Որոնել

2023.09.14 Trasfigurazione, Gesu, Rafaello

Թաբոր Լերան Ճանապարհին... Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն

«Այսօր Ան որ երկինքն է Բան եւ ծնունդ Միածին Հօր, Արարածներէն թաքնուած խորհուրդը յայտնեց աշակերտներուն՝ Իր ծառայի կերպարանքը աստուածութեամբ ծածկելով» (Շարական)
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Քրիստոսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան յառող Աւետարանները ներխորհրդածութեան անհամար նիւթեր կը բովանդակեն (Մատթէոս 17, 1-9, Մարկոս 9, 2-8 եւ Ղուկաս 9, 28-36):

Բնութեան այերասլաց Լեռները միշտ ալ ներշնչումի աղբիւր են եղած:

Հո'ն, գագաթներուն վրայ, ուր օդը մաքուր է ու կազդուրիչ, մեր դիմացը պարզուած վէտվէտուն համայնապատկերին առջեւ մարդկային միտքն ու սիրտը անխուսափելիօրէն կը վերթեւեն դէպի Արարիչը՝ դէպի Աստուած:

Սոյն դիտանկիւնէն մերձենալով սուրբգրային էջերուն, կը նկատենք՝ թէ ինչպէս Աստուած յաճախ կը նախընտրէ լեռներու բարձունքները Ինքզինքն ու Իր խորհուրդները յայտնելու համար:

Հարկ է բարձրանալ Սինայի դարաւանդներուն վրայ, գտնելու համար պերճախօս օրինակ մը. այսինքն՝ Տասնաբանեայ Պատուիրաններու տուչութիւնը Մովսէսին:

Յիսուս եւս, Իր առաջին ուսուցումը ջամբեց Լերան վրայ խօսած Երանութիւններու Քարոզով:

Ղուկաս աւետարանիչ կը մատնանշէ, թէ Յիսուս յաճախ լեռ կը քաշուէր աղօթելու (Ղուկաս 6, 12):

Իր երկրաւոր կեանքը աւարտեց Գողգոթայի արտեւանին վրայ՝ գամուած խաչի թեւերէն, մինչեւ երկինք համբառնալը Ձիթենեաց լերան բարձունքէն, Իր Յարութենէն քառասուն օր ետք (հ.մ.մ.տ. Առաքեալներու Գործեր 1, 3):

Աւետարանիչները այլազան մանրամասնութիւններով կը պատկերեն Տիրոջ Այլակերպութիւնը: Իր երկրորդ նամակին մէջ, Պետրոս Առաքեալ կ'ակնարկէ Յիսուսի Այլակերպութեան՝ որպէս պատմական, շօշափելի եւ փայլուն իրադարձութիւն մը ու կ'ըսէ. « Մենք Անոր հետ էինք սուրբ Լերան վրայ» (Բ. Պետրոս 1, 18):

Այլակերպութիւնը Յիսուսի Աստուածութեան արտացոլումն է. «Եւ մինչ կ'աղօթէր, անոր դէմքը այլակերպեցաւ եւ զգեստը սպիտակ փայլուն երեւոյթ մը առաւ» (Ղուկաս 9, 29): Յիսուսի մարդկային բնութեան ներքեւ թաքնուած Աստուածային բնութեան փառքը արտափայլեցաւ:

Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս, որոնք հետը բարձրացած էին Թաբոր լեռը, հետագային ականատես պիտի ըլլան նաեւ Տիրոջ հոգեվարքին պահերուն՝ Ձիթենեաց պարտէզին մէջ (Ղուկաս, 22, 39-44):

Աստուծոյ զրուցակիցը Մովսէս ու Աւագ Մարգարէն Եղիա եւս ներկայ էին եւ Յիսուսի հետ կը խօսէին՝ Անոր վերահաս մահուան մասին: Օրէնքն ու Մարգարէները ներկայացնող այս երկուքին ներկայութեան կը լսուի Հօր Աստուծոյ ձայնը. «Ա'տ է իմ սիրելի Որդիս, Ատոր մտիկ ըրէք» (Մարկոս 9,6) : Ճիշդ այդ պահուն է, որ տեղի կ'ունենայ փոխանցումը Հին Կտակարանի ու Նոր Կտակարանի միջեւ:

Յիսուս չեկաւ օրէնքն ու մարգարէները լուծելու, այլ՝ զանոնք լրացնելու համար: Քրիստոնէութիւնը վերացական հաւատքի դաւանութիւն մը չէ', եւ ոչ ալ՝ օրինագիրք մը. այլ, Անձ մը՝ Յիսուս Քրիստոս, ճշմարիտ Աստուած եւ ճշմարիտ մարդ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար է' «ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք» (Յովհաննէս 14,6):

Հետեւաբար, Անոր մտիկ ընենք ու Անոր հետեւինք:

 

Եբրայեցիներուն ուղղուած Թուղթին մէջ կը կարդանք. «Անցեալին բազմաթիւ անգամներ եւ բազմաթիւ կերպերով Աստուած մեր հայրերուն խօսեցաւ մարգարէներուն միջոցաւ, իսկ այս վերջին օրերուն մեզի խօսեցաւ Իր Որդիին միջոցաւ » (Եբրայեցիներ 1, 1-2):

