Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (18)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Մաշտոցի միայնակեցական կարգին:

ԺԸ. Հաղորում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Մաշտոցի միայնակեցական կարգին:

 

Կորիւն, մեր Ոսկեդարի մեծագոյն դէմքերէն մին, առաջին Թարգմանչաց դասէն, աշակերտած պատանի հասակէն Ս. Սահակայ ու Մաշթոց Վարդապետի, որոնք իրենց սրբութեան, գիտութեան ու հայրենասիրութեան երրեակ լոյսերով վերածներ ու անմահացուցեր են հայ ազգը, այլ նաեւ իբր նուիրական աւանդ մը թողեր է մեզի իր ոսկեմատեանը, քանդակելու համար ապագայ սերունդներուն մտքին մէջ անոնց յաւերժական յիշատակը եւ վառելու զիրենք՝ որ հետեւին մեր պաշտելի Հայրերուն օրինակին. իր «Վարք Մաշտոցի» ինքնագիր գործին մէջ, կը գրէ թէ Մաշտոց հնազանդելով եկեղեցական կանոններուն՝ միայնակեցական կարգին մէջ մտած է, վասնզի երիցութեան ձեռնադրութիւնը ընդունողը կա՛մ պիտի ըլլար ամուսնաւոր քահանայ, կամ պիտի մտնէր միայնակեցական կարգը:

Մաշտոց երկրորդը կ'ընտրէ; եւ իր բնատուր վեհանձնութեամբ բոլոր եռանդովը կը նուիրուի ամենախիստ ճգնութիւններու. «Լեռնակեցութեան, քաղցի եւ ծարաւոյ և բանջարաճաշակութեանց, խարազնազգեստ և գետնատարած անկողնոց, եւ բազում անգամ զհեշտական հանգիստ գիշերոյն և զհարկ քնոյ յոտանաւոր տքնութեան, ի թօթափել ական վճարէր, և զայս ամենայն առնէր ոչ սակաւ ժամանակս»:

Հ. Պօղոս Անանեանի համաձայն՝ Մաշտոց Տարօնի մէջ առանձնացած պէտք է ըլլայ, ուր կային արդէն անապատականներու բազմութիւն: Մաշտոց միանձնական նոր կարգ մը հիմնել չուզեց, այլ մտաւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող միանձնական կարգի մը մէջ՝ հետեւելով եկեղեցական կանոններուն, կամ ինչպէս Կորիւն կ'ըսէ. «հաճեալ հրամանացն ի խաչակիր գունդն Քրիստոսի խառնէր և անդէն վաղվաղակի միայնակեցական կարգ մտանէր»:

Կորիւնի վկայութեամբ՝ «երանելին (Մաշտոց) հասաւ նոյնիսկ վարդապետական գեղեցիկ աստիճանին»: Ինչպէս յայտնի է ամենուն Գողթն գաւառը եղաւ անոր քարոզութեան վայրը: Իսկ Մանուկ Աբեղեանի յիշած կամ գտած Մսրավանիս գիւղի, որ Մեսրոպի անունը կրելուն համար՝ հաւանաբար պահած պէտք է ըլլայ յիշատակը՝ անոր հիմնած վանքերէն մէկուն, կրնայ բացատրուիլ Գրոց գիւտէն վերջ՝ Մաշտոցի երկրորդ քարոզչութեան ընթացքին ըրած հիմնարկութիւններով:

Կորիւնի վկայութեան համաձայն՝ Մաշտոց Գողթն գաւառի մէջ վանականներու խումբեր հաստատեց այդ երկրորդ քարոզչութեան շրջանին, երբ քրիստոնէութիւնը այլեւս ծաւալած ու ծաղկած էր գաւառին մէջ: Իրապէ՛ս, Մաշտոց այն հոգիներէն է, որոնք մինակ բարձրանալ չեն կրնար, պէտք է ետեւնէն քաշեն ուրիշներ: Եւ իսկապէս ալ, կը գրէ Կորիւն «գտեալ զոմանս ինքն յարեցուցանէր աշակերտեալ նմին սովորական աւետարանութեան» (Կորիւն, անդ): Այդ աշակերտներու թիւին մէջ կրնանք ապահովաբար դնել Յովհան Եկեղեցացին, Յովսէփ Պաղանացին, որոնց մասին խօսելով Կորիւն կը կոչէ զանոնք հաւասարակից կամ օգնական Մաշտոցի: Նոյնպէս Ղեւոնդ Երէցն ալ,  որ իր աշակերտներուն գլուխ կարգեց:

Ղազար Փարպեցիի յիշած Տէր կամ Տիրայր Խորձենացին եւ Մուշէ Տարօնցին: Վերջինս հաւանաբար նոյինքն Փաւստոսէ յիշուած՝ Գինդի ձեռնասուն աշակերտն ըլլայ: Մանուկ Աբեղեան Մաշտոցի միայնակեցութեան կարգը մտնելուն մասին կը գրէ՝ թէ Մաշտոց հակառակ այս իրողութեան չէր կտրուեր հովուական պաշտօնէն եւ անգործութեան չէր մատնուէր Աւետարանը աւետելու գործին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ յոյսով նայիլ ապագային։ Տարակոյս չկայ որ Մաշտոց կրօնական կեանքի մէջ փնտռեց առիթ եւ միջոց՝ շատ աւելի լուրջ եւ պատասխանատու առաքելութեան մը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2024, 07:52