Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (19)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Ե. դարու եկեղեցական գրականութեան:

ԺԹ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Ե. դարու եկեղեցական գրականութեան:

 

Ե. դարուն սկիզբը Մաշտոցի գրի գիւտով ծնունդ կ՝առնէ հայ մատենագրութիւնը: Կարճ ժամանակի մէջ, մօտաւորապէս 50--60 տարիներուն ընթացքին, «Սահակի և Մեսրոպի առաջնորդութեան տակ», ինչպէս Հ. Ա. Այտընեան կը գրէ. «անբաւ գրուածոց գանձ մը դիզուեցաւ ազգին՝ մի քան զմի ընտրելագոյն մատեաններ, հանդերձ գեղեցիկ ոճոյ աստիճանաւորութեամբ՝ պարզ, զարդարուն, ճոխ եւլն. թէեւ մեծաւ մասամբ թարգմանութիւնք են երկասիրութիւնները: Ս. Գիրք, ծիսական և հայրախօսական մատեաններ, յոյն և ասորի լեզուներէ թարգմանուած: Սակայն թարգմանութիւնները այն անզուգական առաւելութիւնն ու մեծ կարեւորութիւնը ունին մեզի՝ որ բնագրին հետ բաղդատոթիւնը կ'ուսուցանէ հայերէն բառերուն ճիշդ նշանակութիւնը, բուն ազգային զրուցուածքի յատկութիւններն որ բնագրէն խոտորմունքներուն վրայ կը տեսնուին. Շատ տեղեր մանր յաւելուածներն որ կը ցուցնեն հայերէնի ոգին ու ճոխութիւնը և ճարտար թարգմանչին բնատուր հանճարը»:

Իսկապէ՛ս, Հայոց Եկեղեցին իր զարգացման նոր դարաշրջանը կ'ապրէր: Սահակ եւ Մաշտոց նոր հիմ դրած էին հայ գրականութեան եւ իրենց աշակերտները կը  դեգերէին դեռ եւս օտար երկնքի տակ՝ համբարելու սերմեր հայրենի անդաստանին համար:

Ե. դարու թարգմանական գրականութիւնը, այնքան ընդարձակ եղաւ և կատարուած այնպիսի ընտրութեամբ ու ճաշակով, որ ընդհանուր եկեղեցական գրականութեան պատկանող շատ մը կարեւոր գրութիւններ մնացած են միա՛յն գրաբար հայերէն թարգմանութեան շնորհիւ և մինչեւ այսօր Եւրոպական գրականութեան ուսումնասիրութեան համար մատչելի դարձած են միա՛յն հայերէն այդ հին թարգմանութիւնները. ինչպէս՝ Տատիանոսի Համաբարբառի մեկնութիւններուն թարգմանութիւնը, Ս. Պօղոսի թուղթերը՝ մեկնաբանուած Եփրեմ ասորի վարդապետէն, Նանա ասորի մատենագրին Յովհաննու աւետարանի մեկնութեան թարգմանութիւնը, Արիստոտէլի Ստորոգութեանց և Պորփիւրի ներածութեան, ինչպէս նաեւ Պղատոնի գրութիւններուն հայկական հին թարգմանութիւնը, որ մինչեւ Սահակ - Մեսրոպի ժամանակ կը բարձրանայ, գործ՝ Դաւիթ Անյաղթ Փիլիսոփային, որ մին էր այն հարիւրաւոր թարգմանիչներէն, որ Սահակ-Մեսրոպի պայծառատես հոգածութեամբ՝ ղրկուեցան ուսման և մշակոյթի ամէն կեդրոն, որ հաւատքի վկայագիրները և աշխարհիս իմաստութեան գործերը հայերէն լեզուով թարգմանելու արուեստը սորվին:

Անհրաժեշտ է շեշտել այն հանգամանքը թէ այս հսկայական թարգմանական աշխատանքներուն միջոցաւ Հայոց Եկեղեցին իր պարտականութիւնը կատարած է Ընդհանրական Եկեղեցւոյ և անոր գիտութեան՝ կորուստէ փրկելով շատ մը արժէքաւոր ստեղծագործութիւններ:

Հռչակաւոր Օքսֆորդ համալսարանի դասախօս, հայագէտ և հայասէր՝ Ֆրետերիկ Կոնիբիր (F. Conybeare), որ մահացած է 1924-ին, այն համոզման հանգած է թէ հայկական թարգմանութիւնները իրենց ոճով (ինչպէս ինքը կ՝ըսէր) աւելի հաւատարմօրէն կը մերձենան իրական պատմութեան քան լատինական, յունական կամ ասորական խմբագրութիւնները: Յիշատակութեան արժանի է թէ այս մեծ դասախօսը հայկական Մաշտոց ծիսարանը՝ ամբողջութեամբ անգլերէնի թարզմանած է, խնամոտ և մանրակրկիտ քննութեան տակ առնելով ծիսական բոլոր հին ձեռագիրները, և գրեթէ բոլոր հրատարակութիւնները:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2024, 08:00