Եկեղեցական Գիտելիքներ 5_րդ. Շաբաթ Զկնի Վարդավառի. (4_11 Օգոստոս 2024)
Վարդավառի Ե. կիրակին կը կարդանք թէ ինչպէս Յիսուս կը շրջէր Գալիլիոյ բոլոր կողմերը ու կը քարոզէր ժողովարաններու մէջ ու դեւեր կ՝արտաքսէր. Քրիստոսի հրաշքներէն մին զոր կատարեց Կափառնաումի մօտակայ գիւղերէն մէկուն մէջ, բուժելով բորոտութենէ բռնուած մարդ մը։ Մինչ Յիսուս կը պատուիրէ իրեն մէկու մը չպատմել հրաշքի մասին, ինք սակայն կը հռչակէ զայն բոլոր աշխարհի առջեւ։
Երկուշաբթի օրը` տօնն է Սուրբ Տրիփոն յոյն վկայի մը . ան Դեկոս կայսեր յարուցած սաստիկ հալածանքներու ընթացքին բռնուեցաւ եւ ծանր տանջանքներու մատնուելով՝ նահատակուեցաւ 250 թուին։
Երեքշաբթի օրը, տօնն է Գորդիոս, Պօղիքտոս եւ Գրիգորիս վկաներու։
Հինգշաբթի օրը՝ կը յիշատակենք Սուրբ Եւգինէոսի, Մակարիոսի, Վաղերոսի, Կանդիտոսի եւ Ակիւղասի տօնը։
Շաբաթ օրը կը յիշատակենք Եւգինէ անունով կոյսի մը տօնը, միեւնոյն ատեն կը յիշատակենք նաեւ իր հայրը՝ Փիլիպոս, մայրը՝ Գլոտիա եւ երկու եղբայրները՝ Սերգիոս – կամ Սարգիս – եւ Ապիտոն. եւ երկու ներքինիները՝ Պրոստոս եւ Յակինթոս, որոնք կը ծառայէին իրեն։
Ասոնք կը կազմէին Հռովմայեցի ազնուական ընտանիք մը, որ կ՛ապրէր երկրորդ դարու վերջերը, Կոմոտոս կայսեր օրով։ Փիլիպոս կարգուեցաւ կառավարիչ Աղեքսանդրիոյ եւ ընտանեօք մեկնեցաւ Եգիպտոս. Հոն Եւգինէ ծանօթացաւ քրիստոնեաներուն եւ ինք ու երկու ներքինիները գաղտնի քրիստոնեայ դարձան. Ապա կուսութիւն ուխտելով՝ առանձնացան մենաստանի մը մէջ՝ ուր Եւգինէ տղամարդու զգեստներ հագուելով՝ վանական դարձաւ Եւգինիոս անունով։ Սակայն Մելանիա անունով կին մը, որ իր աղօթքներով բժշկուած էր, սիրահարուեցաւ իրեն եւ չգիտնալով իր ինքնութիւնը, ուզեց հետը ամուսնանալ։ Երբ մերժուեցաւ ամբաստանեց զինք եւ դատաւորին առջեւ հանել տուաւ, որ ուրիշ մէկը չէր եթէ ոչ Փիլիպոս, Եւգինէի հայրը։ Երբ իրականութիւնը մէջտեղ ելաւ, Փիլիպոս այնքան տպաւորուեցաւ իր աղջկայ կեցուածքէն որ ինք եւս ընտանեօք դարձի եկաւ, կորսնցնելով իր դիրքն ու իշխանութիւնը։ Հետագային Եւգինէ եւ ներքինիները Հռոմ տարուեցան եւ հոն նահատակուեցան իսկ հայրը, մայրը եւ եղբայրները բարեպաշտ կեանք մը ապրեցան մինչեւ իրենց մահը։
Կիրակի 11 օգոստոսը՝ Բարեկենդան է Սուրբ Աստուածածնի տօնին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