2021.01.14 Gesù - Vangelo - la vocazione dei primi apostoli

Այլակերպութեան Շրջանի Չորրորդ Կիրակին (Մարկ. 1, 14 – 20) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

Քրիստոս միշտ մեր սրտերուն առջեւ կեցած կը բախէ, որպէսզի զԻնք մեր մէջ ընդունելով՝ ընդունած ըլլանք ապաշխարութիւնը, Երկնքի Արքայութիւնը եւ ամէնակարեւորը՝ պատիւը ունենալու կոչուելու Երկնքի եւ Երկրի Թագաւորին հետեւորդը եւ զաւակը
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սիրելիներ, համաձայն մեր Հայկական Ծիսական տօնացոյցին, այսօր կը սկսինք Այլակերպութեան Շրջանի Չորրորդ Կիրակին (կ՛ուզեմ յիշեցնել թէ տակաւին կը գտնուինք մենք մեր անձերը եւ հոգիները պայծառացնելու շրջանին մէջ. հետեւաբար, կարելի եղածին չափ օգտուինք այս մեզի տրուած առիթէն):

Անցեալ կիրակի, Պօղոս առաքեալի նամակին մէջ տեսանք թէ՝ ինչպէս բոլորս ստեղծուած ենք ազատ, եւ կանչուած ենք միանալու եւ ըլլալու՝ միայն ու միայն Քրիստոսի հետ, որպէսզի չարը մեզ գերի չդարձնէ, եւ նամանաւանդ՝ գերի ալ չպահէ: Իսկ այսօր եւ շատ բնական է որ հարց տալով պիտի ըսէք. « լաւ վարդապետ, եթէ մերժեցինք չարը մեր կենցաղով, եւ ընդունեցինք Քրիստոսը՝ կրկին մեր կենցաղով եւ ոչ թէ միայն խօսքով, այս պարագային մեզմէ ի՞նչ խնդրուած է»:

Համաձայն մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածին, մեզմէ խնդրուած է հետեւեալ հինգ կէտերը.

1. «Փրկութեան ժամանակը հասած է». սիրելիներ, Քրիստոս 2000 տարիներէ ի վեր թէ իր բերնով եւ թէ ալ Իր սուրբերուն միջոցաւ, մեզ կը յիշեցնէ թէ բոլորս եւ անխտիր՝ կը գտնուինք փրկութեան ժամանակաշրջանին մէջ. արդե՞օք կ՛օգտուինք այս շրջանէն, թէ տակաւին տարուած ենք մեր ամէնօրեայ վաղանցուկ նիւթերով եւ հոգերով: Ցորքան որ կը շնչենք, առիթը ունինք վայելելու Աստուծոյ ողորմութիւնը, որովհետեւ մահէն ետք՝ ուշ է այլեւս:

2. «Եկած է Աստուծոյ Արքայութիւնը». փրկութեան ժամանակաշրջանը կ՛ապրինք սիրելիներ, որովհետեւ հասած է Աստուծոյ Արքայութիւնը, եկած է Քրիստոս (2000 տարիներ առաջ՝ ֆիզիկապէս, իսկ այսօր՝ Ս. Հաղորդութեան ընդմէջէն): Մենք բոլորս կը փնտռենք վաղանցուկ՝ այսպէս ասաց արքայութիւններ, բայց այսօր՝ կանչուած ենք փնտռելու եւ ընդունելու Իսկական եւ Մնայուն Արքայութիւնը՝ որուն անունն է Յիսուս Քրիստոս:

