Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը յայտարարեց Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Աղաճանեանի աճիւններու Հռոմէն Պէյրութ փոխադրումը
Երեքշաբթի, 13 Օգոստոս 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, տեղի ունեցաւ մամուլի ասուլիս մը, ներկայութեամբ՝ լիբանանահայ թերթերու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Ապա, ժամը 3.30-ին, ուղիղ եթերով լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններէն, Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ արաբերէն լեզուով մամուլի ասուլիս մը տուաւ, որուն ընթացքին յայտարարեց Աստուծոյ Ծառային՝ Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին աճիւններուն Հռոմէն Պէյրութ փոխադրութեան հանդիսաւոր արարողութեան մասին:
«Սիրելի հայորդիներ,
Հաւաքուած ենք, այսօր, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, ուրախութեամբ եւ անսահման հպարտանքով յայտարարելու համար Լիբանանի խորհրդանիշներէն ու մեր ազգային մեծագոյն անձնաւորութիւններէն՝ Կաթողիկէ Ընդհանրական Եկեղեցիին Կարդինալին եւ Աստուծոյ Ծառային՝ Երջանկայիշատակ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին աճիւններուն Լիբանան ժամանումին մասին։
Հետեւաբար, Հինգշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը ականատես պիտի ըլլանք Աստուծոյ Ծառայ Աղաճանեան Կարդինալի աճիւններուն հանդիսաւոր ընդունելութեան արարողութեան, որ պիտի համախմբէ Լիբանանի բոլոր համայնքները, արտացոլացնելով ազգային միասնականութեան հանդէպ մեր հաւատքը:
Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքին նախագահութեամբ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին սիւնհոդոսական նուիրապետներուն մասնակցութեամբ,կրօնական, քաղաքական և հասարակական ականաւոր գործիչներու ու հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունենալիք հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին՝ Կարդինալ Աղաճանեանի աճիւնները վեհաշուք թափօրով պիտի տեղափոխուին եւ ամփոփուին «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ գտնուող նորակառոյց շիրիմին մէջ, Տըպաս հրապարակ, Պէյրութ։
Նշենք, որ 28 Հոկտեմբեր 2022-ին, Հռոմի մէջ, ընթացք առած էր Կարդինալ Աղաճանեանի երանացումին դատը` մեծարումին ուղին այն մեծանուն անձնաւորութեան, որ իր կեանքը նուիրած էր Աստուծոյ եւ ծառայած՝ Ազգին:
Մենք այսօր կը դիմաւորենք անոր մաքրամաքուր մարմինը, որ պիտի հանգչի նորակառոյց ու մշտական իր շիրիմին մէջ։
Ծիրանաւոր Աղաճանեան Պատրիարքին աճիւններուն հիւրընկալումն ինքնին հասարակ կրօնական բնոյթ չունի, քանի ան կը կը մարմնաւորէ ազգային ու միասնական ոգին, եւ այս առիթը տօն է, որովհետեւ Կարդինալ Աղաճանեան իր կեանքը նուիրաբերեց Ազգին ու Եկեղեցիին:
Առաւել, ան ստանձնեց մեծ պատասխանատուութիւններ, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւն էր «Հաւատոյ Տարածման ժողով»-ին գահերէցի պաշտօնավարումը, ինչպէս նաեւ անոր պատմական մասնակցութիւնը Երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ. ու Պօղոս Զ. Քահանայապետերուն ընտրութեան Կարդինալական ժողովներուն, որոնք սրբադասուեցան Ֆրանչիսկոս Քանանայապետին կողմէ 2014 եւ 2018 թուականներուն։
