«Ինչո՞ւ զԱստուած կը նախատէք» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Նախընթաց Յուլիս ամսուն Փարիզ քաղաքին մէջ կատարուեցաւ ողիմպիական խաղերու բացումը, որուն մասնակցեցան շատ մը երկիրներ եւ հազարաւոր մարզիկներ: Սոյն բացման հանդիսութեան այնպիսի պատկերներ եւ թատերական տեսարաններ ցուցադրուեցան, որոնք Ֆրանսայի՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ երեց դուստրին ժառանգութեան եւ մշակոյթին հակառակ էին: Ցուցադրուող խայտառակ երեւոյթներուն գագաթնակէտն էր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքին խեղաթիւրումը: Այս երեւոյթը մեծ զայրոյթ պատճառեց քրիստոնեայ եւ ոչ քրիստոնեայ աշխարհին մէջ, որովհետեւ ինչ որ յստակ էր, թէ ողիմպիականի բացման հանդիսութեան կազմակերպիչ յանձնախումբը քրիստոնէութեան հանդէպ ունեցած իր մաղձն ու ատելութիւնը ամբողջ աշխարհին առջեւ ցուցադրեց, կարծէք առաքինութիւն ըլլար զԱստուած մերժելը:
Ամերիկայի միացեալ նահանգներու նախկին նախագահ եւ յառաջիկայի ընտրութիւններու թեկնածու ՝ Տոնալտ Դրամբ, վերջերս մահափորձի մը ենթարկուեցաւ: Խօսելով այդ մասին հանրայայտ լրագրող դէպքը վերացրեց Աստուծոյ ըսելով՝ « աստուածային հրաշքով մը փրկուեցաւ Տոնալտ Դրամբ ստոյգ մահէ: Հակառակ բուռն հալածանքին քրիստոնէութեան եւ անոր արժէքներու հանդէպ, գնահատելի է տեսնել, որ տակաւին կան ոմանք որոնք չեն վախնար իրենց հաւատքը յայտնելու: Մարդկութիւնը ուզեց կրօնը մէկդի դնել եւ անոր փոխարէն գիտութիւնը ընդունիլ, որպէս բարոյական արժէք: Այս ընելով անոնք սուտով մը երեւան եկան, թէ աշխարհը աւելի իմաստուն պիտի ըլլայ ձերբազատուելով կրօնի «նախապաշարումներուն: Մարդիկ պիտի ապրին խաղաղութեան եւ համերաշխութեան մէջ ( ինչպէս ժամանակին երգեց Ճոն Լէնոն): Սակայն մեր ապրած իրականութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդութիւնը ոչ աւելի իմաստուն դարձաւ եւ ոչ ալ խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն տիրեց աշխարհի վրայ: Յստակ եղան անհաւատութեան պտուղները՝ կռիւներն ու պատերազմները բազմացան, անբարոյութիւն նոր «առաքինութիւնը» դարձաւ, մարդկային եւ ընտանեկան արժէքները բուլ եկան, մինչեւ որ տեղ մը հասանք, ուր մեր աչքերուն առաջ կը տեսնենք մարդկութեան քայքայումը:
Այս բոլորին դիմաց մեր՝ քրիստոնեաներուս հակազդեցութիւնը պէտք է ըլլայ աղօթք եւ համարձակութեամբ աւետարանել: Տեղ չկայ այլեւս «գաղջ» քրիստոնեաներու. որոնք իրենց մէկ ոտքը աշխարհին մէջ եւ միւս ոտքը եկեղեցւոյ մէջ կ'ապրին Հռոդոսի կոթողի նման ( Colosse de Rhodes ): Բոլոր անոնք, որոնք աշխարհիկ սկզբունքներու եւ քրիստոնէական պատուիրանները պահելու միջեւ կը ճօճին, երբ նման փոթորիկներու բարձրանան, իրենց տուները պիտի փլին:
Քրիստոս ըսաւ՝ « ով որ մարդոց առջեւ զիս կը դաւանի, ես ալ զանիկա պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է» (Մատթ.10:32): Բարձ պահենք Քրիստոսի դրօշը, որ մեր եւ մեր զաւակներու, այլեւ աշխարհի փրկութեան նշանն է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