնալ այս Աւետարանի փոքրիկ հատուածէն.

1. Քրիստոս միշտ պատրաստ է մեզ ազատելու սատանային գերութենէն եւ անոր խաբկանքներէն

2. Ցորքան որ տակաւին կ՛ապրինք, Քրիստոս մեզմէ հաշիւ պիտի չպահանջէ, այլ Է Հայր, ներող, փրկող եւ գուրգուրացող

3. Քրիստոսի փափաքը չէ որ իր արարածներէն մին կորսուի եւ կամ դառնայ չարին ծառայ

4. Մեզմէ ամէն մէկը իր տեղը, իր արժէքը եւ իր ներկայութիւնը ունի Քրիստոսի համար, հետեւաբար չըսենք որ մենք անօգուտ ենք եւ կամ մեզմով ոչ ոք հետաքրքրուած է

5. Կանչուած ենք ըլլալ փոքրիկներու նման, այսինքն՝ աղաւնիի նման միամիտ, սակայն օձերու պէս՝ խորագէտ

6. Քրիստոս մեզ միշտ կը փնտռէ եւ կամ կը սպասէ նման՝ անառակ որդիին հօր, սակայն մենք կը նմանի՞նք անառակ որդիին որ ընդունեց իր սխալը, եւ որոշեց իր Հօրը տունը դառնալ

7. Յիշենք որ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը՝ որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ Անոր հաւատայ՝ փրկուի

Հետեւաբար սիրելիներ, այսօր այս պայծառակերպութեան երկրորդ կիրակին մեզմէ կը պահանջէ հետեւեալը. Ճանչնանք զՔրիստոս, Սիրենք զՔրիստոս, Վստահինք Քրիստոսի, աշխատինք մենք մեր տկար անձերուն վրայ՝ Քրիստոսի զօրութեամբ, եւ ամէնակարեւորը՝ գիտնանք յարգը մեր այս կեանքին որ մեզի տրուած է երկինքէն, որովհետեւ երբ ժամը հասնի՝ յիշենք որ մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջուի. Ամէն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2024, 08:00