Որոնել

Իրաքցի երիտասարդներ Իրաքցի երիտասարդներ  (AFP or licensors)

Կարդինալ Սաքօ` չարը պիտի չգոյատեւէ

Տասը տարիներ անց ՏԱՀԵՇի քրիստոնեաներուն ու եզիտիներուն դէմ գործած ջարդերուն Քաղդէացիներու Պատրիարք Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին կը յիշէ բոլոր իրաքցիները միացնող այդ ողբերգութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Տասը տարի առաջ օգոստոս ամիսը Իրաքի համար դարձաւ հաւաքական ողբերգութեան խորհրդանիշ, երբ ոչ միայն հարիւր քսան հազար քրիստոնեաներ ստիպուած եղան 6 - 7 օգոստոս երկարող գիշերուայ ընթացքին լքել իրենց տուները, ունեցուածները ու փախուստ տալ այդպէս կոչուած Իսլամական Պետութեան ճիրաններուն մէջ չիյնալու համար, այլեւ այլ ժողովուրդ մը` եզտիները թիրախ դարձան ցեղասպանութեան փորձի, որուն ընթացքին սպաննուեցան երեք հազարէ աւելի այր մարդիկ, կիներ ու մանուկներ իսկ այլ 6800 անձ, յատկապէս կիներ ու մանուկներ առեւանգուեցան ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու կողմէ։ Ողբերգութիւն մը որ ՄԱԿը ճանչցաւ որպէս ցեղասպանութիւն։

«Այս մէկը եղաւ միասնական ողբերգութիւն» համայն իրաքի ժողովուրդին համար ըսաւ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն, որ բացատրելով այդ ողբերգութեան հետեւանքները նշեց որ Իրաքի մէջ մարդիկը ապագայի նկատմամբ յոյս չունին եւ այդ մէկը շատեր կը ստիպէ լքելու երկիրը եւ այլուր փնտռելու ապագայի մը յոյսը։

«Բոլորն ալ կ՛ապրին վախի մէջ, նաեւ Միջին Արեւելքի կացութեան ի տես» բացատրեց Պատրիարքը կարեւոր նկատելով մտայնութեան փոփոխութիւնը որ հիմքն է պատերազմի ու ոխի անոր տեղ առաջարկելով «երկխօսութեան» մտայնութիւնը, լուծելու համար հարցերը։

Կարդինալ Սաքոն քննադատեց ապա Արեւմուտքի անշարժութիւնը եւ անտարբերութիւնը ուր ըսաւ «կեդրոնացած են շահի տրամաբանութեան վրայ եւ կը պակսին հոգեւոր եւ բարոյական արժէքները»։

Դատապարտելով հուսկ եզտիներու դէմ գործադրուած ոճիրը Պատրիարք Սաքոն հաստատեց թէ «բոլորս ալ եղբայրներ ենք եւ կեանքը սքանչելի իրողութիւն մըն է։ Կարելի չէ թոյլ տալ որ մարդիկ մեռնին առանց ոչ մէկ քայլ առնելու, ըլլայ Իրաքի ըլլայ այլ վայրերու մէջ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրս պատասխանատու է միւսներուն համար եւ երբ մեռնինք Աստուած մեզի պիտի չի հարցնէ եթէ քրիստոնեայ ենք կամ իսլամ այլ մեզի հարց պիտի տայ. Ի՞նչ ըրիր եղբօրդ համար» ըսաւ Քաղդէացիներու Պատրիարքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2024, 12:58