Որոնել

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը 

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը

Շուրջ մէկ ժամ մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ հոգեւոր տիրոջ միջեւ: Երկու հոգեւոր պետերը անդրադարձան հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանն ու Լիբանանը յուզող հարցերուն: Անոնք շեշտեցին մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը:
Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 20 օգոստոս 2024-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ, որուն կ՛ընկերանար օգնական եպիսկոպոս Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքին Գրիգոր եպս. Պատիշահ: Հանդիպման վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան եւ կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ բաժանմունքի վարիչ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան:

Շուրջ մէկ ժամ մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ հոգեւոր տիրոջ միջեւ: Երկու հոգեւոր պետերը անդրադարձան հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանն ու Լիբանանը յուզող հարցերուն: Անոնք շեշտեցին մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2024, 08:09