Որոնել

Նիքարակուա, պետութիւն, նախարարութիւն Նիքարակուա, պետութիւն, նախարարութիւն 

Նիքարակուայի մէջ պետութիւնը չեղեալ յայտարարած է ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները

Նիքարակուայի պաշտօնական օրաթերթին մէջ հրապարակուած է փոխ նախագահին որոշումը։ Միջազգային կազմակերպութիւններու բոլոր ունեցուածքները կը փոխադրուին պետութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Նիքարակուայի պետութիւնը չեղարկած է երկրին մէջ գործող 1500 ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու իրաւական իրավիճակը՝ փոխանցելով անոնց ունեցուածքները պետութեան։

Ներքին գործոց նախարար, Մարիա Ամելիա Քորոնելի կողմէ հաստատուած ու Նիքարակուային պաշտօնական օրաթերթին մէջ հրապարակուած որոշումը՝ ինչպէս նշուած է կը բխի միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ որոշ պարտաւորութիւններուն չկատարումէն, ինչպէս օրինակ՝ չներկայացնել ժամանակաշրջաններուն համար՝ ներառեալ 1էն մինչեւ 35 տարիները, իրենց պիւտճէները, ֆինանսական ժամանակաշրջաններու եկամուտներն ու ծախսերը, նուիրատուութիւններու մանրամասնութիւնները ինչպէս նաեւ մատակարարական խորհուրդները։

Ըստ Լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններուն, որոշ կազմակերպութիւններ որեւէ ծանուցում չեն ստացած եւ կառավարութեան կողմէ մեղադրուած են ներքին գործոց նախարարութեան վերահսկողութիւնը խոչընդոտելու մէջ։

Կը հաղորդուի որ Նիքարակուայի պետութեան կողմէ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ զանգուածային փակումը կը հետեւի երկրի Փոխ նախագահ Ռոզարիօ Մուրիլլոյի Պետութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու միջեւ նոր դաշինքներու մասին յայտարարութեան, ուր միջազգային կազմակերպութիւնները ներկայիս՝ ծրագիրները իրականացնելու համար պարտաւորուած են ներկայացնել նախագիծեր եւ համագործակցիլ պետական հաստատութիւններու հետ։

Նիքարակուայի մէջ վերացուած են նաեւ բացառութիւնները։ Փակուած են աւետարանական համայնքներու պատկան կազմակերպութիւններու մեծ մասը, կաթողիկէներուն շարքին փակուած է Կրանատայի թեմական Քարիթասը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2024, 10:13