Յիսուսի կեանքին մէջ Այլակերպութեան խորհուրդը դարձակէտ մը իբրեւ կը ներկայանայ:

Ի տես Իր հետագայ փառքին, իբրեւ ճշմարիտ մարդ, Քրիստոս ի վիճակի եղաւ կրելու խաչը եւ անգոսնելու ամօթը, որուն պիտի ենթարկուէր:

Այլակերպութիւնը նաեւ պատեհութիւնն ընծայեց Հօր Աստուծոյ՝ յայտնելու ի յաւիտենից Իր տածած հայրական սէրը Որդիին հանդէպ: Արդարեւ, մինչ Յորդանան գետին մէջ, Յիսուսի մկրտութեան պահուն, Հայրը յայտարարած էր «Ա'տ է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ» (Մատթէոս 3, 17). այժմ, Թաբոր լերան վրայ կը հաստատէ՝ «Ա'տ է իմ սիրելի Որդիս, Անոր մտիկ ըրէք» (Մարկոս 9, 6):

Առաքեալներուն համար Պայծառակերպութիւնը թելադրիչ ու դաստիարակիչ փորձառութիւն մըն էր: Անոնք երբեք չէին տեսած իրենց Վարդապետը նման առինքնող կերպարանքով: Պետրոս, խելակորոյս խանդավառութեամբ համակուած կ'ըսէ. «Տէ'ր, լաւ է, որ հոս մնանք եւ երեք տաղաւար շինենք...» (Ղուկաս 9, 33):

Մինչ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս թաբոր լեռնէն չէին ուզեր բաժնուիլ, Գեթսեմանիի Պարտէզին մէջ չէին ուզեր մնալ: Իսկ երբ Յիսուս կը ձերբակալուի, անոնք փախուստ կու տան: (հ.մ.մ.տ. Մատթէոս 26, 56):

Մենք եւս, ի նմանութիւն առաքեալներուն, կը ձգտինք մնալ մեր ուրախութիւններուն ու մխիթարութիւններուն կատարին վրայ:

Կ'ուզենք, որ մեր երանութիւնը յաւերժօրէն տեւէ: Իսկ նեղութեան ատեն փախուստ կու տանք ամէն տեսակ զոհողութենէ: Կը մոռնանք, որ մեր Տէրը մեզի չխոստացաւ վարդաստան մը, այլ՝ Ձիթենեաց պարտէզ՝փշեպսակով. «եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ» (Մարկոս 8, 34):

Պայծառակերպութիւնը լեռնագնացութեան փորձառութիւն մըն էր առաքեալները պատրաստելու հետագայ նեղութիւններուն: Նմանապէս, Սուրբ Պատարագը այն փորձառութիւնն է, որ մեզ կը պատրաստէ առօրեայ դժուարութիւնները զոհողութեան հոգիով դիմագրաւելու: Սուրբ Պատարագին Զոհը Այլակերպութիւնը փոխարինող Գոյացափոխութիւն է, որուն ընթացքին հացն ու գինին կը դառնան յարուցեալ ու փառաւորեալ Յիսուսի Մարմինն ու Արիւնը: Սուրբ Հաղորդութեան պատճառած ուրախութեան ու մխիթարութեան զգացումներով Պետրոս Առաքեալին հետ ըսենք. «Տէ'ր, լաւ է, որ հոս մնանք եւ երեք տաղաւար շինենք...» (Ղուկաս 9, 33):

Սակայն, կարելի չէ այդտեղ մնալ, որովհետեւ իսկոյն պիտի լսենք Պատարագիչին ձայնը. «Օրհնեալք եղերո'ւք...Երթա'յք խաղաղութեամբ...»: Այս խօսքերով կը հրաւիրուինք մեր կեանքի դժբախտութիւններուն, ցաւերուն, տրտմութիւններուն ու վիշտերուն խաչը առնել եւ Յիսուսի ետեւէն երթալ, այն հաստատ համոզումով, թէ ապրած ըլլալէ յետոյ լերան գագաթի մխիթարութեան փորձառութիւնը՝ գիտենք, թէ «ո'չ մահը եւ ո'չ կեանքը, ո'չ հրեշտակները, ո'չ չար հոգիներու իշխանութիւնները, ո'չ ներկան եւ ո'չ գալիքը, ո'չ ալ որեւէ զօրութիւն, ո'չ վերին եւ ո'չ ալ ներքին աշխարհները, ո'չ ալ ուրիշ ստեղծագործութիւն մը կրնայ մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն, որ մենք ճանչցանք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Հռոմայեցիներ 8, 37- 39):

Եւ այսպէս, ի հեճուկս ներկայ դարը յուզող յարատեւ թոհուբոհին եւ ամպրոպներուն, Պայծառակերպութեան խորհուրդը պիտի սատարէ, որ այս աշխարհէն իսկ ըմբոշխնենք Աստուածահուպ միութիւնը Քրիստոսի՝

Թաբոր Լերան Ճանապարհին:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2024, 08:47