Որոնել

Սուրբ Կոյս Մարիամի անարատ սիրտը Սուրբ Կոյս Մարիամի անարատ սիրտը 

«Մարիամ եւ Եկեղեցին» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Աստուած Մարիամը ընտրեց աշխարհի ստեղծումէն առաջ՝ իրականացնելու համար իր Փրկչագործութեան ծրագիրը : Հայրը զինք անուանեց իր դուստրը, Որդին զինք ընդունեցա որպէս իր Մայրը : Ասոր համար Մարիամ սկիզբէն ի վեր օրհնեալ է որովհետեւ միակ անձն է որ սկզբնական մեղքէն եւ մարդոց մեղքերէն անեղծ մնաց : Իրմով է որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ եւ չարչարուեցաւ՝ մեզ փրկելու համար մեր մեղքերէն:
Ունկնդրէ լուրը

Եկեղեցին իր առաջին օրերէն իսկ Ս. Կոյսին հետ ունեցած սերտ եւ անքակտելի յարաբերութիւն մը:
Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը՝ 14 Մարտ 2012-ին հազարաւոր ուխտաւորներուն ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Սուրբ Կոյսին մասին խօսելով յայտարարեց՝ թէ Աստուածամայրը մեծարել կը նշանակէ իրմէ սորվիլ ըլլալու աղօթող ընկերութիւն մը : Այս դիմագիծը քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւններուն կարեւորագոյն դիմագիծներէն մէկն է որ կը նկարագրուի Գործք Առաքելոցին մէջ:

Ղուկասի Աւետարանը Կոյս Մարիամը կը ներկայացնէ որպէս «Մայր Յիսուսի»՝ «Հայրդ եւ ես մտահոգ քեզ կը փնտռէինք» (Ղուկ 24,8): Քրիստոսի Մայր ըլլալը պարզ պատուոյ տիողոս մը չէ, այլ ճշմարտութիւն մըն է, փաստ՝ որ Բանը մարդ եղաւ :

Քրիստոս մեզի նման մարդու կեանք ապրեցաւ. ան ուրեմն պէտք ունէր մօր մը՝ ամբողջացնելու համար Փրկութեան ծրագիրը, այսինքն կեանք մը սկսած եւ աւարտած ընտանիքի մը մէջ լի հաւատքով, որ Երուսաղէմ ուխտի կ'երթայ ուրիշներու նման:

Կը փափաքիմ մէջբերել Պօղոս Զ. Սրբազան Քահանայապետին խօսքը, որ, 1964-ին Երուսաղէմ ուխտագնացութեան ընթացքին, գեղեցիկ մտածական մը կատարեց Նազարէթի Կոյսին կեանքին մասին ըսելով՝ «Կոյս Մարիամէն կը սորվինք ընտանեկան կեանքի դասը, նախնական հաղորդութիւն մը ընկերաին գետնի վրայ, գործի դաս մը, եւ ազնուական գործի խղճմտանքը»:

Եփեսոսի Տիեզերական ժողովը Սուրբ Կոյսին մասին կը խօսի որպէս «Աստուածամայր»: Արտասովոր կը թուի կնոջ մը մասին ըսել, թէ ան Աստուծոյ Մայրն է: Ասիկա կը նշանակէ թէ Աստուած աշխարհին յայտնուեցաւ, որովհետեւ Ան իր Միածին Որդին ղրկեց՝ որպէսզի մարդոց հետ ապրի : Մարիամ ծնունդ տուաւ Քրիստոսի՝ խոնարհութեամբ ընդունելով Տիրոջ կամքը:

Չենք կրնար Մարիամի դերը մոռնալ Եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ Յիսուս իր մօրը յանձնեց Եկեղեցին : Երբ Կոյսը ընդունեց Աստուծոյ Որդիին մարդեղութիւնը, ան ինքզինք ենթարկեց Աստուծոյ կամքին՝ իր Որդիին օրինակով խաչ շալկելու: Ս.Կոյսը առաքեալներուն կը սորվեցնէ ընդունելու եւ հասկնալու աստուածային խորհուրդները: Մարիամ այս քայլը անցուց նորածին Եկեղեցիին հետ, եւ ձեւով մը զինք ծնելով, որ պիտի դառնայ Քրիստոսի մարմինը մարդկութեան մէջ : Սուրբ Կոյսին նայելով, կը հասնինք զինք ճանչնալու որպէս ան, որ իր մարդկութեամբ մեզի կը ցուցնէ ճշմարիտ փորձառութիւնը, որով Աստուած Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ կը յայտնուի որպէս ներկայ, ողջ եւ գործօն այս աշխարհին մէջ:

Աստուած Մարիամը ընտրեց աշխարհի ստեղծումէն առաջ՝ իրականացնելու համար իր Փրկչագործութեան ծրագիրը : Հայրը զինք անուանեց իր դուստրը, Որդին զինք ընդունեցա որպէս իր Մայրը : Ասոր համար Մարիամ սկիզբէն ի վեր օրհնեալ է որովհետեւ միակ անձն է որ սկզբնական մեղքէն եւ մարդոց մեղքերէն անեղծ մնաց : Իրմով է որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ եւ չարչարուեցաւ՝ մեզ փրկելու համար մեր մեղքերէն:

Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի կը սորվեցնէ աղօթքին կարեւորութիւնը, եւ մեզի կը ցուցնէ թէ միայն անդեղ, հաստատ եւ սիրով լեցուն կապով մը Յիսուսի հետ մենք կարելիութիւնն ունինք մեր եսասիրութենէն ելլելու եւ արիաբար երթալու աշխարհի ամէնուրէք հռչակելու Տէր Յիսուսը՝ որպէս Աշխարհի Փրկիչը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2024, 09:21