Որոնել

2019.06.14 Porta di Brandeburgo, Berlino

Երիտասարդներ Խաղաղութեան համար. Պերլինի մէջ միջազգային հանդիպում

27էն մինչեւ 29 օգոստոսին Պերլինի մէջ նախատեսուած է միջազգային համաժողով որուն պիտի մասնակցին 13 Եւրոպական երկիրներէ հազարէ աւելի երիտասարդներ նպատակ ունենալով նորոգելու յանձնառումը «պայքարելու բռնութեան և ցեղապաշտութեան բոլոր ձևերուն դէմ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«A Global Friendship for a Future of Peace - Ընդհանրական բարեկամութիւնը խաղաղութեան ապագայի մը համար» այս է երազը հազարէ աւելի երիտասարդ երիտասարդուհիներու, համալսարանական եւ դպրոցական աշակերտներու որոնք 27էն 29 օգոստոսին պիտի մասնակցին Պերլինի մէջ նախատեսուած «Երիտասարդներ Խաղաղութեան համար» միջազգային համաժողովին։

«Խաղաղութեան ի սպաս երիտասարդական շարժումը Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կապուած շարժում մըն է» կը կարդանք այս առիթով հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ուր նշուած է նաեւ, թէ «Հասարակութիւնը յանձնառու է ամէն օր, ի նպաստ դժուարութեան մէջ ապրող մանուկներու, տնանկներու, միայնակ տարեցներու եւ ամարային ամիսներու ընթացքին կազմակերպեց զօրակցական արձակուրդներ` Յունաստանի եւ Կիպրոսի գաղթականներու ճամբարներու մէջ ապրողներուն համար։

Սանդ Էճիտիոյ հասարակութիւնը կը շարունակէ նաեւ իր աջակցութիւնը ցուցաբերել Ուքրանիոյ բնակչութեան, եւ ճիշտ այս առաքելութեան հետեւանքով Պերլինի հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հարիւրէ աւելի ուքրանացի երիտասարդներ։

Երեք օր տեւող հանդիպումի ընթացքին երիտասարդները ձայն պիտի տան իրենց սերունդի յոյսերուն եւ քննարկումներ պիտի կատարեն խնդրայարոյց որոշ նիւթերու վրայ ինչպէս բնապահպանութիւնը, գաղթականութիւնը եւ աղքատութիւնը, տարածելու համար խաղաղութեան եւ զօրակցութեան մշակոյթ մը, «քաղաքի մը մէջ ուր 35 տարիներ առաջ պատ մը վար առնուեցաւ» եւ որ կը ներկայացնէ «ապագայի համար յոյսի մեծ նշան» կը կարդանք միշտ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2024, 11:28