Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Լատիներէն փառաբանութեան աղօթք
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (17)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Թ. դարու հնաւանդ Մաշտոցին:

ԺԷ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Թ. դարու հնաւանդ Մաշտոցին:

Մաշտոց Ծիսարանը օրհնութիւններու փունջ մըն է, ուր ամէն աղօթք ունի իր յատուկ բոյրը: Անոր բազմաթիւ կանոններու կարգը պատահական աղօթներու կամ օրհնութիւններու կուտակում մը չէ, այլ Առաքեալներու կողմէ կազմուած և բեռանացի աւանդուած սրբազան ժառանգութիւն մըն է:

Աւանդական ճշմարտութիւն է թէ Քրիստոսի Առաքեալները և իրենց յաջորդող սուրբ Հայրերը Աւետարանի հետեւողութեամբ՝ իմաստալից օրհնութեան աղօթքներ հիւսելով՝ օրինակ հանդիսացան բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներուս՝ ուշադիր ըլլալու Աստուծոյ խօսքին, զայն լսելու ու ճանչնալու ժամանակի նշանները և Ս. Հոգւոյն ներշնչումները, դառնալով առաքեալներ խօսքին և մատակարարներ շնորհքին: Այսպէս, Խորհրդակերպերուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն օրհնութիւնները, որոնք Աստուծոյ մատուցուած գովաբանութիւն են և Անոր պարգեւներն ընդունելու աղօթք:

Կան նաեւ անձերու օծումը և աստուածային պաշտամունքին վերապահուած առարկաններուն ընծայումը: Այս կերպով, ամէն կանոն կազմուած է աղօթքէ, որուն կ'ընկերանայ խաչի նշանը և ըստ պատշաճի՝ սուրբ իւղի օծումը: Այսօր, Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան երկաթագիր հնագոյն Մաշտոցը Թ. դարու կը թուագրուի, թէեւ մինչեւ Ը. դար կը հասնի անոր հնութիւնը ըստ Կոնիբերի:

Այս հաստկեկ մագաղաթեայ Մաշտոցը շագանակագոյն կաշեպատ և զարդարուն կազմ ունի: Անգղիացի բանասէր՝ Ֆրետերիք Կոնիբեր իր «Rituale Armenum» աշխատասիրութեան մէջ, ընդարձակօրէն ուսումնասիրած է 1000-է աւելի հին ձեռագիր Մաշտոցներ, աշխարհի տարբեր հայկական կեդրոններու մէջ, և իր բոլոր ուշադրութիւնը կեղրոնացուցած է Վենետիկի մեծադիր Մաշտոցի հնութեան վրայ: Կոնիբեր կը պնդէր թէ զայդ ուղղակի Մաշտոց վարդապետի կենդանութեան և անոր ազդեցութեան ներքեւ գրուած է: Մխիթարեան Հայրերէն՝ Հ. Գրիգոր Սարգսեան եւս կ'ապացուցէ թէ այդ ամենահին թանկագին Մաշտոցը՝ Ս. Ղազարի Մլքէ թագուհիի (932թ.) աւետարանէն եթէ ոչ հնագոյն՝ գէթ հաւասար է:

Իրաւամբ Մաշտոցի գրութեան տարին, ամենէն ուշ 885-886ի կը հասնի ինչպէս կը հաստատէր Մխիթարեան վարդապետը. այսպիսով արդարացնելով Կոնիբերի խօսքը, թէ Մաշտոց վարդապետին ներշնչման ներքեւ պէտք է զրուած ըլլայ սոյն Ձեռագիր Մաշտոցը:

Այս մեծադիր Մաշտոցին զանազան կանոններու մէջ յիշատակուած են Ե.էն մինչեւ Ը. դար յօրինուած շարականներ, օրհնութեան աղօթքներ և քարոզներ: Մաշտոցը կը պարունակէ 47 Կանոններ, որոնց պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ: Անցեալին, այս հնաւանդ և պատկառելի մատեանները իսկապէս կը համարուէին հայ տանը պահապանները. Հայ հաւատացեալները անոնց առջեւ մոմ կամ ճրագ կը վառէին, ուխտի կ՝երթային մերկ ոտքով հոն՝ ուր կը պահուէին հին Աւետարաններ և յարգելի Մաշտոցներ. և անոնց կ՝ընծայէին հրաշագործ զօրութիւններ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2024, 08:00
Prev
February 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728 
Next
March 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031