Այս պատմական իրադարձութիւնը կը թուի, թէ կու գայ ամբողջացնելու Ալ-Տուէյհի Պատրիարքին երանացումին գործընթացքը, որ տեղի ունեցաւ Օգոստոս 2-ին, քանի երկուքն ալ լոյսի եւ հաւատքի փարոսներ էին: Անոնք մեծ ծառայութիւններ մատուցին Եկեղեցիին ու հայրենիքին:
Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը մեզի աւանդեց հաւատքի եւ սիրոյ մեծ ժառանգութիւն եւ յուզիչ կտակ մը, ուր արտայայտած էր իր անմնացորդ խոնարհութիւնն ու անխախտ ցանկութիւնը՝ ապրելու եւ մեռնելու որպէս հնազանդ որդի Կաթողիկէ Եկեղեցիին ու Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինին հետ լիակատար միութեան մէջ:
Թէպէտ ան մահացաւ 16 Մայիս 1971-ին, սակայն եւ այնպէս անոր յիշատակը վառ կը մնայ բոլորիս սրտերուն մէջ, որովհետեւ 53 տարիներ անց, անոր սրբութիւնը տակաւին կը բուրէ ամենուրեք:
Անհամեմատելի է Կարդինալ Աղաճանեանի դերը Լիբանանի պատմութեան մէջ: Ան ձայնն էր բոլոր ճնշուածներուն, թիկունքը՝ անզօրներուն, որ ջանասիրաբար աշխատեցաւ միաւորելու բոլոր լիբանանցիները, մերձեցնելու անոնց տեսակէտները՝ հանդիսանալով բարոյականութեան, առատաձեռնութեան եւ խոնարհութեան տիպարը, որ անջնջելի դրոշմ ձգած է բոլորին հոգիներուն մէջ։
Այս օրհնեալ յոյսի նշանով, զոր Աստուած պարգեւեց մեզ, մենք կը շարունակենք այս առաքելութիւնը՝ կրելով Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին արժէքներն ու ժառանգութիւնը, եւ լիայոյս ենք, որ վաղը կ՚ունենանք նոր երանելի եւ ապա սուրբ մը, որուն անունը կը բարձրաձայնուի Ս. Խորաններէն՝ անգամ մը եւս հաստատելով, որ մենք, ազգովին, երբեք յոգնած չենք ծառայութիւն մատուցանելէ եւ վկայութիւն տալէ` Աստուծոյ խօսքը տարածելու ի խնդիր աշխարհի բոլոր ծագերուն։
Այս տօնական առիթով՝ կը շնորհաւորենք Հայ եւ Ընդհանրական Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ ամբողջ լիբանանահայութիւնը այս մեծ ուրախութեան համար, Կարդինալ Աղաճանեան Աստուծոյ Ծառային՝ երէկուան Կաթողիկոս-Պատրիարքին եւ վաղուան Սուրբին իր գիրկը վերադարձնելուն։
Ուրեմն, ան, որ երէկուան Կաթողիկոս-Պատրիարքն էր, այժմ կը հանդիսանայ վաղուան Սուրբը, ինչպէս որ կը տենչան Հայ Եկեղեցիին եւ Ազգին զաւակները։
Ան Աստուծոյ Ծառան է, որ, Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք, իր սրտին մէջ կրած էր իր վիրաւոր ու տեղահանուած ժողովուրդին ցաւերը, զորոնք իր աշխատանքին եւ արդար կեանքին ընթացքին վերածեց յարութեան լուսաշող պատգամին, որ կը փայլի ներկայի օրերու խաւարին մէջ նոյնիսկ՝ ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն և փորձութիւններուն, զորոնք մենք կ՚ապրինք Միջին Արեւելքին մէջ:
Մեզի համար մեծ պատիւ է ձեզ հրաւիրել ու համախմբել՝ մասնակցելու եւ ապրելու համար այս ազգային եւ հոգեւոր տօնակատարութիւնը՝ յոյս ունենալով, որ այս առիթը միասնականութեան, հանդուրժողականութեան եւ համակեցութեան արժէքները մարմնաւորելու հնարաւորութիւն կը հանդիսանայ մեր սիրելի Ծննդավայրին ու Հայրենիքին մէջ:
Թող Կարդինալ Աղաճանեանի հաւատքի եւ սիրոյ ժառանգութիւնը ներշնչում դառնայ ապագայ սերունդներուն։
Շնորհակալութիւն ձեզի ու բոլորին:
Ակնդէտ կը սպասենք խուռներամ բազմութեամբ մասնակցութեան այս պատմական իրադարձութեան»:
Աղբիւըը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