Որոնել

Պաղեստին, Իսրայէլ , պատերազմ Պաղեստին, Իսրայէլ , պատերազմ  (AFP or licensors)

Սուրբ Երկրի եկեղեցին. Անվերջ բանակցութիւններ, թող խաղաղութեան ճանապարհ գտնուի

Երուսաղեմի քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներն ու պատրիարքները համատեղ նոր կոչ ըրին. Անմեղ մահերը, գաղթականներն եւ աւերուածութիւնները պէտք է որ դադրին, «արագօրէն հրադադարի համաձայնութեան հասնելու համար՝ երկու պետութիւններուն միջազգային օրինաւոր լուծման որդեգրումով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երուսաղեմի քրիստոնեայ համայնքներուն առաջնորդներն ու պատրիարքները 26 օգոստոսին համատեղ կոչ յղեցին, յիշելով ու դիտել տալով, որ գրեթէ մէկ տարի առաջ սկիզբ առած Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ հակամարտութեան հետեւանքով տակաւին միլիոններով փախստականներ տեղահանուած են ու անոնց տուները անհասանելի, քանդուած են եւ ամէն շաբաթ հարիւրաւոր անմեղներ կը սպաննուին կամ ալ ծանրապէս կը վիրաւորուին ու հազարաւոր անմեղները կը տառապին անօթութենէն, ծարաւէ եւ հիւանդութիւններէն։ Սուրբ Երկրի եկեղեցիներուն առաջնորդներն ու Պատրիարքները իրենց համատեղ կոչին մէջ յոյս յայտնեցին, որպէսզի Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ բանակցութիւնները վերջ գտնեն ու հասնին հրադադարի համար ընդհանուր համաձայնութեան։

Բանակցութիւններու ձգձգումները

Սուրբ Երկրի հոգեւոր առաջնորդները ապա իրենց կոչին մէջ նկատել կու տան,  որ «հրադադարի շուրջ բանակցութիւնները անվերջ կը շարունակուին՝ պատերազմող կողմերու առաջնորդներու միջեւ ՝ աւելի շատ մտահոգուած քաղաքական նկատառումներով քան վերջ դնելու մահուան եւ աւերածութիւններուն։ Շարունակուող ձգձգումները, որ զուգադրուած է «այլ սադրիչ գործողութիւններուն, կը նպաստեն միայն լարուածութեան աճին այն աստիճան, ուր դէմ յանդիման կը գտնուինք տարածաշրջանային մէջ լիարժէք պատերազմի սեմին։ Պատրիարքինները կը մաղթեն հասնելու հրադադարի արագ լուծման, որ վերջ կը դնէ պատերազմին, բանտարկեալները կ՝ազատուին, փախստականները տուն կը վերադառնան ու հիւանդներն ու վիրաւորները բուժում կը ստանան։

Խաղաղութեան տեսլական

Ի վերջոյ Սուրբ Երկրի եկեղեցիներուն առաջնորդները իրենց մտահոգութիւնները կը յայտնեն նաեւ իրենց յանձնուած քրիստոնեաներուն նկատմամբ, գաղթականներ որոնք ապաստանած են Կազայի Սան Փորֆիրիօ եւ Կաթողիկէ Սուրբ Ընտանիք եկեղեցիներու մէջ,

Սուրբ Երկրի Պատրիարքները իրենց կոչը աւարտած են խնդրելով աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներու, բարի կամք ունեցող անձերու մօտիկութիւնն ու աղօթքը, որպէսզի խթանուի խաղաղութեան տեսլական, «պատերազմէն աւերուած մեր տարածաշրջանին մէջ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2024, 12:02