3. «Ապաշխարեցէք». այս բառը դժբախտաբար մեր բոլորին սարսափի կը մատնէ սիրելիներ. ի՞նչ կը հասկնանք այս բառէն: «Ապաշխարել» կը նշանակէ՝ զղջալ իմ մեղքերուս վրայ (եւ ոչ թէ ուրիշին մեղքերուն վրայ) եւ քաւել իմ այս գործած բոլոր մեղքերս: Երբ կ՛ապաշխարեմ՝ չի նշանակեր թէ ես սուրբ դարձայ, ոչ եւ բնաւ երբէք, այլ ապաշխարութեամբ ես կը կանչուիմ հասկնալու նախ եւ առաջ իմ կոչումս, նաեւ մինչեւ կեանքիս վերջը աշխատելու՝ լսելու համար Աստուծոյ ձայնը, ինչպէս նաեւ հասկնալու թէ Աստուած ինչ բանի համար զիս ուզած է աշխարհ ղրկել, եւ ամէնակարեւորը միշտ պատրաստ ըլլալ՝ դիմագրաւելու բոլոր փորձութիւնները, եւ ունենալու համեստութիւնը խոստովանելու իմ մեղքերս՝ թէ Մեր Տիրոջ, եւ թէ ալ առաքեալներու յաջորդներուն՝ որոնք են այսօրուան եկեղեցականները:

4. «Հետեւեցէք ինծի». այսօր սիրելիներ եւ ուր որ դառնանք, մեզ բոլորս կը հրաւիրեն հետեւելու իրենց եւ կամ իրենց facebook-ի, instagram-ի, եւ կամ tiktok-ի էջերուն: Սակայն ծիծաղելի բաժինը այն է՝ որ Քրիստոս 2000 տարիներ առաջ մեր բոլորին ըսաւ զիս Follow ըրէք, եւ ոչ մէկը զԻնք մտիկ ըրաւ եւ կամ ուզեց լսել եւ հետեւիլ Անոր: Այսօր կը հետեւինք բոլորին՝ բացի Քրիստոսէ, եւ երանի անոնք մեզի տան «ճշմարտութիւնը» եւ կամ մեր կեանքին իմաստը...ընդհակառակը, ամէն մէկը իր շահը բռնած՝կը քալէ եւ կը քարոզէ այն ինչ որ իր հաճոյքին կը համապատասխանէ, բայց Քրիստոս միակն է որ մեզ կու տայ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ եւ մեզ կը քարոզէ ՃՇՄԱՐԻՏԸ, եւ մենք զԻնք չենք ընդունիր եւ կամ ոչ ալ զԻնք կը հետեւինք: Սիրելիներ, Քրիստոս չունի ոչ facebook-ի, ոչ instagram-ի, եւ կամ ոչ ալ tiktok-ի էջեր, այլ ունի Ս. Գիրքը, Աստուածաշունչը...բնաւ երբեք օր մը մտածեցի՞ հետեւիմ եւ կամ Follow ընեմ այս Գիրքին: Զգոյշ, չեմ ըսեր որ այս էջերը օգտակար չեն եւ կամ անիմաստ են...ոչ, այլ պէտք ենք գիտնալ զանազանել թէ ով է որ մեզի կը փոխանցէ «ճշմարտութիւնը» եւ որու հետ պէտք ենք աւելի ժամանակ անցնել: Թող որ մարդոց լուրերը մեզ չհետաքրքրէ, փոխանակ անիմաստ նիւթերով զբաղելու, կարդանք եւ սերտենք կեանքի Գիրքը, եւ այսպիսով՝ աւելի մօտենանք եւ ճանչնանք մեր Քրիստոսը եւ մեր կոչումը ՝ այս աշխարհին մէջ:

5. Սակայն այս բոլորը անիմաստ են սիրելիներ եթէ առաքեալներուն նման անմիջապէս մեր ուռկանները չենք ձգեր եւ Քրիստոսի ետեւէն չենք երթար: Երբ կ՛ըսեմ «ուռկանները» ի մտի ունիմ՝ մեր կապուածութիւնը այս աշխարհին հետ եւ աշխարհիկին...յիշենք Քրիստոսի խօսքը՝ աշխարհէն էք, բայց ոչ աշխարհին:

Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան նամակը. Քրիստոս միշտ մեր սրտերուն առջեւ կեցած կը բախէ, որպէսզի զԻնք մեր մէջ ընդունելով՝ ընդունած ըլլանք ապաշխարութիւնը, Երկնքի Արքայութիւնը եւ ամէնակարեւորը՝ պատիւը ունենալու կոչուելու Երկնքի եւ Երկրի Թագաւորին հետեւորդը եւ զաւակը. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2024, 07:50